Թրամփ Մտադիր Է Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան Ծրագիրը Հրապարակել 28 Յունուարին Նեթանիահուի Ուաշինկթըն Այցելութենէն Առաջ

For all his life, the weak remain weak like sheep

Թրամփ Մտադիր Է Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան Ծրագիրը Հրապարակել 28 Յունուարին Նեթանիահուի Ուաշինկթըն Այցելութենէն Առաջ

25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Un charnier de victimes arméniennes du génocide dans le village de Sheyxalan (Turquie), en 1915. (ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM / AFP)

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ մտադիր է Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ծրագիրը հրապարակել մինչեւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` 28 յունուարին նախատեսուած Ուաշինկթըն այցելութիւնը:

«Հաւանական է, որ մենք զայն հրապարակենք որոշ ժամանակ առաջ», ընդգծած է Թրամփ եւ վստահութիւն յայտնած, որ նշեալ ծրագիրը պիտի գործէ:

Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնած է նաեւ, որ ինք արդէն այդ մասին խօսակցութիւն ունեցած է Պաղեստինեան իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ: «Մենք կարճատեւ խօսած ենք անոնց հետ, սակայն անոնց հետ պիտի խօսինք որոշ ժամանակ ետք: Անոնք ալ ատիկա ընելու շատ պատճառներ պիտի ունենան: Ես համոզուած եմ, որ նախ բացասաբար պիտի արձագանգեն, սակայն իրականութեան մէջ ատիկա իրենց համար շատ դրական է», աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Սպիտակ տունը նախապէս յայտնած էր, որ Թրամփ Սպիտակ տուն հրաւիրած է Իսրայէլի գործող վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ ընդդիմութեան ղեկավար Պենի Կանցը` քննարկելու համար Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ամերիկեան ծրագիրը` «Դարու գործարք»-ը:

Նեթանիահու յայտարարեց, որ «ուրախութեամբ կ՛ընդունի խաղաղութեան ծրագիրի քննարկման համար» Ուաշինկթըն այցելելու Թրամփի հրաւէրը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ «Դարու գործարք»-ը կը բովանդակէ իսրայէլեան աջին բոլոր երազները, եւ ատոր յայտարարութիւնը զգայացունց զարգացում մըն է, որ պիտի փոխէ Իսրայէլի մէջ յառաջիկայ ընտրութիւնները»:

Իսրայէլեան լաւատեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած են, որ «Դարու գործարք»-ի կէտերն են «սահմաններուն վրայ պաղեստինեան վերահսկողութիւն երբեք գոյութիւն չունենալը, Երուսաղէմի վրայ իսրայէլեան ամբողջական վերահսկողութիւն` պաղեստինեան խորհրդանշական ներկայացուցչութեամբ, Յորդանանի հովիտին վրայ իսրայէլեան ամբողջական վերահսկողութիւն եւ շրջանին վրայ իսրայէլեան գերիշխանութիւն, իսրայէլեան ապահովական բոլոր պահանջներուն համաձայնութիւն, Նեկեւի մէջ պաղեստինցիներուն փոքր փոխհատուցում, պաղեստինցի տեղահանուածներու հատուցման բացառում, խորհրդանշական թիւով տեղահանուածներու վերադարձ, շրջանին մէջ բաց տարածքներու վրայ իսրայէլեան գերիշխանութիւն»:

Այդ տեղեկութիւններու հրապարակումէն ետք Թրամփ յայտնեց. «Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան մեր տակաւին չհրապարակուած ծրագիրին վերաբերեալ շրջանառութեան մէջ դրուած զեկուցումները զուտ ենթադրութիւններ են»:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութիւնը զգուշացուց Միացեալ Նահանգները միջազգային օրինականութեան հակասող որեւէ քայլ կատարելէ:

genocide erzeroum 1895

www.aztagdaily.com/archives/462308

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail