Մինչ Էրտողան Զօր. Հաֆթարը Կ՛ամբաստանէ Զինադադարը Չյարգելու Յանցանքով. ՄԱԿ. «Պերլինի Վեհաժողովին Մասնակից Երկիրներ Կը Շարունակեն Խախտել Լիպիա Զէնք Մատակարարելու Արգելքը»
27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ ափրիկեան երկիրներ եռօրեայ շրջապտոյտի մը ծիրին մէջ Ալճերիա մեկնելէ առաջ Պոլսոյ մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատար զօր. Խալիֆա Հաֆթար Մոսկուայի կամ Պերլինի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթին յանձնառու չէ դարձած եւ պահուըտած է Գերմանիոյ մայրաքաղաքի պանդոկներէն մէկուն մէջ:
«Հաֆթար կը շարունակէ Լիպիոյ մէջ իր յարձակումը եւ կարելի չէ սպասել, որ զինադադարին յանձնառու դառնայ», ըսաւ ան:
Ան Ալճերիոյ մէջ իր ալճերիացի պաշտօնակից Իտալմաժիտ Թապունի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ալ յայտարարեց, որ «եւրոպական պետութիւններու հակասական կեցուածքը իր դերը ունի լիպիական տագնապի խորացման մէջ»` նշելով, որ աշխուժ կապի մէջ է շրջանի երկիրներուն ու միջազգային դերակատարներու հետ զինադադարի հաստատման եւ քաղաքական երկխօսութեան վերականգնման համար:
«Պէտք չէ արտօնել, որ Լիպիան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ պատերազմի իշխաններու թատերաբեմ դառնայ: Պէտք է շարունակել աշխատիլ Լիպիոյ մէջ արիւնահեղութեան դադրեցման համար: Թուրքիան պիտի շարունակէ իր տրամադրութեան տակ եղող բոլոր միջոցներով կանգնիլ իր լիպիացի եղբայրներուն կողքին», ըսաւ Էրտողան, որ Ալճերիա, Կամպիա եւ Սենեկալ կ՛այցելէ` ընդառաջելով իր պաշտօնակիցներուն հրաւէրներուն:
Մինչ այդ, Լիպիոյ մէջ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ շարք մը երկիրներ, ներառեալ Պերլինի վեհաժողովին մասնակից երկիրները, կը շարունակեն խախտել Լիպիոյ զէնք մատակարարելու արգելքը:
«Շարք մը օդանաւեր էջք կատարեցին հակամարտող կողմերուն արդիական զէնքեր ու զինեալներ մատակարարելու համար», նշեց ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը:
www.aztagdaily.com/archives/462463