Աքար. «Կը Դատապարտենք Եգէականին Մէջ Յունական Ուժերու Կուտակումը»

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար

Աքար. «Կը Դատապարտենք Եգէականին Մէջ Յունական Ուժերու Կուտակումը»

24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»»

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար դատապարտեց Եգէականի 16 կղզիներու վրայ յունական «զինուորական կուտակումը»` զայն նկատելով «միջազգային օրէնքներուն հակասող»: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Աքար յայտնեց, որ ինք Աթէնքին կոչ ուղղած է միջազգային օրէնքին, ստորագրուած համաձայնութիւններուն եւ բարի դրացնութեան յարաբերութիւններուն համահունչ վարուելու:

Ան նշեց, որ Թուրքիան «միջազգային օրէնքին ու երկիրներու հողային ամբողջականութեան յարգման ծիրին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին կողքին» պիտի շարունակէ Եգէականի, արեւելեան Միջերկրականի եւ Լիպիոյ մէջ իր գործունէութիւնը:

Աքար մերժեց «որեւէ ձեւով» Թուրքիոյ իրաւունքներուն ոտնահարումը, «եւ այս կեցուածքը կը հաստատենք առնչակից բոլոր կողմերուն»:

genocide erzeroum 1895

www.aztagdaily.com/archives/462141

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail