02 դեկտեմբեր 2015
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ երեկոյեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը արագացուցած է Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումը:
Զօր. Իպրահիմ շեշտեց, որ ինք 8 նոյեմբերին այցելած է սէյիտ Նասրալլայի եւ անոր հետ քննարկած շարք մը հարցեր, որոնց շարքին նաեւ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը: Ան նշեց, որ այդ առումով սէյիտ Նասրալլա խոստացած է Քաթարի իշխանին հետ կապ հաստատել, եւ այդպէս կարելի եղած է վերսկսիլ բանակցութիւններուն:
Ան աւելցուց, որ սէյիտ Նասրալլա իր ներդրումը ունեցած է նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի մօտ միջամտութիւններ կատարելու առումով` նկատի ունենալով, որ փոխանակման շրջագիծին մէջ կարիքը կար նաեւ սուրիացի բանտարկեալներուն:
«Իսկ վերջին 48 ժամուան ընթացքին Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ պարտադրուած լուծումը խանգարող պայմաններուն վերացումին համար սէյիտ Նասրալլա դարձեալ միջամտեց», աւելցուց Ապպաս Իպրահիմ:
Ան նշեց նաեւ, որ «նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի վերջերս այցելած է Քաթարի իշխանին եւ անոր օժանդակութիւնը խնդրած առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին լուծման առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ Քաթարի իշխանին հաստատած է, որ անձամբ ինծի կը վստահի եւ զիս ընտանիքի անդամ կը նկատէ»:
Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ բանակայիններու փոխանակման ընդհանուր համաձայնութիւնը շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրին չէր պարփակեր` աւելցնելով, որ Հուժէյրիի երէկուան դերակատարութիւնը կը սահմանափակուէր արգելափակեալներուն հարց տալով, որ կը փափաքի՞ն Պէյրութ վերադառնալ, թէ՞ Ժապհաթ Նուսրայի մօտ մնալ:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com/