Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Բացակայութիւնը Մարտահրաւէր Է Հայաստանի Համար. Մնացականեան
23 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան յայտնեց, թէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բացակայութիւնը այսօր, լայն իմաստով, մարտահրաւէր է Հայաստանի համար:
Մնացականեան վերոնշեալ տեսակէտը յայտնեց Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցում-պատասխան նիստի ընթացքին՝ պատասխանելով «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Տարօն Սիմոնեանի այն դիտարկման, թէ միջազգային իրաւունքը կը պարտաւորեցնէ, որ Թուրքիա չխոչընդոտէ Հայաստանի մուտքը դէպի ծով:
«Սա չափազանց սուր հարց է մեր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ: ՄԱԿ-ի շրջանակներու մէջ գոյութիւն ունի յատուկ խումբ դէպի ծով ելք չունեցող երկիրներու, եւ մենք այդ շրջանակներու մէջ եւս կ՛աշխատինք: Յստակ ձեր բարձրացուցած հարցը կը վերաբերի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, եւ այդ յարաբերութիւններու բացակայութիւնը այսօր աւելի լայն իմաստով մարտահրաւէր է Հայաստանի համար, Հայաստանի անվտանգութեան համար: Մենք այս հարցը կը դիտարկենք, որպէս ազգային անվտանգութեան ամենասուր մարտահրաւէրներէն մէկը: Մեզի անհրաժեշտ է աւելի մանրամասն հաշուարկ, թէ ինչպէս մենք այս գործընթացը կը շարունակենք իրաւական դաշտիմէջ»,- յայտնեց նախարարը:
yerakouyn.com/2020/01/23/թուրքիոյ-հետ-յարաբերութիւններու-բաց/