ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ – Կիլիկիոյ Սիս Մայրաքաղաքի Աւանդութիւններն Ու Կրօնական Բարքերը
25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Համադրեց` ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
Անցեալին առիթը ունեցած եմ գրելու Սիսի, սիսեցիներու, Սիսի պատմական կաթողիկոսութեան, կաթողիկոսութեան Սիսէն Անթիլիաս փոխադրութեան եւ այլնի մասին: Այսօր պիտի անդրադառնանք սիսեցիներու ամուսնական զանազան աւանդութիւններուն, կրօնական սովորութիւններուն` օգտուելով «Յուշամատեան»-ի կայքէն, որոշ կրճատումներով:
Խօսքկապ
Խօսքկապ եւ հետագային` ամուսնութիւն, նաեւ տեղի կ՛ունենայ օրօրոցէն կամ մանկապատանեկան շրջանին, եւ այդ մէկը կը կոչուի թրքերէնով` «պէշշիկ քերթմէ», դժբախտաբար սիսեցիներ եւ Կիլիկիոյ կարգ մը ուրիշ քաղաքներու հայ բնակչութիւնը իրենց գաւառաբարբառը չեն ունեցած ու մնացած են թրքախօս:
Կ՛ըսուի, թէ «պէշշիք քերթմէ»-ն կը կնքուի դանակով օրօրոցին վրայ նշան մը դնելով: Այսպիսի կանուխ ամուսնութիւնները տեղի կ՛ունենան իրարու շատ մօտ, յաճախ ունեւոր եւ փոխադարձ յարգանք վայելող ընտանիքներուն միջեւ: Այդ օրէն ընտանիքները կը գտնուին խնամիական յարաբերութիւններու մէջ, նոյնպէս տղան եւ աղջիկը` ապագայ փեսացուն ու հարսնցուն: Սակայն համեմատած ուրիշ շրջաններու, այս մէկը հազուադէպ սովորութիւն եղած է, եւ այս ձեւը աստիճանաբար անհետացած է Սիսէն:
Ըստ աւանդութեան, աղջիկներուն համար ամուսնութեան յարմար տարիքը նկատի առնուած էր 15-ը, իսկ տղաներուն համար` 18-20-ը: Սիսեցի աղջիկները իրենց ծնողներուն կողմէ կը դաստիարակուէին բացառապէս որպէս տնային աշխատանքներու կին եւ ապագայ մայր: Մինչեւ ամուսնութիւնը անոնք կը թրծուէին տնային գործերու համար` լուացք, կար, խոհանոցային գործեր, կով կթել, խնոցել (կաթը ծեծել կարագ հանելու համար), ինչպէս նաեւ` մանուկները լոգցնել, օրօրել, լաթերով փաթթել եւ այլն: Աղջիկներուն արգիլուած էր առանց ծնողքին թոյլատուութեան տունէն դուրս ելլել, միայն տօնական եւ կիրակի օրերուն կրնային եկեղեցի երթալ` մասնակցելու եկեղեցական արարողութիւններուն: Այդ արարողութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունէին յատկապէս երիտասարդներուն համար. գեղեցիկ, տօնական հագուստներով զարդարուած երիտասարդ աղջիկներ եւ տղաք կը հաւաքուէին եկեղեցիին բակը, ինչ որ առիթ կու տար իրար տեսնելու ու ծանօթանալու, սակայն ամուսնութեան վերաբերեալ բոլոր բանակցութիւնները պէտք էր վարէին անոնց ծնողները:
Ամուսնութիւնները իրականացնելու մէջ մեծ դեր ունէին նաեւ միջնորդ կիները, որոնք սովորաբար փորձառու եւ ճարտասան կիներ կ՛ըլլային, անոնք կ՛այցելէին հարսնցուին տունը եւ բանակցութիւններ կը վարէին անոր ծնողներուն հետ: Ապա փեսացուին ծնողներուն հետ կ՛այցելէին հարսնցուին տունը եւ կը ծանօթանային աղջկան շարժուձեւերուն, գործելակերպին ու բարեկրթութեան, որպէսզի հասկնային թէ արդեօք աղջիկը կը համապատասխանէ՞ր իրենց ընտանիքին, թէ՞ ոչ: Սովորութիւն կար, որ աղջկան ծնողները անմիջապէս չհամաձայնէին, խօսքկապի համար եկած հիւրերը հարկադրուած քանի մը անգամ կրկնէին իրենց այցելութիւնները: Առնուազն երեք անգամ կը կրկնէին այցելութիւնները, այն ալ` քահանայի ու ազդեցիկ մարդոց մասնակցութեամբ, մինչեւ որ աղջկան ծնողները համաձայնութիւն տային: Երբ հիւրերուն սուրճը կը հրամցուէր առանց շաքարի, ապա այդ կը նշանակէր մերժում, իսկ անուշ սուրճի պարագային` համաձայնութիւն: Հիւրերը մինչեւ վերջնական խօսքը չլսէին, սուրճը չէին վերջացներ: Համաձայնութեան պարագային, սուրճը կը հրամցուէր հարսնցուին ձեռքով:
Նշանտուք
Խօսքկապին կը յաջորդէ նշանտուքը, որ սովորաբար տեղի կ՛ունենայ կիրակի երեկոներուն: Փեսացուին ընտանիքին կողմէ կը պատրաստուի օշարակ, եւ երկու կողմերուն ազգականներն ու բարեկամները կը հաւաքուին նշանտուքի արարողութեան, շատ մը պարագաներուն, նշանտուքը տեղի կ՛ունենայ աղջկան տունը, օշարակով կը հիւրասիրեն ներկայ շնորհաւորողները եւ յաջորդ օրը օշարակ կը ղրկեն չմասնակցողներուն:
Մինչեւ 1900-ական թուականները հարսնցուն ու փեսացուն իրաւունք չունէին ներկայ գտնուելու նշանի օրհնութեան, սակայն 1900-ականներէն ետք զոյգը կը նստեցնէին տան մէջտեղը, իսկ ծնողներն ու հարազատները` անոնց շուրջ: Քահանան ստանալով երկու կողմերուն համաձայնութիւնը` կը կատարէ օրհնութիւնը ու իր ձեռքով կը կատարէ մատանիներուն փոխանակումը: Սակայն 1900-ականներու առաջին տասնամեակի վերջաւորութեան, սովորութիւնը փոխուելով, հարսնցուն ու փեսացուն իրենց «Այո»-ն ըսելէ ետք սկսած են փոխանակելու մատանիները: Մատանիներու փոխանակման արարողութեան կը յաջորդէ քահանային օրհնութիւնն ու աղօթքը: Շնորհաւորանքներու ընթացքին նաեւ կը հրամցուի օշարակը, ու այս առիթով փեսացուին ծնողները նուէրներ կու տան քահանային, ժամկոչին եւ ազգային հաստատութիւններուն:
Փեսացուին տունը կը սկսին երգն ու պարը, խրախճանքն ու գինարբուքը: Այս ուրախ առիթով փեսացուն հարսնցուին կը նուիրէ արծաթեայ կամ ոսկեայ ապարանջան, ինչպէս նաեւ` ոսկի մատանի, օղ, ոսկեդրամ, կօշիկ եւ գուլպայ, իսկ հարսնցուին ծնողները փեսային կը նուիրեն ոսկի մատանի եւ ժամացոյց:
Նշանտուքէն ետք տեղի կ՛ունենան շնորհաւորական այցելութիւններ: Տօնական օրերուն խնամիները զիրար կը հրաւիրեն հիւրասիրութիւններու եւ ընթրիքի: Կեսուրը, կեսրայրը եւ մօտ ազգականները նուէրներով կը հիւրընկալուին հարսնցուին կողմէ, իր կարգին հարսնցուն պարտաւոր է մէկիկ-մէկիկ անոնց ձեռքերը համբուրել: Ամէնէն յատկանշականը այն է, որ ներկաները, հետեւելով փեսացուին ծնողներու օրինակին, փոխառութիւններ կ՛ընէին, իսկ փեսացուները կը վերադարձնէին մասնակցելով` այդ գումարները նուիրողներու հարսանիքին: Նշանտուքի արարողութենէն սկսեալ, նշանուած հարսնցուին արգիլուած է խօսիլ փեսային ու անոր ազգականներուն հետ, իսկ հարսնցուն ու փեսացուն, նոյնիսկ երկար ժամանակ նշանուած ըլլալով, իրարու հետ հանդիպելու կամ այցելելու հնարաւորութիւն չունէին: Այս կը համարուէր առաքինի քայլ:
Հարսանիք Եւ Պսակ
Հարսանեկան արարողութիւնները կը սկսին հարսնցուի հագուստը ձեւելու արարողութիւններով: Մինչեւ որ զանազան նուէրներով չգոհանայ, դերձակը չի սկսիր իր գործը` անընդհատ կրկնելով, թէ` «մկրատը չի կտրեր»: Հագուստի իւրաքանչիւր մասը ձեւելէն ետք կը սկսին բարձրաձայն բարեմաղթանքներ: Մօտիկ հարազատները երթալով հարսնցուին տունը` իրենց հետ կը տանին շուշմայի իւղով պատրաստուած հրուշակ, բերուած անուշեղէններէն հարսնցուն իրաւունք չունի համտեսելու, քանի որ, ըստ աւանդութեան, այդպիսով կը խուսափէր դժբախտութենէ: Որպէսզի փեսան ալ այդ արարողութեանը մասնակցի, կիներէն մէկը կը կերակրէ զայն այն հացի կտորով, որ նախապէս քսուած է հարսնցուին երեսին:
Պսակի բուն արարողութեան կը նախորդեն բազմաթիւ ծէսեր, որոնք սիսեցիներու հարսանեկան արարողութեան կարեւոր մասը կը կազմեն: Հարսանիքէն շաբաթ մը առաջ երգ ու պարով կը պատրաստեն հարսանեկան հացը: Բոլոր ծանօթները, բարեկամներն ու դրացիները կը ղրկեն «չեւիրմէ»` կակուղ սաճի հաց, որպէսզի իրենց մասնակցութիւնը ունենան այդ արարողութեանը: Ի դէպ, 9-ը «չեւիրմէ» հաց փեսայի տունէն կը ղրկուի հարսնցուին տունը, իսկ 10-ը «չեւիրմէ» հաց հարսնցուի տունէն կը ղրկուի փեսային` վերածելով կենտ, անզոյգ թիւը` զոյգի: Տօնական օրերուն, ինչպէս Ծննդեան ու Զատիկի տօներն են, փեսայի ընտանիքը կերակուրներով լեցուն ափսէ մը կ՛ուղարկէ հարսնցուին տունը, որ «սինի տօնաթմըշ»` ափսէ զարդարել կը կոչուի:
Փայտ բերելու գիշերային սովորութիւնը, որ կը կոչուի «տիւյիւն օտընը»` «հարսանիքի փայտ», սիսեցիներու հարսանեկան արարողութիւններուն նախորդող երեւոյթ մըն է: Փեսայի բարեկամներէն հինգ-վեց հոգի այծով մը կամ ուրիշ ուտելիքներով կ՛երթան գիշերով փայտ բերելու, փայլուն գոյներով զարդարուած եւ փայտով լեցուն բեռներով ձիերէն մէկը կը տանին փեսային տունը, միւսը` հարսին:
Խաղերով ընթացող հարսանեկան խրախճանքները շատ անգամ կը սկսին կիրակի օրերը, երբեմն ալ` հինգշաբթի, եւ կը շարունակուին մինչեւ յաջորդ կիրակի օրը, այսինքն` պսակի օրը: Առաջին երկու գիշերները կը սկսին մատանիի խաղով` «եիւզզիւք», երբ քանի մը տասնեակ հոգի կը բաժնուին երկու խումբի եւ կը խաղան կանխիկ գումարի վրայ: Ափսէի վրայ կը շարեն սուրճի սկահակները, որոնցմէ մէկուն տակ կը պահուի մատանին: Յաղթողը պէտք է գուշակէր, թէ ո՛ր սկահակին տակը կը գտնուի մատանին: Եթէ յաղթող խումբը մէկ անգամէն գուշակէ մատանիին տեղը, ապա այն կը կոչուի «տէստէ կիւլ»` «խուրձ մը վարդ», որ այս պարագային կը խորհրդանշէ յաջողութիւն, խաղը կրնայ տեւել ժամեր: Յաղթողը շահած գումարով կը գնէ քանի մը այծ, որոնցմով կը պատրաստեն օրուան խորովածը: Մատանիի խաղէն ետք, կէս գիշերին փեսային տունէն խումբ մը, խմիչքներով բեռնաւորուած, կ՛երթայ հարսին տունը` հարսը գովաբանելու ու միասնաբար քեֆն ու պարը շարունակելու:
