ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ – «Հայերէնը Օտար Լեզու Չէ, Որ Յետոյ Սորվինք»

Սեւան Տէյիրմէնճեան ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ՝ ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ – «Հայերէնը Օտար Լեզու Չէ, Որ Յետոյ Սորվինք»

24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄՇԱԿՈՅԹ:

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութիւնը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն 2008 տարեթիւը հռչակած էր «Լեզուներու միջազգային տարի»: Նոյն թուականի 18 փետրուարին հրատարակեց վտանգուած լեզուներու քարտէս մը: Կը պարզուէր, որ ցարդ խօսուած 6 հազար 700 լեզուներէն 2 հազար 400-ը կորսուելու վտանգի հետ դէմ յանդիման են: Այդ լեզուներէն 18 հատը կը խօսուէր Թուրքիոյ տարածքին, որոնցմէ մէկն էր նաեւ արեւմտահայերէնը: Արեւմտահայերէն խօսողներու նուազումը թրքահայութեան գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկն է: Սակայն, վերջերս, յատկապէս հայ երիտասարդներու մէջ, մայրենի լեզուի նկատմամբ հետաքրքրութեան աճը նոր յոյսեր կը թելադրէ: 21 փետրուար Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրուան առիթով արեւմտահայերէնի թրքահայոց համար նշանակած կարեւորութեան շուրջ զրուցեցինք «Ժամանակ» թերթի խմբագիր եւ Մխիթարեան վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ, լեզուաբան, Սեւան Տէյիրմենճեանին հետ:

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ.- Արեւմտահայերէնի վտանգուած լեզուներու ցանկին մէջ յայտնուելէն ետք այստեղ եւ սփիւռքի տարածքին ի՞նչ աշխատութիւններ կը տարուին:

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ.- Սփիւռքի մէջ աչքառու են «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին ջանքերը: Բազմաթիւ ժողովներ գումարուեցան, որոնցմէ վերջին երկուքին ես ալ մասնակցեցայ: Կը տեսնենք, որ հայերը բոլոր երկիրներու մէջ նման հարցեր եւ մտահոգութիւններ կը բաժնեն: Ուրեմն ոչ ոք առանձին է, եւ այս աշխատութիւնները համագործակցութեան ոգի կը ստեղծեն: Նման աշխատութիւնները պէտք է Պոլսոյ մէջ ալ կատարուին: Խնդիրը միայն դպրոցներով սահմանուած չէ, հասարակութեան տարբեր շերտերն ալ նման հոգեր կը բաժնեն:

Վ. Է.- Իրա՞ւ է, որ արեւմտահայերէնը իսկապէս վտանգուած է:

Ս. Տ.- Վերջերս զանազան աշխատութիւններ, ժողովներ եւ շարժումներ եղան, որոնց առանցքը արեւմտահայերէնն էր: Այս աշխուժութիւնը փաստացի ապացոյց մըն է նիւթին շուրջ գոյացած մտահոգութեան: Այդ մտահոգութիւնն ալ կ՛ապացուցէ վտանգի առկայութիւնը: Կ՛ընդունինք, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հաստատումն ալ գիտական տուեալ մըն է:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Վ. Է.- Թուրքիայէն դիտելով` ի՞նչ է այս վտանգին ծաւալը:

Ս. Տ.- Թրքահայոց համար հայերէնի առօրեայ կեանքին մէջ գործածութիւնը հարցական է: Դպրոցներէ ներս անգամ աշակերտները միայն դասապահերուն հայերէն կը խօսին, եւ դպրոցէ դուրս կ՛իշխէ տեղական լեզուն: Նշեմ, որ հայերէնը սովորելիք լեզու մը նկատելով` արդէն դուրս հանած կ՛ըլլանք անմիջական եւ գործածուող լեզու մը ըլլալէ: Երեխան կ՛անդրադառնայ, որ հայերէնը սորվելիք լեզու մըն է, բայց այդ ուսումը կեանքին մէջ բնաւ շահեկան չէ: Այս ընկալումին մէջ մենք ալ բաժին ունինք: Հետեւեալ կերպով ալ կրնանք խորհիլ. բոլոր թրքախօսները տեղեա՞կ են Սապահատտին Ալիի գրականութեան: Մարդը 500 կամ 1000 բառերով կը տիրապետէ լեզուին: Մենք աւելին կը սպասենք, կը սպասենք, որ հայերէն խօսողը կարդայ նաեւ Գրիգոր Զոհրապի գրականութիւնը: Ո՛չ, երեխան պէտք է հայերէնը խինդ ու խաղով, ապրելով խօսի:

