02 դեկտեմբեր 2015 ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԶՐՈՅՑՆԵՐ
Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան կը գրէ.
Լեզուագիտական մտածողութեամբ՝ «մեռած» լեզուներ կը նկատուին (հին) յունարէնը, լատիներէնը, մեր հին հայերէնը՝ գրաբարը կամ «դասական հայերէն»ը: Սակայն, «մեռած» չի՛ նշանակեր քայքայուած կամ փճացած, անհետացած կամ ոչնչացած: Հակառակ այս պատմական իրականութեան, Եւրոպայի ուսումնակրթական հաստատութիւններէն ներս մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայուի լատիներէն եւ յունարէն լեզուներու ուսուցումին: Ասոնք կը կոչուին «դասական» (classic) լեզուներ:
Լեզուագէտ մասնագէտներու կարծիքով՝ արդի լեզուները չեն կրնար խզել այն զօդը, որ կայ իրենց մայր լեզուին հետ. մանաւանդ թէ այնքա՛ն աւելի խոր ու տրամաբանական կը դառնայ արդի լեզուի մը տիրացումը, որքա՛ն կը ծանօթանանք եւ կը խորանանք անոր «դասական» շրջանի ուսումնասիրութեան մէջ:
Օրինակ. որքա՜ն կը դիւրանայ ֆրանսերէն կամ անգլերէն լեզուներու «ուղղագրութիւնը», երբ մարդ բաւականաչափ տեղեկութիւն եւ ծանօթութիւն ունենայ հին յունարէն եւ լատիներէն լեզուներուն եւ անոնց ճամբով՝ նոր լեզուներուն փոխանցուած բազմաթիւ բառերու:
Նոյնն է պարագան «դասական հայերէն»ին կամ գրաբարին: Անոր ծանօթացումը, հմտութիւնը կամ անոր ուսումնասիրութիւնը կարեւոր է եւ անհրաժեշտ՝ մեր աշխարհաբարը (արեւմտահայերէնը եւ արեւելահայերէնը) քերականօրէն եւ տրամաբանօրէն հասկնալու:
Ա.- Գրաբարի ծանօթութիւնը եւ հմտութիւնը անհրաժեշտ է մշակութային տեսակէտով: Առանց գրաբարի շատ դժուար է ծանօթանալ հայ հին գրական ստեղծագործութիւններուն (պատմագրական, աստուածաբանական, դաւանաբանական, եկեղեցական, ծիսական, բանաստեղծական, փիլիսոփայական եւ այլն): Անշուշտ, այսօր գոյութիւն ունին նաեւ որոշ թարգմանութիւններ, եւ անկասկած պէտք է շարունակուի թարգմանական այդ կարեւոր աշխատանքը: Սակայն, թարգմանութիւնը չի՛ կրնար բնագիրը ծանօթացնել իր վսեմութեամբ եւ լեզուական հարազատ վիճակով: Ասոր համար, պատմագէտները, լեզուագէտները եւ պատմական նիւթերու մասնագէտները եւ գրասէրները միշտ կը նախընտրեն գործի մը բնագիրը:
«Գրաբարագէտների թիւը հե-տզհետէ պակասում է», կ՛անդրադարձնէ Ստեփանոս Մալխասեան, իր «Հայերէն Լեզուի Բացատրական Բառարան»ին մէջ (տե՛ս «գրաբարագէտ» եզրին տակ): Այս ոչ–բաղձալի իրականութեամբ, կը նօսրանայ մեր մշակութային կապը՝ մեր իսկ լեզուական–քերականական արմատներուն հետ: Եւրոպացի մտաւորական մը, գրագէտ կամ լեզուագէտ, շատ աւելի կը ճանչնայ իր «դասական» հեղինակները, քան մեր մտաւորականները եւ «գրագէտ» կոչուած դասակարգը՝ հայ «դասական» լեզուն (յարգելով բացառութիւններ):