Յաջորդ օրը հանդիսաւոր թափօր մը հարսին տունը կը տանի գիրուկ այծ մը` «ղընա տաւարը», հարսին յատկացուած հինան եւ հարսանեկան հագուստը: Նոյն տան մէջ ցուցադրութեան կը դրուին հարսին օժիտը` «ճեհիզ», իսկ աղջկան պարագաները կը յայտարարեն նուիրատուներուն անունները: Իւրաքանչիւր հարս պարտաւոր է ունենալու սնտուկ մը, մեծ հայելի եւ բաւականաչափ հագուստ ու սպիտակեղէն: Հարսին օժիտը նաեւ կ՛ամբողջացուի ազգականներու ու բարեկամներու նուէրներով:
Ուրբաթ օրը փեսային տունը կը կանչուի սափրիչը: Փեսան եւ կնքահայրը սկիզբը կը սափրուին, ապա` մնացած ներկայ երիտասարդները: Պարտադիր կը համարուի սափրիչին դրամական նուիրատուութիւն ընել, որ կը դրուի անոր ափսէին մէջ, այդ աճուրդի ձեւով հարսանեկան արարողական մըն է, ու ներկաներէն մէկը բարձրաձայն կը յայտարարէ նուիրատուներուն անունները: Նուիրատուները դրամի փոխարէն` կրնան տալ նաեւ տասնեակ մը մետաքսէ թաշկինակներ, որոնք կը դրուին կնքահօր ուսին: Սափրուելու ատեն ներկաները կը շնորհաւորեն կնքահօր ծնողները: Կնքահայրերը ընդհանրապէս կ՛ըլլան երիտասարդներ կամ փոքր մանչեր: Սափրուելէն ետք ամենաբարձր գին վճարողները միայն իրաւունք ունին կնքահօր եւ փեսային ձեռքերը խաչաձեւ հինայելու: Սափրուելու ընթացքին տեղի կ՛ունենայ փեսայի «կեղծ կորուստը», երբ երիտասարդները պէտք է փնտռեն «կորսուած» փեսացուն` «Խորհուրդ խորին» երգելով: Հարսանեկան աճուրդը տեղի կ՛ունենայ նաեւ հարսնցուին տունը, աճուրդէն գոյացած գումարը նուիրատուութիւն կ՛ըլլայ թաղի եկեղեցիին:
Փեսան այդ գիշեր ազատ կ՛ըլլայ քնանալու, իսկ առաւօտեան դարձեալ շքախումբը կը պատրաստուի ու կը ղրկուի հարսին տունը` օղիով ու «մեզէներով» բեռնաւորուած «մուհապպէթ» ընելու` սիրալիր ժամանակ անցընելու համար. շաբաթէն կիրակի անցնող գիշերը պարտաւոր են լուսցնել, յատկապէս` փեսայի տունը մատանիի խաղ խաղալու, իսկ արդէն առաւօտեան կողմը կը սկսի շուրջպարը տանիքներու վրայ: Առաւօտեան կը սկսի նաեւ հարսն ու փեսան հագցնելու արարողութիւնը: Փեսան կը հագցնեն երիտասարդները` «Խորհուրդ խորին» երգելով եւ իւրաքանչիւր անգամ նշելով հետեւեալ խօսքերը թրքերէնով` «բարով թող ըլլայ, իրենց տեսնելիքը միայն այս ըլլայ» եւ երբեմն ալ կատակելով` ապտակելով փեսային, հագուելէն ետք փեսան ու կնքահայրը կը համբուրեն ներկաներուն ձեռքերը եւ թամատայի գլխաւորութեամբ, մեծ շքախումբով, լապտերներով, եղեւնափայտի խոշոր ջահերով ու նուագարաններու ուղեկցութեամբ կ՛երթան հարսին տունը, իսկ այդ ընթացքին հարսին տունը, օրիորդներու ներկայութեամբ, տեղի կ՛ունենայ հարսանեկան հագուստը հագցնելու արարողութիւնը` երգերով ու պարերով: Հարսանեկան զգեստին հետ միասին հարսին երեսը կը ծածկեն թափանցիկ քողով (գունաւոր եւ նուրբ հիւսուածքներով պատրաստուած կ՛ըլլայ, հարսը այդ քողը պարտաւոր է կրել մինչեւ առաջին անգամ մայրանալը)` կնքամայրին կողմէ պատրաստուած շրջանակաձեւ մոմակիր կարկանդակը հարսին գլխուն բռնած երգելով:
Հարսը տունէն դուրս բերելու արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ երգերով, պարերով եւ բացագանչութիւններով, որպէս հրաժեշտի խօսք, կ՛ըսուին հետեւեալ խօսքերը` «Առինք ձեր աղջիկը, շունը թող լզէ ձեր երեսը» եւ այլն: Այնուհետեւ հարսն ու փեսան շքեղազարդ ձիերով կ՛երթան դէպի եկեղեցի, զանոնք կ՛առաջնորդեն փեսացուին երիտասարդ ընկերները: Եկեղեցական պսակի արարողութիւններէն ետք, սովորաբար եկեղեցի տանող նոյն ճամբով չեն վերադառնար, այլ կ՛ընտրեն ուրիշ ճամբայ: Ճանապարհին բոլոր հարեւաններն ու ազգականները բաց կը պահեն իրենց տան դռները եւ կը հիւրասիրեն հարսնեւորները, նաեւ այնպիսի նուէրներ կու տան, ինչպիսիք են` ընտանի անասուններ, հագուստ, կօշիկ, իսկ հարսի եւ փեսայի գլխուն շաքար, ցորեն եւ դրամներ կը նետեն: Փեսային տունը հասնելուն պէս, հարսին ի պատիւ կարաս կամ սափոր գետին կը նետեն, իսկ հարսը նուռ կը նետէ դրան վրայ, եւ եթէ նուռը կտրուի, ապա, ըստ աւանդութեան, ան կը դառնայ տան իրաւ տէրը: Կնքամայրն ալ վառած մոմերով շրջանակաձեւ կարկանդակը երեք անգամ կը պտտցնէ հարսին գլխուն վերեւ, որպէսզի հարսին միտքն ու ոգին միացուին ընտանեկան ուխտին:
Փեսային տան բակը կը մորթուի ոչխարը եւ կը բաժնուի աղքատներուն: Մատաղը բաժնելէ ու ճաշելէ ետք կը սկսի պարելու բաժինը, կնքահօր մայրը պարելով կը զուարճացնէ ներկաները, անոր կը միանան փեսային մայրը, հայրը ու մնացած ազգականները: Սովորաբար հարսին ու փեսային մէջտեղը կը դրուի բարձ մը, որուն վրայ անոնք կը դնեն իրենց աջ ոտքերը, փեսան իր ոտքը կը դնէ հարսին ոտքին վրայ` իր հեղինակութիւնը ցուցադրելու ու տարածելու մտադրութեամբ:
Կիները կը հաւաքուին, ու այդ օրը տեղի կ՛ունենայ հարսը լոգցնելու ու գլուխը յարդարելու արարողութիւնը, որ կը կոչուի «պաշ եըգամաք» (գլուխը լուալ), ու այդ ժամանակ մկրատով կը կտրեն հարսին մազերէն փոքր փունջ մը, հարսին միեւնոյն ատեն հարցնելով` մա՞զը կտրել, թէ՞ լեզուն. լեզուն կտրել` կը նշանակէ կեսուրին հետ արգիլել խօսիլը: Հարսին մազերը յարդարելու իրաւունքը կը պատկանի կնքամօրը:
Երգերէն մէկուն թարգմանութիւնը հետեւեալն է.
«Կնքամայր, լուսաւորութեան մէջ ըլլաս, Աստուած սէր ու բարեկամութիւն պարգեւէ, եթէ գայլ են, ոչխար թող ըլլան, Աստուած թող երջանկացնէ, կու տամ, սակայն ետ չեմ ընդունիր: Այս թող ըլլայ իրենց տեսնելիքը, մէկ բարձի վրայ ծերանան, տարոսը իրենց զաւակներուն»:
Յաջորդ օրը փեսային մօտիկ ազգականները կ՛այցելեն հարսին հօր տունը, հարսին ընտանիքը պարտաւոր է այդ օրը հացկերոյթ կազմակերպել, այդ արարողութիւնը կը կոչուի «կիւվէի տաւեթի» (փեսայի հրաւէր), նոյնպէս այդ օրը փեսան կը ստանայ նուէրներ: Մէկ շաբաթ շարունակ հարսին մայրը տարբեր տեսակի կերակուրներ կը ղրկէ փեսային տունը, իսկ քառասուներորդ օրը հարսը կ՛երթայ եկեղեցի, ապա այնտեղէն կ՛երթայ ծնողքին տունը, ուր շաբաթ մը կը մնայ:
aztagdaily.com/archives/462228