01 դեկտեմբեր 2015
«Մարմարա».- Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Թոփհանէի «Տեփօ» կոչուած ցուցասրահին մէջ պիտի բացուի «Անձամբ Կարգադրեցէք» կոչուած ցուցահանդէսը, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ օրակարգի պիտի բերէ այս նիւթին շուրջ պատմական ճշմարտութիւններ։
«Պապիլ» ընկերակցութեան կողմէ պատրաստուած սոյն ցուցահանդէսը ի մի պիտի բերէ պաշտօնական փաստաթուղթերէ առնուած տուեալներ Մեծ Եղեռնին մասին, որուն պաշտօնական անունը «տեղահանութիւն» է Թուրքիոյ մէջ։
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի այս օրերուն, փաստաթուղթերով պիտի քննարկուի, թէ որո՞նք էին Ցեղասպանութեան գլխաւոր դերակատարները, եւ թէ ատիկա ինչպիսի՞ միջավայրի մը մէջ, ինչպիսի՞ պայմաններով իրականացած էր։
«Անձամբ Կարգադրեցէք» կոչուած ցուցահանդէսին գլխաւոր նիւթերը կը կազմեն այդ օրերու ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի կողմէ օսմանեան նահանգներուն ուղարկուած հեռագիրներն ու փաստաթուղթերը։
Այս հեռագիրները ընտրուած են վարչապետարանի օսմանեան արխիւներէն, որոնց մէկ մասը ներկայիս բաց է հետազօտողներու առջեւ։ Ցուցահանդէսը պիտի բացուի վաղը:
http://www.horizonweekly.ca/