Բ.- Գրաբարի ծանօթութիւնը եւ հմտութիւնը անհրաժեշտ է նաեւ հայ ուսանողի քերականական միտքի կազմութեան եւ զարգացման համար: Իբր հիմնական սկզբունք, անհրաժեշտ է ընդունիլ, որ դասական լեզուի մը ուսուցումը մեծապէս կը նպաստէ ուսանողի մը քերականական կազմաւորումին եւ միտքի տրամաբանական յստակութեան:
Արդ, լեզուներու մէջ, նախադասութեան մը ենթական (գործողութիւն կատարողը կամ տէր բային) եւ հոլովառութեան կամ հոլովներու զանազանութիւնը, ուսանողներու կողմէ կը բախի բացայայտ դժուարութիւններու, մանաւանդ երբ նկատի առնենք, որ հայերէնի ուղղական եւ հայցական հոլովները, ինչպէս նաեւ սեռական եւ տրականը՝ արտաքին ձեւով նման են իրարու, մինչ դասական հայերէնին տիրապետումով՝ ուսանողը ակնյայտ պիտի նշմարէ այդ հոլովներուն զանազանութիւնը եւ տարբերութիւնը՝ ձեւով եւ իմաստային տեսակէտով:
Դասական հայերէնը կամ գրաբարը, օրինակի համար, հաւասարապէս կրնայ ըսել «Հայր սիրէ զորդի իւր» կամ «Զորդի իւր սիրէ հայր», եւ հոլովներու այս զանազանութեան եւ անշփոթելիութեան պատճառով՝ նախադասութեան բառերու հերթականութիւնն ալ աւելի ճկուն է դասական հայերէնին մէջ:
Արեւմտահայ աշխարհաբարի մէջ, օրինակ, կ՛ըսենք՝ «Անոր որդին ձերբակալեցին», «Գրիչս անոր տուի»: Առաջին «անոր»ը սեռական հոլով է, մինչ երկրորդ «անոր»ը՝ տրական: Գրաբարի մէջ այս զանազանութիւնը պարզ է եւ յստակ. «Որդի նորա ետու նմա» (անոր որդին անոր տուի): «Նորա» սեռական եւ «նմա»՝ տրական: Իմաստային գետնի վրայ շփոթութիւն չի՛ կրնար ըլլալ:
Մեր ուսանողները, մինչեւ ուշ տարիք, դժբախտաբար չեն յաջողիր աշխարհաբարի քերականական եւ տրամաբանական ճշգրիտ լուծում կատարել, որովհետեւ կը պակսի իրենց լեզուաքերականական յստակ ըմբռնումը:
Գ.- Գրաբարի ծանօթութիւնը եւ հմտութիւնը անհրաժեշտ է նաեւ լեզուական եւ բառակազմական տեսակէտէ: Դասական հայերէն լեզուն կամ գրաբարը անհրաժեշտ է կարգ մը բառերու «յոգնակի» կազմութեան համար, ինչպէս անհրաժեշտ է ուղիղ բարդութիւններու համար ալ:
Մեր կրթական եւ ուսուցողական ասպարէզէն ներս, յաճախ կը պարտադրուինք պատճառներ ներկայացնելու եւ կարգ մը քերականական հարցերու հիմնական լուսաբանութիւններ տալու: Օրինակ, թէ ինչո՛ւ «եզ» եւ «լեռ», «կա»չ եւ «մաս» բառերը «ն» գիրը կ՛առնեն իրենց յոգնակիին մէջ, ըլլալով «եզներ», «լեռներ» կամ ինչո՛ւ «կա»չ եւ «մաս» բառերը «ն» կ՛առնեն բարդութեան կամ ածանցումի ատեն, դառնալով «կաթնավաճառ», «մասնիկ» եւ կամ ինչո՛ւ «դժոխք» եւ «փառք» բառերուն մէջ «ք» տառը կ՛աներեւութանայ բարդութեան պարագային, իսկ «օրէնք» բառին մէջ «ս» տառի կը փոխուի (օրինակ՝ օրէնսդիր):
Եւ տակաւին հազարումէկ նման ձեւեր ու պարագաներ, ուր միայն գրաբարի ուսումն է, որ կրնայ օգնել, ճշգրիտ եւ համոզիչ պատճառներ թուել եւ բացատրել այդ երեւոյթները: Ապա թէ ոչ, ինչպէս մեր մամուլին մէջ յաճախ կը նշմարենք, մէկը կը գրէ «եօթերորդ« (առանց «ն»ի), ուրիշ մը «տասերորդ» (առանց «ն»ի) եւ կամ երրորդ մը՝ «ութներորդ» («ն»ով): Եթէ գրաբարին ծանօթ ըլլային, այս սխալները չէին ըներ…
Նկատողութեան առարկայ դարձնելու ենք նաեւ, որ արեւմտահայ աշխարհաբարը, բառերու բարդութեան պարագային, յաճախ կը դիմէ գրաբարին: Օրինակ՝ կ՛ըսենք «ակռայ», «գաւա»չ, «խմել», «խօսք»: Այս բառերով կատարուած բարդութեան պարագաներուն՝ գրաբարէն կ՛առնենք եւ կ՛ըսենք՝ ատամնաբոյժ, բաժակաճառ, արիւնարբու (արբենալ բայէն), բանավէճ, եւ այլն:
Գրաբարը շատ մօտ է աշխարհաբարին: Բառերու արմատները մեծ մասով նման են եւ առանց փոփոխութեան անցած են աշխարհաբարին, մինչ լատիներէն լեզուն, օրինակ, շատ փոփոխուած է՝ մինչեւ հասնի իտալերէնին կամ ֆրանսերէնին:
Նկատելու ենք դեռ, որ գրաբարը մեզի կրնայ առատ բառապաշար հայթայթել, նոր բարդութիւններով արդիականութիւն տալու մեր աշխարհաբարին, որ «գիտական մարզ»ին մէջ իսկական սովի բռնուած է: Որքա՛ն քաջատեղեակ ըլլանք գրաբարին, այնքա՛ն կը յաջողինք Հայ լեզուագիտութեան կամ Հայերէնագիտութեան մէջ:
Կը խորհիմ թէ բաւականաչափ կերպով պարզեցի «գրաբարի անհրաժեշտութիւնը» մերօրեայ Հայերէնագիտութեան ասպարէզի ծիրէն ներս:
Գրաբարի եւ աշխարհաբարի մերձաւորութիւնը աւելի պէտք է մեզ խթանէ՝ յատուկ ուշադրութեամբ ծանօթանալու (եւ հմտանալու) գրաբարին կամ դասական հայերէնին: Միայն այս կերպով կրնանք աշխարհաբարի լեզուական կառոյցը հասկնալ եւ միայն այս ձեւով կրնանք զարգացնել եւ գեղեցկացնել աշխարհաբարը (թէ՛ արեւմտահայերէնը եւ թէ արեւելահայերէնը):
Կասկած չկայ, թէ «Աբեղեանական» կոչուած ուղղագրութեամբ՝ գրաբարի ուսուցումը անչափելիօրէն դժուարացած է լեզուական եւ քերականական գետնի վրայ:
Գրաբարը կը պահէ իր առանձին ու դարաւոր «ուղղագրութիւնը», եւ մենք պէտք չունինք գրաբարէն հեռանալու: Կամուրջը, որ գրաբարէն դէպի աշխարհաբար կ՛անցնի, հարկ է պահել ամուր, կանգուն, մեծ գիտակցութեամբ եւ լուրջ պատասխանատուութեամբ, որովհետեւ առանց այդ տրամաբանական կամուրջին՝ լեզուական հարստութենէն ոչինչ կրնայ հասնիլ եւ օգտակար ըլլալ մեզի:
Սիրենք աշխարհաբարը, բայց սիրենք նաեւ անոր մայրը՝ գրաբարը կամ դասական հայերէնը:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/