Հայոց Ցեղասպանութիւն – Նշմար. …Իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան Օրակա՞րգը
27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԻՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ: «««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»»
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Եւրոպական ու ամերիկեան լրատու աղբիւրներ հինգշաբթի, 23 յունուարին, իբրեւ առաջին կարգի լուր, արձագանգ եղան այն յուշահանդէս-համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Իսրայէլի մէջ, Աուշուիցի արգելարան-սպանդանոցին փակման 75-րդ տարեդարձին առիթով: Իսրայէլ հինգերորդ անգամ ըլլալով նման յուշահանդէս կը կազմակերպէ իր զոհերուն նուիրուած կեդրոնին` Եատ Վաշեմի մէջ, յիշելու եւ յիշեցնելու համար, որ Բ. Աշխարհամարտին հիթլերական Գերմանիան բազմամիլիոն հրեաներ ողջակիզած է: Պատմութեան մանրամասնութիւնները ծանօթ են, մարդիկ միայն քարոզչութեան համար չեն յիշատակեր նման ոճիրներ:
Լուրերուն հետեւողին ուշադրութենէն չէր կրնար վրիպիլ քանի մը ուշագրաւ կէտ, որոնցմէ արձանագրենք հետեւեալները.
Ա.- Տարբեր երկիրներէ շուրջ 40 բարձրաստիճան պատասխանատու կամ ներկայացուցիչ մասնակից եղան յուշահանդէսին: Պատկառելի թիւ:
Բ.- Ներկաներուն շարքին էին Ռուսիոյ նախագահը` Փութին (յիշեցնելով որ ռուս զինուորներ ալ զոհ գացած են գերմանական նախճիրներու), նախագահներ` Էմանուէլ Մաքրոն, Սերթիօ Մաթարելլա, Արմէն Սարգսեան, փոխնախագահ Փենս եւ Անգլիոյ գահաժառանգը` Չարլզ:
Գ.- Գլխաւոր բացականեր կարելի է նկատել Թուրքիոյ եւ Լեհաստանի ներկայացուցիչները: Որեւէ աղբիւր ակնարկութիւն չըրաւ, թէ Թուրքիա արդեօք հրաւիրուա՞ծ էր. Իսրայէլ-Թուրքիա ներկայ առերեւոյթ թշնամական մթնոլորտին մէջ հազիւ թէ հրաւէր կրնար ուղղուիլ Էրտողանի. եթէ ուղղուէր իսկ, բնականաբար հաւանական չէ, որ Էրտողան ընդառաջէր նման հրաւէրի, մի՛շտ «գող, սիրտը դող» հոգեվիճակին պատճառով: Չէ՞ որ հաւաքը ցեղասպանութիւն մը յիշատակելու համար էր… Չէ՞ որ հայութիւնը վճռած է աննահանջ շարունակելու իր պահանջատիրութիւնը եւ քայլ առ քայլ յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ արդարութեան ճանաչումի ճամբուն… Իսկ Լեհաստան հեռու մնացած է, որովհետեւ Ռուսիոյ հետ անոր յարաբերութիւնները անկումային վիճակի մէջ են:
Դ.- Ներկաներէն պէտք է առանձնապէս անդրադառնալ երկուքին: Առաջինը` Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթըր Շթայնմայըր, որ անցեալ սեպտեմբերին ներողամտութիւն հայցած էր Լեհաստանէն` նոյն ցեղասպանութեան զոհ գացած լեհերուն համար, այս անգամ նոյնիմաստ խօսք մը արտասանեց Իսրայէլի մէջ` ընդգծելով, որ նման արարքներ պէտք չէ կրկնուին, միաժամանակ զգուշացնելով, որ ցեղամոլութեան նոր ալիքներ սկսած են ի յայտ գալ: (Ի դէպ, Իսրայէլի վարչապետն ու այլ ներկայացուցչական դէմքեր իրենց խօսքերուն մէջ, զոհերուն յիշատակումին չափ, լուսարձակ բերին Իրանի վրայ ու հաւաքը վերածեցին հակաիրանեան քարոզչական բեմի): Երկրորդը Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի խօսքն էր, արտասանուած` իսրայէլեան խորհրդարանին մէջ, Քնեսեթի նախագահ Եուլի Էտելշթայմի հետ հանդիպումին: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ իսրայէլեան խորհրդարանը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ճանաչումը հեռու պահել քաղաքական հաշիւներէ. պէտք չէ մոռնալ ցաւալի անցեալը, գործակցիլ` կանխարգիլելու համար մարդկութեան դէմ նման արարքներու կրկնութիւնը: Ան նաեւ խօսեցաւ Իսրայէլի ու Հայաստանի միջեւ գործակցական դաշտերու ընդարձակման մասին: Լրատու աղբիւրներ որեւէ ակնարկութիւն չըրին, թէ արդեօք Հայաստանի նախագահը նաեւ ակնկալութիւն յայտնա՞ծ է, որ Իսրայէլ վերատեսութեան ենթարկէ ցեղասպան Թուրքիոյ գործակից` Ազրպէյճանի հետ իր զինական եւ այլ գործակցութիւնը, նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճան Թուրքիոյ չափ ծանօթ է իր հակահայ եւ հակամարդկային արարքներով. Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ գրեթէ ամէն օր կրկնուող թշնամական արարքները, նաեւ մօտաւորապէս չորս տարի առաջ տեղի ունեցած ապրիլեան պատերազմը միայն նորագոյն վկայութիւնն են Սումկայիթի ու Պաքուի մէջ երեսուն տարի առաջ իրագործուած փոկրոմներուն, որոնց մասին վերջին օրերուն դարձեալ ու արդարօրէն փոթորկած է հայկական բեմը…
Ե.- Մեզի համար այդքան ալ շահեկան չեն կարգ մը քովնտի միջադէպեր եւ զարգացումներ, որոնք ահագին փոթորիկ բարձրացուցին մամլոյ աղբիւրներուն մէջ: Անոնց շարքին էին նախագահ Մաքրոնի բանավէճը` իսրայէլացի պահակ-ոստիկաններու հետ, որոնք ոտնակոխելով միջազգային օրէնքը, փորձած էին Երուսաղէմի մէջ ֆրանսական հող նկատուող եկեղեցի մը մտնել նախագահին հետ` իբր թէ անոր ապահովութեան հսկելու համար: Անդին` պահ մը աղմուկ բարձրացաւ, որ Չարլզ իշխանը արհամարհած է ու վարկաբեկած` Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Փենսը, ականաւոր մարդոց հետ տեսակցութեան պահուն անոր ձեռքը թօթուած չըլլալուն համար, յետոյ «բացատրուեցաւ», որ անոնք նախապէս, քուլիսի մը մէջ տեսակցած էին… Անդին` ամերիկեան լրատու աղբիւրներ պահիկ մը լուսարձակները հեռացուցին նախագահ Թրամփի դէմ մեղադրանքները քննարկող ծերակոյտի նիստերէն եւ իրենց բաժինը հատուցեցին Եատ Վաշեմի արարողութեանց ու անոնց ընկերացող իրադարձութիւններուն, յետոյ վերադարձան տուն…
***
Նոյն ժամերուն ի՞նչ տեղի կ՛ունենար Հայաստանի բեմին վրայ:
Գոհունակութեան արժանի կէտ մըն էր այն, որ հայկական լրատու աղբիւրներ ըստ բաւականին կարեւորութեամբ անդրադարձան նախագահ Սարգսեանի խօսքերուն, թէեւ իբրեւ «առաջնային լուր» չհաղորդեցին զայն:
Խորքին մէջ հայկական լրատուութիւնը զբաղած էր մէկէ աւելի հրատապ հարցերով: Առաջնակարգ հարցի վերածուեցաւ այն զինեալ դէպքը, որ արձանագրուեցաւ «Երեւան փլազա»-ի մէջ: Յետոյ, նոյնպիսի կարեւորութեամբ հրապարակուեցան Ազգային ժողովի ու կառավարութեան նիստերու պատահարները: Խորհրդարանին մէջ իշխանական կուսակցութեան եւ երկու ընդդիմադիրներուն միջեւ բանավէճը նոր բարձունքներու հասաւ` իբրեւ առանցք ունենալով… ձիերու եւ շուներու մասին առածներու մեկնաբանութիւնները: Կառավարութեան նիստին սպանդանոցներու մասին նոր դասաւորումները եւ կովերու պահպանման մասին վարչապետին ակնարկութիւնները կարգ մը լրատու աղբիւրներու մօտ աւելի՛ լայն տեղ գտան, քան` Հայաստանի մէջ արձանագրուած բարելաւումներուն մասին անոր ակնարկութիւնները: Լրատու աղբիւրներ բնականաբար շարունակեցին արծարծել նախընթաց օրերէն ու շաբաթներէն «ժառանգ» մնացող զարգացումներ, ժողովրդային արդար կամ չափազանցեալ դժգոհութիւններ եւ մասամբ նորին: Հայրենի մամուլին հետեւողը կ՛ունենայ այն տպաւորութիւնը, որ յիշեալ դէպքերէն ու զարգացումներէն աւելի կարեւոր բան չկայ Հայաստանի ու հայութեան երկինքին տակ:
***
… Իսրայէլի մէջ զոհերու յիշատակման հաւաքը վստահաբար մէկ օրէն միւսը չմարմնաւորուեցաւ: Կասկածէ վեր է, որ հոն, կառավարական եւ մտաւորական շրջանակներ երկար ատեն աշխատանք տարած են այս հաւաքին իրականացման համար:
Կ՛արժէ հարց տալ. արդեօք Հայաստանի մէջ պետական եւ այլ մակարդակներու վրայ ի՞նչ աշխատանքներ սկսած են նշելու համար Ցեղասպանութեան 105-րդ տարեդարձը: Եթէ սկսած են, արդեօք նախընտրելի չէ՞, որ մեր պետական եւ քաղաքական այրերը իրազեկ դարձնեն ժողովուրդը, պետական ու ժողովրդային մեքենաները լծեն նման կարեւոր հարցերու քննարկման ու համապատասխան նախապատրաստական աշխատանքներու: Իսկ եթէ տեղ մը բան մը սկիզբ չէ առած, արդեօք պէտք է սպասե՞լ, որ հասնինք ապրիլի սեմին… Անցեալ երկու տարիներուն Ցեղասպանութեան յիշատակումը չանցաւ ընթացիկ արարողականի սահմաններէն անդին. 2018-ին իշխանափոխութիւնը տեղի ունեցաւ ճիշդ ապրիլ 24-ի նախօրեակին, իսկ անցեալ տարի հրապարակը նոյնքան «խճողուած» էր քաղաքական բանավէճերով: Մարդս կը տարուի մտածելով, որ աւելի քան 50 տարի առաջ, 50-ամեակին, պատասխանատուներ ու մտաւորականներ ինչպէ՞ս կրցած են աւելի ամուր բռնել մեր ժողովուրդին ու Դատին բազկերակը, երբ կ՛ապրէին համայնավարութեան կաշկանդող մթնոլորտին մէջ…
Ի վերջոյ, ներհայաստանեան հակադրութիւններու «ցունամին» որքա՞ն պիտի շարունակուի: Իշխանութեան եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ (նկատի ունինք նաեւ արտախորհրդարանական ընդդիմադրութիւնը) հակաճառութիւնները, ատելավառ հակամարտութիւնները տեղ մը կանգ պիտի առնե՞ն, եւ ո՞վ պիտի ըլլայ ազդու նախաձեռնութեան մը դիմողը: Շատ դիւրին է մեղադրանքներ ու ամբաստանութիւններ փոխանակելը, ըսել, թէ` «իշխանութիւնն է ատելութիւն հրահրողը», կամ` «ընդդիմադիրները դաւեր կը նիւթեն, կառավարական մեքենային մէջ իսկ հակայեղափոխականներ կան ու չեն թողուր, որ կառավարութեան կառքը յառաջ ընթանայ»: Մինչդեռ ժողովուրդին ամէնէն տարրական, առօրեայ ակնկալութիւններուն ու պահանջներուն ընթացք տալու չափ կենսական ու հրամայական են Ցեղասպանութեան ու մեր արդար Դատին ուղղութեամբ կազմակերպ ու հետեւողական աշխատանքները, այդ ոլորտին մէջ մարդիկ, մասնաւորաբար երիտասարդութիւնը ներգրաւելը:
Մէկ խօսքով, մեր Ցեղասպանութեան հատուցման հարցը ե՞րբ պիտի դառնայ առաջնահերթ օրակարգ, որպէսզի միջազգային գետիններու վրայ արձանագրուած մանր ու մեծ յաջողութիւնները վերածուին պետական կարողականութիւններ ներգրաւող գործընթացի` մէկտեղելով բոլորիս ձեռքերը: Ե՞րբ պիտի հասնինք քաղաքական այն հասունութեան, որ մեր Դատին հետապնդումը ապրիլէ ապրիլ տարուելիք արարողութիւն-գործ չէ, այլ կը կարօտի Հայ դատի յանձնախումբերուն հետեւողութեամբ բոլորիս ամէնօրեայ ներգրաւումին: (Քննարկումը չտարածենք` սեղանի վրայ դնելով «Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները միջազգային օրէնքներով եւ համաձայնագիրներով սահմանուած-սահմանափակուած են» սնամէջ վարկածը…):
23 յունուար 2020
www.aztagdaily.com/archives/462400