Պաղտատի Մէջ Ամերիկեան Ուժերու Երկրէն Հեռացումը Պահանջող Միլիոնաւորներու Ցոյց. «Ամերիկան Բռնագրաւող Պետութիւն Մը Պիտի Նկատուի

Պաղտատի Մէջ Ամերիկեան Ուժերու Երկրէն Հեռացումը Պահանջող Միլիոնաւորներու Ցոյց. «Ամերիկան Բռնագրաւող Պետութիւն Մը Պիտի Նկատուի, Եթէ Մերժէ Իրաքէն Հեռանալ» Կ՛ըսէ Սատըր

25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Un charnier de victimes arméniennes du génocide dans le village de Sheyxalan (Turquie), en 1915. (ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM / AFP)

Իրաքեան ընկերութեան տարբեր շերտերուն պատկանող միլիոնաւոր իրաքցիներ երէկ տարբեր նահանգներէ եկան մայրաքաղաք Պաղտատ` ամերիկեան ուժերու երկրէն հեռացումը պահանջող ցոյց կատարելու համար:

Ցուցարարները բարձրացուցած էին իրաքեան դրօշներ եւ պատանքներ հագուած:

Սատըրական հոսանքի ղեկավար սէյիտ Մուքթատա Սատըր երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ամերիկան բռնագրաւող ու ներխուժող երկիր պիտի նկատուի, եթէ մերժէ Իրաքէն հեռանալ»:

«Եթէ ամերիկեան ուժերը չհեռանան, ապա գոյութիւն ունին այլ քայլեր, ինչպէս` իրաքեան հողերուն վրայ բոլոր ամերիկեան ռազմակայանները փակելը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մեզ հետաքրքրող միակ բանը Իրաքի գերիշխանութիւնն է, եւ ատիկա կ՛իրագործուի անոր հողերուն վրայ գտնուող բոլոր օտար ուժերուն հեռացումով»:

Սատըր շեշտեց, որ իրաքեան կառավարութիւնը դրացի երկիրներուն հետ պէտք է կնքէ ոտնձգութեան բացառման համաձայնութիւններ, որոնք հիմնուած ըլլան գերիշխանութեան փոխադարձ յարգանքի վրայ, ինչպէս նաեւ բոլոր պաշտօնական ու ոչ պաշտօնական կողմերուն հաղորդակցութիւնները «պետութեան պաշտօնական խողովակներուն եւ նախապէս կնքուած համաձայնութիւններուն միջոցով կատարման վրայ»:

«Քայլերէն մէկն ալ իրաքեան օդային տարածքը բռնագրաւողին զինուորական ու տեղեկահաւաքի օդանաւներուն առջեւ փակելն է եւ ջնջելը բռնագրաւողին հետ բոլոր ապահովական համաձայնութիւններուն` անոնց մէջ միջազգային հաւասարակշռութեան բացակայութեան պատճառով, որովհետեւ կնքուեցան բռնագրաւումի պայմաններուն տակ», ըսաւ շիի ղեկավարը:

Ան ըսաւ, որ Թրամփ Իրաքի վերաբերեալ իր որոշումներուն ու խօսքերուն մէջ մեծամտութիւն պէտք չէ կատարէ, «այլապէս իրեն հետ նոյն ձեւով կը վարուինք»:

genocide erzeroum 1895

www.aztagdaily.com/archives/462309

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail