Ատոմը իմ հայրենակիցն է, տեղափոխուեցաւ Հայաստան եւ արդէն աշխատանքի անցած է հայկական ընկերութեան մը մէջ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ - ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Ատոմը իմ հայրենակիցն է, տեղափոխուեցաւ Հայաստան եւ արդէն աշխատանքի անցած է հայկական ընկերութեան մը մէջ

25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Ատոմը (Adom Hergelian) իմ հայրենակիցն է, Այնճարէն։ Մէկ ամիս առաջ տեղափոխուեցաւ Հայաստան եւ արդէն աշխատանքի անցած է հայկական ընկերութեան մը մէջ, իբրեւ electromechanical engineer։ Համարձակ է եւ նախաձեռնող, ինչպէս բոլոր այնճարցիները, լաւատես է եւ «նետուող»…

Հայրենիքի մէջ հնարաւորութիւնները շատ են, կ՚ըսէ Ատոմ։ Երկիրը զարգացման ընթացքի մէջ է եւ լաւ մասնագէտներն ու նորարար, ստեղծագործ միտքերը կրնան յաջող ասպարէզ ունենալ։

Ատոմը արդէն չեմ գիտեր քանիերորդ այնճարցին է, որ հայրենիք տեղափոխուած է։

Այս երիտասարդները շատ բան կրնան տալ հայրենիքին, իրենց գիտելիքներով եւ փորձով։ Շատ բան կրնան նաեւ ստանալ հայրենիքէն, աւելի եւս ճոխացնելիվ իրենց փորձն ու պաշարը։ Սա եւս հարստանալ ու հարստացնել է։

Յաջողութիւն Ատոմին։ Իրապէս հաճելի էր տեսնել զինք եւ զրուցել իր հետ՝ մեր համայնական խնդիրներուն մասին։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail