«Իսլամական Պետութիւն»-ը Թուրքիոյ Մէջ Ստրուկներու Վաճառքով Կը Զբաղի (տեսանիւթ)

02 դեկտեմբեր 2015

«Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը Թուրքիոյ մէջ կ՛իրականացնէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ առեւանգած կանանց վաճառքը: Այս մասին տեսանիւթ պատրաստած է գերմանական պետական ARD հեռուստաընկերութիւնը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ News.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Haberler-ը` գերմանական ARD-ի թղթակիցները նկարահանած են թէ ինչպէս «Իսլամական պետութեան ձեռքը գտնուող եզտիները գումարով կը գնեն եւ կը յանձնեն հարազատներուն:

Էպու Միթալ անունով մէկուն միջոցով եզիտի ընտանիքը դիմած է Թուրքիոյ մէջ գտնուող ԻՊ-ի ստրուկներու շուկայի բիւրոյ` գնելու 2-էն 4 տարեկան 3 երեխաներ, անոնց մայրն ու 11 տարեկան մէկ երեխան: Էպու Միթալը համացանցի միջոցով սակին համար բանակցութիւններ ըրած է ԻՊ-ի հետ եւ գինին հարցով պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելէ ետք մեկնած է Թուրքիոյ Այնթապ քաղաք եւ sms հաղորդագրութեամբ ստացած ԻՊ-ի բիւրոյի հասցէն եւ այն մարդուն անունը, որուն պէտք է փոխանցէ գումարը:

Էպու Միթալը իր վրայ ամրացուած գաղտնի տեսախցիկով գացած է ԻՊ-ի բիւրոյ, ուր ԻՊ-ի զինեալը դրամ հաշուելու ինքնաշխատ մեքենայով հաշուած է բերած գումարը:

Այնուհետեւ Էպու Միթալը մեկնած է Սուրիա եւ տեղաւորուած հիւրանոցի մէջ եւ սպասած է ԻՊ-ի sms հաղորդագրութեան: Որոշ ժամանակ անց Միթալին եկած է հաղորդագրութիւն, ուր կը նշուի գերիները ստանալու տեղն ու ժամը: Հանդիպման վայր մեկնած եզիտի ընտանիքին անդամները իրենց հարազատները տեսնելուն պէս ուրախութենէն երկար արտասուած են:

ARD-ի հետ զրոյցի ընթացքին Էպու Միթալը նշած է, թէ վերջին մէկ տարուան մէջ ինք ԻՊ-էն գնած է 250 եզիտի կին ու աղջիկ, որոնց համար վճարած է 2,5 միլիոն տոլար: Ան շեշտած է, թէ ԻՊ-ը եզիտի կիներն ու աղջիկները վաճառքի կը հանէ զանոնք թուագրելով` կից ներկայացնելով անոնց լուսանկարները:


ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail