Ժապհաթ Նուսրան Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիին Մէջ Յարձակում Կը Գործէ Սուրիական Բանակին Դէմ
24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»»
Սուրիական բանակը Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ բախում ունեցաւ զինեալ խմբաւորումներու հետ, որոնք յարձակում գործեցին Մաարաթ Նուհման շրջանին մէջ ազատագրուած գիւղական շրջանին մէջ տեղակայուած բանակի դիրքերուն դէմ: Ռուսական հաշտութեան կեդրոնը յայտարարեց, որ բախումներուն պատճառով սպաննուած են 40 սուրիացի զինուորներ, իսկ վիրաւորուած` 80 ուրիշներ:
ՍԱՆԱ իր կարգին նշեց, որ Ժապհաթ Նուսրան երէկ արշալոյսին յարձակում շղթայազերծած է` օգտագործելով տարբեր տեսակի զէնքեր, ինչպէս նաեւ ականուած ինքնաշարժներ եւ յաջողած է ներթափանցել Թահ-Ապու Հարիֆ-Սամքա ուղղութեան վրայ գտնուող սուրիական բանակի կարգ մը կէտեր:
Ռուսական հաշտութեան կեդրոնը նշեց, որ սուրիական բանակի` «ապօրինի զինեալ խմբաւորումներուն հակադարձելու ընթացքին սպաննուեցան շուրջ 50 զինեալներ եւ 90 ուրիշներ վիրաւորուեցան»:
Սուրիական բանակը չորեքշաբթի օր ետ մղած էր Հալէպ քաղաքին մէջ իր դիրքերուն դէմ 50 զինեալներով եւ ծանր գնդացիրներ կրող չորս բեռնակառքերով յարձակում մը:
www.aztagdaily.com/archives/462139