Վ. Է.- Թրքահայոց համար հայերէնը ե՞րբ ոչ գործածելի, այլ սովորելի լեզուի մը վերածուեցաւ:

Ս. Տ.- Այս խնդիրը առնչուած է նաեւ թրքերէնի զարգացումով: Մինչեւ որոշ ժամանակ մրցակցելու կարողութիւն ունէինք, բայց երբ Թուրքիոյ մէջ մշակոյթի մակարդակը մեր մրցակցութեան կարողութենէն վեր մնաց, մենք ալ հետեւաբար նահանջեցինք: Շատ ցաւալի է «հայերէնը ինչի՞ կը ծառայէ» հարցումը լսել: Մենք հայերէնը ազգային ինքնութեան փոխանցման համար միջոց մը ըլլալով կը տեսնենք: Միւս կողմէ` Թուրքիոյ մէջ հայերէն սորվելու մարմաջ ունեցող զանգուած մըն ալ կայ: Հայերէնը Թուրքիոյ պատմութիւնը ընկալելու համար շատ կարեւոր լեզու մըն է: Մենք ի ծնէ հայախօս ըլլալով` բախտաւորութիւն մը կ՛ապրինք: Հայերէնի իմացութիւնը գրականութեան կամ պատմաբանութեան նման գիտելիքներու համար անգլերէնի իմացութենէ շատ աւելի կարեւոր յատկութիւն մըն է:

Վ. Է.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք պոլսահայոց հայերէնի կարեւորութեան մասին գիտակցութիւնը:

Ս. Տ.- Անպէտք համարող շատեր կան, ինչ կրնամ ըսել, իրենց սխալն է: Շատ անգամ ծնողներ իրենց զաւակները համալսարան կը մղեն յատկապէս ալ բժշկական գիտութիւններու եւ ճարտարագիտութեան ուսման ցանկութեամբ: Ինչ որ շատ է, անարժէք է: Անթիւ, անհամար բժիշկներ, ճարտարագէտներ կամ տնտեսագէտներ ունինք: Իսկ ինչ որ քիչ է, արժէքաւոր է: Մենք արդէն տէր ենք այդ քիչ գտնուածին: Երիտասարդներ թող շրջահայեաց ըլլան եւ տեսնեն, թէ հայերէն գիտնալով` ինչե՜ր ընել կարելի է: Անշուշտ դպրոցներն ալ այս մասին պէտք է գիտակցութիւն գոյացնեն:

Վ. Է.- Իսկ ի՞նչ է նախակրթարանի ուսման հայերէնի իմացութեան համար կարեւորութիւնը:

Ս. Տ.- Ես ծնողքիս հետ միշտ հայերէն խօսեցայ: Բանակի ծառայութեան ժամանակ դժուարացայ, քանի որ պարտաւոր էի թրքերէն խօսելու: Կը նախընտրէի չխօսիլ: Նման վարժութիւն մը պէտք է հաստատել ընկերային միջավայրին մէջ, որուն համար կը կարեւորեմ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդական վարժարանի ուսումը: Մեր խնդիրը մանկապարտէզէ, նախակրթարանէ աւելի` երկրորդական վարժարանի մէջ կը շեշտուի: Տղան այդ դասարաններուն է, որ կը հրաժարի հայախօսութենէ: Այդ փուլին յանկարծ հայերէնը կը սկսի անբաւարար թուիլ: Անշուշտ, որ սխալ համոզում մըն է, որուն ետին կայ հայերէնը դպրոցին մէջ սորված ըլլալու իրողութիւնը: Մինչդեռ հայերէնը միայն դպրոցի լեզուն չէ, այլ` փողոցի լեզուն, սիրոյ լեզուն: Աշակերտներ այս իրողութեան համապատասխան փորձը չունենալով` ակամայ կը հեռանան հայերէնէն:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Վ. Է.- Այս իրավիճակը ինչպէ՞ս կը բարելաւուի:

Ս. Տ.- Պէտք է խուսափիլ խրատելէ եւ նախընտրել խրախուսելու ճամբան: Քաջալերելու ենք երիտասարդները հայախօսութեան եւ հայերէն գրելու համար: Շատ անգամ անոնք կրնան ինքնավստահութեան պակաս ունենալ: Մենք յօժարելու ենք սխալները մէկ առ մէկ սրբագրելու, բաւ է, որ անոնք գրեն:

Սփիւռքի համար նշանակութիւնը տարբեր կրնայ ըլլալ, բայց Թուրքիոյ համար հայերէնը դիմադրութեան միջոց մըն է նաեւ: Երբ շրջապատուած ես ազգայնական ճնշումի մը մէջ, հայախօսութիւնը, հայավարի ապրումը ինքնին դիմադրութիւն են: «Կեզի» զբօսայգիի դէպքերուն կամ «Քամփ Արմէն»-ի դիմադրութեան օրերուն երիտասարդները հայերէն վերտառութիւններ պատրաստեցին: Քուրթուլուշի փողոցները շրջելով` կը հանդիպիք հայերէնով պատի գրութիւններու: Այս օրինակները կ՛ապացուցեն, որ Թուրքիոյ մէջ հայերէնի նկատմամբ գիտակցութիւն մը, կենսունակութիւն մը կայ: Շուրջբոլորս հայերէն խօսելու ջանացող երիտասարդներ կը տեսնեմ: Այս երեւոյթը կը յուսադրէ զիս: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ մենք անցեալը քիչ մը չափազանց կ՛արժեւորենք: Կ՛անտեսենք, որ անցեալին ալ կարգ մը քաղաքներու հայ բնակիչներ նախընտրած են թրքախօս ըլլալ: Միւս կողմէ` հայերէնի վերատիրապետելով` շատ հարուստ մշակոյթի թափանցած պիտի ըլլանք: Միայն այս գործօնը անգամ բաւարար է, որ հայերէն սորվինք եւ գործածենք:

Վ. Է.- Ինչպէ՞ս պէտք է խրախուսել թուրքիացի հայերը, որպէսզի հայերէնով արտադրեն:

Ս. Տ.- Արտադրութիւնը երկրորդ փուլն է: Նախ հայը պէտք է հայերէնով ապրի: Պատմութեան մէջ կը տեսնենք բազմաթիւ գրողներ, որոնք գրականութիւն մուտք գործած են տեղական լեզուով: Օրինակի համար, Ռոպեր Հատտէճեան նախ թրքերէն, ապա հայերէն գրած է: Շատ կարեւոր վիպագիր մը ըլլալով` ծանօթ Կոստան Զարեան իր գործերը նախ իտալերէն եւ ֆրանսերէնով գրած, ապա գրիչը ուղղած է դէպի հայերէն: Կարգ մը թուրք հայ հեղինակներու լեզուն շատ պարզ է: Զաւէն Պիպէռեան, Կարպիս Ճանճիկեան կամ Զահրատի նման շատ կարեւոր գրողներ հայերէնը խիստ մատչելի գործածած են: Երիտասարդներ այս օրինակներուն հետեւելով` կրնան արտադրութիւն ալ փորձել:

estukyan@gmail.com

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

www.aztagdaily.com/archives/462049

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail