«Լիպիոյ Մէջ Արտաքին Միջամտութիւնները Կը Վատթարացնեն Կացութիւնը» Կ՛ըսէ Ժուպէյր
24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին- Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ»»»
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր դատապարտեց Լիպիոյ մէջ արտաքին միջամտութիւնները` նշելով. «Վտանգաւոր է, որ Լիպիոյ մէջ գոյութիւն ունին արտաքին միջամտութիւններ: Անոնք կացութիւնը կը վատթարացնեն»:
Սէուտական դիւանագիտութեան պետը Տաւոսի մէջ իրաքցի պաշտօնատարներու հետ կլոր սեղանի մը ընթացքին յայտնեց. «Արաբական ու միջազգային երկիրներու հետ Լիպիոյ կացութեան վրայ աշխատանք կը տարուի»:
Խօսելով Ծոցի շրջանին մասին` Ժուպէյր ըսաւ. «Սէուտական Արաբիա շրջանին մէջ մագլցում չ՛ուզեր: ԱՐԱՄՔՕ-ի դէմ յարձակումին շուրջ տակաւին հետաքննութիւն կը կատարենք»:
Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս իր կարգին Տաւոսի մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտարարեց. «Եւրոպական Միութիւնը Լիպիոյ մէջ ընթացող տագնապի քաղաքական լուծումին համաձայն պիտի չգտնուի, եթէ Թուրքիան ու Լիպիան չհրաժարին ծովային սահմանագծման համաձայնութենէն, զոր ստորագրեցին նոյեմբեր 2019-ին»:
«Բոլորը գիտեն, թէ այս համաձայնութիւնը կնքուեցաւ Ֆայեզ Սարաժի կառավարութեան թրքական աջակցութեան դիմաց, աւելի՛ն` ատիկա համաձայնութիւն մըն է, որ Լիպիոյ խորհրդարանին կողմէ չէ վաւերացուած», նշեց Յունաստանի նախագահը:
www.aztagdaily.com/archives/462140