Կոնդը Պիտի Ներկայանայ Մշակութային Ձեռնարկներով. Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ Դեսպանատուներու Նոր Ծրագիրը

Կոնդը - Երեւանի ամենահին թաղամասը

Կոնդը Պիտի Ներկայանայ Մշակութային Ձեռնարկներով. Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ Դեսպանատուներու Նոր Ծրագիրը

23 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Երեւանի ամենահին թաղամասերէն մէկը` Կոնդը, պիտի ներկայանայ մշակութային բազմապիսի ձեռնարկներով: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատ՝ Գերմանիոյ դեսպանատան հետ համատեղ՝ պիտի իրականցնեն ծրագիր, որուն ծիրէն ներս մէկ ամիս շարունակ Կոնդի մէջ պիտի իրականացուին մշակութային տարբեր ձեռնարկներ: Նախատեսուած են երաժշտական ծրագիրներ, փողոցային արուեստի, ֆիլմերու ցուցադրութիւններ:

Նախաձեռնութեան նպատակն է արժեւորել Երեւանի ամենահին թաղամասի ճարտարապետութեան ժառանգութիւնը: Ծրագիրը պիտի իրականացուի ամրան, եւ պիտի տեւէ մէկ ամիս: Ձեռնարկներուն վերաբերեալ մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացուին աւելի ուշ:

Նշենք, որ Կոնդը հին թաղամաս է Երեւանի արեւելեան բարձրադիր մասին վրայ: Կը գտնուի ժամանակակից Կեդրոն վարչական շրջանի սահմաններուն մէջ: Անուանումը տրուած է իր բարձր դիրքին պատճառով: Կոնդի տարածքին մէջ կը գտնուի սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին:

Կոնդը – Երեւանի ամենահին թաղամասը
Կոնդը – Երեւանի ամենահին թաղամասը

yerakouyn.com/2020/01/23/կոնդը-պիտի-ներկայանայ-մշակութային-ձե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail