Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Պետական մակարդակով ծրագրուած եւ անպատիժ մնացած ցեղասպանական մէկ արարք էր

Պաքու - Պետական մակարդակով ծրագրուած եւ անպատիժ մնացած ցեղասպանական մէկ արարք էր 13 յունուար 1990-ին

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Պետական մակարդակով ծրագրուած եւ անպատիժ մնացած ցեղասպանական մէկ արարք էր

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Յիշելով Պաքուի Հայ Զոհերը

25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE

Պետական մակարդակով ծրագրուած եւ անպատիժ մնացած ցեղասպանական մէկ արարք էր 13 յունուար 1990-ին, 30 տարի առաջ, Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդը:

Մարդասպանութեան եւ հայատեացութեան այս ոճը ծնունդ էր ոճրային տրամաբանութեան: Տրամաբանութիւն մը, որ կեանքի կը կոչուէր, որովհետեւ տուեալ երկրին ղեկավարութիւնը գիտակցական իր մակարդակով ի վիճակի չէր ընդունելու այլոց մարդկային ու ազգային նուազագոյն իրաւունքները, ի վիճակի չէր գոյակցութեան տրամաբանութեամբ քաղաքականութիւն վարելու: Այսպիսի ղեկավարութեան շահերէն կը բխէր ունենալ խաւարամիտ հասարակութիւն: Հասարակութիւն մը, որ ոչ միայն չի յանդգնիր դէմ դնելու իր ղեկավարութեան ոճրային արարքներուն, այլեւ անոր գործակատարը կը դառնայ` տարուելով անոր քարոզչամեքենային տրամաբանութեամբ եւ մեղսակից դառնալով պետութեան ցեղասպանական արարքներուն:

Ոճրային տրամաբանութեամբ երկիր ղեկավարող պետական գործիչներու մտքէն կը ծնի բարբարոսութեան ծրագրաւորումը: Կը ծնի ու կ’որոնէ տրամաբանութենէ զուրկ գործակատարներ` զիրենք դարձնելու ոճրագործներ ու կամակատարներ: Այս ոճիրներուն թափ տալու համար անոնք կը շահագրգռեն ոճրագործը` այլ ազգերու ունեցուածքը, տունն ու տեղը թալանելու, անոնց կալուածներուն տիրանալու իր ախորժակը սրելով: Այսպէս ալ անոնք կը յառաջացնեն ոճրագործներու եւ հրոսակներու խումբ մը, որ գազանաբար կը դիմէ այլ ազգի պատկանողներու սպանութեան, թալանին եւ կողոպուտին:

Պետական նման գործիչներ չընդունելով իրենց գործած ոճիրը` ակնյայտ կեղծիք կը տարածեն իրենց հասարակութեան եւ միջազգային հանրութեան շրջանակներուն մէջ:

Այս բոլորը լաւապէս ըմբռնած, բայց մանաւանդ դար մը առաջ Ազրպէյճանի մեծ եղբօր ծրագրաւորումով նոյնանման ցեղասպանութիւն ապրած ու հայրենազուրկ դարձած հայութիւնը 1990-ական թուականներուն ազատագրական պայքարով պիտի տիրանար իր իրաւունքներուն եւ ոչ միայն պիտի կասեցնէր, այլեւ պատասխան հարուածներով ետ պիտի մղէր գազանաբարոյ հրոսակները արցախեան հողերէն ու անոր սահմաններէն:

Ազատ ու անկախ Արցախը արդարութեան յաղթանակը պիտի ազդարարէր վերջապէս:

Այդուհանդերձ, յարձակողապաշտ նոյն դրացիին կողքը ապրելու ճակատագիրը կը կրէ արցախահայութիւնը: Ուստի, զինուորական յաղթանակներուն կողքին, Ազրպէյճանի հասարակական կարծիքին վրայ ազդելու միջոցները եւս մտահան պէտք չէ ընել` պարզելու անոր քաղաքական խաղերու զոհ ըլլալուն հանգամանքը, որպէսզի հայատեացութեան կեղծ քարոզչութեամբ չառաջնորդուի, այնպէս` ինչպէս կ’առաջնորդուէր թուրք ժողովուրդը, որմէ սակայն ծնունդ առին Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող մտաւորականներ ու քաղաքական գործիչներ:

Հայերուն նկատմամբ ատելութեան սերմանումն ու այդ տրամաբանութեամբ յանցագործութիւններ արդարացնելու պետական քաղաքականութիւնը թափանցած է Ազրպէյճանի հասարակութեան մէջ եւ կամակատարի վերածած է զայն: Սա նոյնքան վտանգաւոր է, որքան` զինուորական յարձակումը, որովհետեւ այս տրամաբանութեամբ կարելի չէ խաղաղութիւն հաստատել տարածաշրջանին մէջ:

Արցախի ու անոր ժողովուրդին պաշտպանը Արցախի հզօր բանակն է վստահաբար: Հայկական լրատուադաշտի բանակն ալ, սակայն, իր դերը կատարելու է` ոչ միայն միջազգային հանրութեան դիմաց պարզելու Ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնն ու ցեղասպանութիւն գործած ըլլալով անպատիժ մնացած ըլլալու հանգամանքը, այլ նաեւ Ազրպէյճանի հասարակութեան դիմաց, իր լեզուով պարզելու այս բոլորը եւ ժամանակի ընթացքին, ատելութենէ անդին, տրամաբանութենէ թելադրուող կարծիք ձեւաւորելու այդ հասարակութեան մէջ:

Ազրպէյճաներէն քարոզչական լծակներու օգտագործումը կրնայ գէթ մէկ օղակը հանդիսանալ նման նպատակներու իրականացման: Միջոցները չեն պակսիր տեղեկատուական բաց համակարգի ներկայ դարուն:

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք -ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

www.aztagdaily.com/archives/462193

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail