Իտլիպի Եւ Հալէպի Գիւղական Շրջաններուն Մէջ Շարունակելով Յառաջդիմել Սուրիական Բանակը Կը Մօտենայ Մաարաթ Նուհմանին

Իտլիպի Եւ Հալէպի Գիւղական Շրջաններուն Մէջ Շարունակելով Յառաջդիմել Սուրիական Բանակը Կը Մօտենայ Մաարաթ Նուհմանին

27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»

Un charnier de victimes arméniennes du génocide dans le village de Sheyxalan (Turquie), en 1915. (ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM / AFP)

Սուրիական բանակը Իտլիպի հարաւ-արեւելքին մէջ Ժապհաթ Նուսրայի հետ բախումներէ ետք ազատագրեց Մաարաթ Նուհմանէն արեւելք գտնուող Ղատմա գիւղը: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:

Բանակը շարունակեց յառաջանալ դէպի Իտլիպի հարաւարեւելեան շրջանին մէջ Ժապհաթ Նուսրայի մեծագոյն կեդրոնը եղող Մաարաթ Նուհման եւ այժմ կը գտնուի անկէ մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Սուրիական բանակը իր յառաջխաղացքի ընթացքին բուռն կերպով հարուածեց Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերը, մասնաւորաբար Թաքանի գիւղին մէջ, ուր անոնց ներկայութիւնը ամէնէն մեծաթիւն է:

Միւս կողմէ, Սուրիական բանակի Հալէպի Ռաշիտին Ռապիհա թաղամասին մէջ շարք մը շէնքեր գրաւեց, ինչպէս նաեւ իր վերահսկողութեան տակ առաւ քաղաքին հարաւը գտնուող Ղապաթ Ասատն ու լրագրողներու համալսարանը:

Մինչ այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ Ազեզ քաղաքին մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին պատճառով արձանագրուած է 7 զոհ:

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895

www.aztagdaily.com/archives/462464

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail