Կրակելով Ռուսական Ռազմական Օդանաւին Վրայ`Էրտողանը Կրակը Ինկաւ

Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի www.TheCaliforniaCourier.com հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

02 դեկտեմբեր 2015

ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԶՐՈՅՑՆԵՐ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.

Տարբեր երկիրներու ղեկավարները տարիներ շարունակ կը շողոքորթէին Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանը` փորձելով զայն իրենց կողմը գրաւել: Անոնք այնքան փառաբանեցին Թուրքիոյ նախագահը, որ շռայլ գովեստները խելքահան ըրին զայն: Իբրեւ Նոր Օսմանեան կայսրութեան ինքնակոչ Մեծ սուլթան, Էրտողանը սկսաւ միջամտել հարեւան երկիրներու ներքին գործերուն եւ բանտարկել իր երկրի քաղաքացիները, որոնք համարձակէին յայտարարել, որ սուլթանը մերկ է…

Առաջին ղեկավարը, որ խաբուեցաւ Էրտողանի կողմէն` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատն էր, որուն անխոհեմ մեղրամիսը Թուրքիոյ հետ վերածուեցաւ անվերջ մղձաւանջի` կործանելով անոր երկիրը: Յաջորդ պետութեան ղեկավարը, որ Թուրքիոյ բռնակալին հետ նոյն ճանապարհով չգնաց` Եգիպտոսի նախագահ Ալ-Սիսին էր: Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանեահուն դեռ լիարժէք չէ իւրացուցած իր դասը` Թուրքիոյ հետ վարելով շփոթ յառաջացնող սիրոյ եւ ատելութեան յարաբերութիւններ: Էրտողանը գրեթէ յաջողեցաւ մոլորեցնել նաեւ Հայաստանի ղեկավարները Հայ-թրքական խաբուսիկ արձանագրութիւններով: Ճակատագրի հեգնանքով, Հայաստանի շահերը պաշտպանեց ոչ այլ ոք, քան Էրտողանի կրտսեր գործընկերը` Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ իր յամառ շահադիտական առարկութիւններով տապալեց գործարքը:

Վլատիմիր Փութինը ամենավերջին ղեկավարն էր, որ բացայայտեց Էրտողանի դիւային բնոյթը` ռազմական օդանաւն ու երկու ռուս օդաչուները կորսնցնելէն ետք, որոնք յարձակման ենթարկուեցան թուրքերու կողմէն Թուրքիոյ օդային տարածքը 17 վայրկեանով հատելու պատրուակով…

Այս ողբերգական միջադէպէն անմիջապէս ետք, Ռուսիոյ կառավարութիւնը ձեռնարկեց շարք մը հակադարձ միջոցներ, որոնք կրնան կործանարար ազդեցութիւն ունենալ Թուրքիոյ տնտեսութեան վրայ.

– Արգիլուեցաւ թրքական ապրանքներու ներմուծումը: Առեւտուրի ծաւալը երկիրներու միջեւ վիթխարի է. ան կը կազմէ տարեկան 33 միլիառ տոլար, ուստի Ռուսիան Թուրքիոյ երկրորդ խոշորագոյն առեւտրային գործընկերն է:

– Արգիլուեցաւ թուրք գործարարներու մուտքը Ռուսիա: Անցեալ շաբաթ անոնցմէ վաթսունը Մոսկուա ժամանելուն պէս ձերբակալեցին եւ ետ ուղարկեցին Թուրքիա:

– Դադրեցուեցաւ առանց վիզայի Թուրքիոյ քաղաքացիներու մուտքը Ռուսիա 2016 թ. Յունուար 1-էն:

– Արգիլուեցաւ նոր թուրք աշխատողներ վարձելը (ներկայիս 200 հազ թուրք իրենց ընտանիքներով կ’ապրին Ռուսիոյ մէջ) եւ չեղեալ համարուեցան բազմամիլիառանոց շինարարական պայմանագիրները թրքական ընկերութիւններու հետ:

– Հրահանգուեցաւ ռուսական ճամբորդական գործակալութիւններուն զբօսաշրջիկներ չուղարկել Թուրքիա` այդ երկիրը զրկելով միլիառաւոր տոլարներու եկամուտէն: Քանի որ միայն անցեալ տարի 4.5 մլն ռուս այցելած է Թուրքիա, ուստի Ռուսիան երկրորդ խոշորագոյն աղբիւրն է օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու թիւով:

– Աւելի բարձր մաքսատուրքեր սահմանուեցան Թուրքիայէն ներմուծուող եւ այնտեղ արտահանուող ապրանքներու վրայ:

– Քննարկման փուլին է երեք խոշոր ծրագիրներու չեղեալ համարելը.

1) Բնական կազի վաճառքը Թուրքիային. Ռուսիան կը բաւարարէ այդ երկրի կարիքներու կէսէն աւելին.

2) Թուրքիոյ աւելի քան 22 միլիառ տոլար արժողութեամբ առաջին հիւլէակայանի կառուցումը.

3) Ռուսասիայէն դէպի Թուրքիա ձգուող միլիառաւոր տոլարներու արժողութեամբ կազատարի կառուցումը:

Նախագահ Պութինի կողմէն նաեւ մի շարք մը ռազմական քայրեր ձեռնարկուեցան ռուսական օդանաւի պատահարի առնչութեամբ.

– Ընդլայնուեցաււ ռուսական ռազմական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ` ցամաքի, օդի եւ Միջերկրականի ծովափին:

– Ռմբակոծուեցան թրքամէտ ահաբեկչական խումբերը այն տարածքի մէջ, ուր խոցուած էր ռուսական կործանիչը եւ սպաննուած էին երկու ռուս օդաչուները:

– Ոչնչացուեցան հարիւրաւոր թրքական բեռնատարներ, որոնց մէկ մասը զէնք կը տեղափոխէին ապստամբներուն Սուրիոյ, իսկ միւսները մաքսանենգ ճանապարհով ԻՊ-էն քարիւղ կը բերէին դէպի Թուրքիա:

Ռուսիան մօտ ապագային կրնայ աւելցնել ռազմական միջոցներ ձեռնարկել Թուրքիոյ դէմ.

– Զինել քիւրտ զինեալները Իրաքի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ:

– Խոցել Սուրիոյ կամ Հայաստանի օդային տարածքները հատած թրքական օդանաւերը եւ ուղղաթիռները` նկատի առնելով նախապէս տեղի ունեցած նման խախտումները:

Դիւանագիտական ճակատին.

– Անցեալ շաբաթ Ռուսիոյ արտգործնախարար Սերգէյ Լաւրովը չեղեալ յայտարարեց իր նախապէս ծրագրուած այցը Թուրքիա:

– Պութինը հրաժարեցաւ Էրտողանի հետ հեռաձայնային զրոյցէն եւ մերժեց անոր հետ հանդիպման խնդրանքը Փարիզի մէջ իրենց այցելութեան ընթացքին:

– Ռուսիոյ նախագահը չեղեալ յայտարարեց իր ծրագրած հանդիպումը Էրտողանի հետ Ս. Պեթերզպուրկի մէջ Դեկտեմբեր 15-ի կայանալիք Գագաթաժողովին:

-Ռուսասիոյ Տումայի մէջ քննարկման ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը, որով կը նախատեսուի 300-500 հազ ռուպլիի չափով տուգանք կամ երեքէն հինգ տարի ժամկէտով ազատազրկում:

– Որոշ ռուս քաղաքագէտներ նոյնիսկ կոչ ըրին ազատագրել Արեւմտեան Հայաստանը թրքական բռնագրաւումէն եւ հաստատել ազատ Քիւրտիստան` Տիարբեքիր մայրաքաղաքով…

Կը թուի, որ նախագահ Պութինը հեշտութեամբ չի նահանջիր` ռուսական օդանաւի վրայ թրքական դաւաճանական յարձակումէն ետ: Ան պարտաւոր է աշխարհին ցոյց տալ, որ երբեք թոյլ չի տար որեւէ մէկը անպատիժ յարձակիլ ռուսերու վրայ: Պութինը թրքական գործողութիւնը բնութագրեց իբրեւ “հարուած թիկունքէն` ահաբեկիչներու մեղսակիցներու կողմէն եւ խստօրէն զգուշացուց “լուրջ հետեւանքներու մասին”:

Վերջապէս, այս անգամ մեծ պատառը մնաց Էրտողանի կոկորդին… Ան յիմարաբար առճակատման գնաց հիւլէական տէրութեան ղեկավարի հետ, որ վճռականօրէն տրամադրուած է լաւ դաս մը տալու ամբարտաւան թուրք նախագահին, որ դեռ երկար պիտի մնայ իր յիշողութեան մէջ:

Եթէ իսկապէս Էրտողանը յոյսեր կը փայփայէ, որ ՆԱԹՕ-ն պիտի պաշտպանէ իր արկածախնդրութիւնը, ապա չարաչար կը սխալի: Ան չի կրնար ռուսական օդանաւի խոցումը խեղաթիւրուած ներկայացնել իբրեւ յարձակում Թուրքիոյ վրայ, իսկ այնուհետեւ թաքնուիլ ՆԱԹՕ-ի փէշի տակ…

Ցաւօք, Թուրքիան լուրջ գլխացաւանք դարձած է ՆԱԹՕ-ի համար: Թուրքիոյ նախագահի անպատասխանատու պահուածքը քիչ մը տարածքային խախտման առիթով, կը սպառննէ ՆԱԹՕ-ի բոլոր անդամները ներքաշել աւելի մեծ հակամարտութեան մէջ:

ՆԱԹՕ-ն պէտք է լրջօրէն մտածէ, թէ որքան խոհեմ է անդամակացութիւնը ահաբեկչական երկրի մը, որը կրնայ դարձեալ լուրջ միջազգային միջադէպ հրահրել` յղի հեռուն գացող հետեւանքներով ամբողջ աշխարհի համար…

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail