Լաւրով. «Սուրիան Վերականգնած Է Թուրքիոյ Եւ Իրաքի Հետ Սահմանի Մեծ Մասին Վրայ Վերահսկողութիւնը»

Լաւրով. «Սուրիան Վերականգնած Է Թուրքիոյ Եւ Իրաքի Հետ Սահմանի Մեծ Մասին Վրայ Վերահսկողութիւնը»

25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE

Սուրիական բանակը վերականգնած է Թուրքիոյ եւ Իրաքի հետ սահմանի մեծ մասին վրայ վերահսկողութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Իրավիճակը կը բարելաւուի: Տարածքը, որ կը վերահսկեն ահաբեկիչները, կը շարունակեն կրճատուիլ: Եւ, ի հարկէ, կը շարունակէ ահաբեկչական խմբաւորումներու մնացորդներու վերացման աշխատանքը թէ՛ Իտլիպի գօտիին մէջ, թէ՛ ալ երկրի հիւսիս-արեւելքին մէջ», ըսած է ան ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցերով յատուկ պատուիրակ Կիր Փեթերսոնի հետ բանակցութիւններէն առաջ:

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

www.aztagdaily.com/archives/462310

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail