«Ընդդիմութիւնն Ու Իշխանութիւնը Պէտք Է Ըլլան Պետական Շինարարութեան Երկու Կողմերը» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

01 դեկտեմբեր 2015

Սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ ՀՅԴ-ի անդամները հանդիպեցան արթիկցիներուն հետ: ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ մինչեւ հիմա` նախագահական կամ կիսանախագահական կառավարման համակարգերուն մէջ, նախագահներու փոփոխութիւնը որեւէ դրական արդիւնք չէ տուած, հետեւաբար «ոչ»-ի կողմնակիցները կը ցանկան պահպանել այն անձնակեդրոն համակարգը, որ ունի գերլիազօրութիւններ: Սակայն փորձը ցոյց կու տայ, որ գերլիազօրութիւններ ունեցող համակարգը իշխանութիւնը կ՛օգտագործէ ոչ թէ ի շահ ժողովուրդին, այլ ի շահ իր շրջապատին, հետեւաբար, միայն անձերու խնդիրը չէ, այլ կայ համակարգի փոփոխութեան խնդիր:

«Երբ մէկ հոգի որոշում կու տայ տարբեր հարց է, այլ հարց կ՛ըլլայ` երբ երեք օղակները` օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմինները կու տան որոշում: Ուստի հրաժարելով նախագահական համակարգէն` տեղի կ՛ունենայ իշխանութեան ապակեդրոնացում», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ Հայաստանի այսօրուան պայմաններուն մէջ կարելի չէ մեծ հարստութիւն կուտակել` առանց իշխանութիւններու հովանաւորութեան: Իսկ եթէ իշխանութիւնները կը հովանաւորեն մէկը, եւ ան ձեռք կը ձգէ հարստութիւն, ուրեմն այդ հարստութիւնը պէտք է օգտագործէ յանուն այդ իշխանութեան պահպանման, ոչ թէ այդ իշխանութեան դէմ, որովհետեւ երբ ընդդիմանայ, հարստութիւնը ձեռքէն կը խլեն:

Սահմանադրական փոփոխութիւններով կը մեծնայ ընդդիմութեան դերը: Այսօր, ըստ Ռուստամեանի, ընդդիմութիւնը սեղմուած է պատին, որովհետեւ կարելիութիւն չունի լուրջ դերակատարութիւն ունենալու Ազգային ժողովին մէջ, ստիպուած իր գործունէութիւնը հրապարակներուն վրայ կը ծաւալէ:

«Ընդդիմութիւնն ու իշխանութիւնը պէտք է ըլլան պետական շինարարութեան երկու կողմերը, ինչպէս ինքնաթիռի երկու թեւերը. երկուքն ալ պարտաւոր են հսկայական աշխատանք իրականացնել ընտրութենէ ընտրութիւն ժամանակահատուածին ընթացքին: Ընդդիմութեան դաշտ պէտք է տրուի, ուր ան պէտք է կարենայ աշխատիլ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail