Իրանի Մէջ Սպաննուած Է «Պասիժ» Աշխարհազօրի Հրամանատարներէն Մէկը

Իրանի Մէջ Սպաննուած Է «Պասիժ» Աշխարհազօրի Հրամանատարներէն Մէկը

23 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

GÉNOCIDE ARMÉNIEN – LE DÉNI EST LE DERNIER ACTE D’UN GÉNOCIDE

Իրանի հարաւարեւելեան Խուզեստանի նահանգին մէջ 22 յունուարին սպաննուած է «Պասիժ» ժողովրդային աշխարհազօրի հրամանատարը: Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտնած է Երիտասարդ լրագրողներու ակումբ գործակալութիւնը:

Կը նշուի, որ զոհուածը Ապտուլհուսէյն Մոժտամին է, որ կը վարէր Շատեղանի շրջանի Տարհովին գաւառի «Պասիժ»-ի ղեկավարի պաշտօնը:

Զինուորականը անյայտ զինեալներու կողմէ առաւօտեան գնդակահարուած է իր տան մօտ: Տեղւոյն իշխանութիւնները պատահարէն քանի մը ժամ ետք յայտնած են յանցագործներու ձերբակալութեան մասին:

«Պասիժ» ժողովրդային աշխարհազօրը կամաւորներու կիսառազմական կազմակերպութիւն մըն է, որուն անդամները կը հսկեն օրէնքի եւ կրօնական արժեչափերու կատարման վրայ:

Աշխարհազօրը մաս կը կազմէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի կազմին: Ըստ մօտաւոր գնահատումներու, «Պասիժ»-ի անդամներուն թիւը կը հասնի 3-4 միլիոնի:

ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE

www.aztagdaily.com/archives/461934

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail