ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ – Առօրեայ Խօսքի Արտայայտչաձեւերն Ու Յատկութիւնները

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ – Առօրեայ Խօսքի Արտայայտչաձեւերն Ու Յատկութիւնները

27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Առօրեայ լեզուն կը տարբերի պաշտօնական լեզուէն այն առումով, որ խօսողին յարաբերութիւնը լեզուին հետ աւելի անմիջական կ՛ըլլայ:  Խօսքը կ՛արտաբերուի յանպատրաստից, անկաշկանդ: Բառեր գեղեցկացնելու ճիգեր չեն ըլլար հոն սովորաբար, ոչ ալ` բառերու որոնում: Ո՛չ հռետորաբանութիւն է, ո՛չ ճարտասանութիւն, այլ` պարզ կառուցուածքով, ժողովրդական բառ ու բանով համեմուած խօսք:

Առօրեայ լեզուին մէջ գործածուող բառերը, անշուշտ, ունին իրենց գրական համարժէքները, սակայն խօսքին աւելի անմիջականութիւն բերելու համար կը համեմուին դարձուածքներով ու ասոյթներով. «Շուկան կրակի գին ունի» արտայայտութեան մէջ, օրինակ, «սուղ» բառը «կրակ» բառով կը փոխարինուի` խօսքին պատկերաւորութիւն մը ապահովելով:

կամ`

– Ո՞ւր կը բնակի:

– Եօթը թաղ անդին: Փոխանակ` «հեռու» ըսելու:

Առօրեայ լեզուն կ՛արտայայտուի նաեւ յարադրաւոր բառերով. «Սիրտս անցաւ» յարադրաւոր բառը պաշտօնական խօսքին մէջ պիտի ըսէի` անօթի եմ, իսկ «սիրտս կոտրեց»-ը` զիս նեղացուց:

Այս արտայայտչաձեւերը գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու մէջ ալ կը հանդիպինք անպայման եւ զանոնք բարբառայնութիւն կը կոչենք: Գեղարուեստական գրականութեան մէջ բարբառայնութեան որպէս դիպուկ օրինակ` բերենք Յակոբ Մնձուրիի պատմուածքներէն հարուստ նմուշներ.

– Կրկնաւոր բառեր, ինչպէս`
Խոշոր խոշոր խօսիլ[1]
Հոնգուռ հոնգուռ լացաւ[2]
Աչքերդ կոկան կոկան[3] եղեր են[4]
Սրտիկդ վեր վեր մի՛ ըներ[5]
Ոսկորները փշուր փշուր պիտի ընէր[6]

– Հայհոյանք ու անէծք.
Որձամոլ շուն[7]
Լկրտած շուն[8]
Չորնայ ու քորնայ հարսիկդ[9]

– Երդում, պաղատանք ու աղաչանք.
Երկու աչքերս քորնան[10]
Անդամալուծ ըլլամ[11]
Սատկիմ առջեւդ[12]

– Օրօրոցայիններ, աշխատանքի երգեր, բարբառներ, օրհնանքներ, բարի խօսքեր, պատկերաւոր արտայայտչաձեւեր® եւ այլն:

Ծօ՛, կիրակմուտքի վասա՞կ[13] ես, ի՞նչ ես, ինչո՞ւ խօսք մտիկ չես ըներ[14] :

Զատկուան հաւկիթին պէս կարմրուկ ատ երեսիկներդ սիրեմ[15]:

Ամէնուն բերանը ինկանք[16]:

Առօրեայ խօսքին մէջ ակնյայտ են նաեւ օտար բառերու փոխառութիւնները, սակայն երբեմն նկատելի են ո՛չ միայն սոսկ օտար բառերու ներթափանցումները հայերէնին մէջ, այլ նաեւ` որոշ արտայայտութիւններ, որոնք օտար լեզուամտածողութեան արդիւնք են:  Արաբական միջավայրի մէջ, օրինակ, կրնանք լսել հետեւեալ արտայայտութինը` «Ո՞ւր էիր, վրադ կը փնտռէի»: Յստակ է, որ արաբերէնի խօսակցականին մէջ գործածուող վրայ կապի ազդեցութեան արդիւնք է վերոնշեալը: Իսկ անգլիախօս միջավայրի մէջ կրնանք հանդիպիլ, օրինակ, «հեծիկիս հետ գացի», կամ «մատիտիս հետ գրեցի» խօսքերուն, տրուած ըլլալով, որ հետ (with) կապը թէ՛ անձի, թէ՛ ոչ անձի առումով կը գործածուի օտար լեզուին մէջ: Սակայն այս արտայայտչաձեւերը սխալախօսութիւն կը համարուին եւ մերժուած ձեւեր են, անշուշտ, գրաւորին մէջ:

Միւս կողմէ, սակայն, որոշ բառեր (սկիզբը բանաւոր խօսքի մէջ, ապա` գրաւոր), ժամանակի ընթացքին նոր իմաստ ձեռք կը բերեն: Երբեմն երկու իմաստներն ալ զուգահեռ կրնան գործածուիլ, բայց երբեմն ալ նախկին իմաստին փոխարէն` նոր իմաստ մը կրնայ յառաջանալ եւ նախկինի նշանակութիւնը կորսնցնել: Յիշենք, օրինակ, օրիորդ բառի իմաստափոխութեան ընթացքը: Օրիորդ բառը կազմուած է օրի եւ որդ բաղադրիչներէն:  Որդի բառին վերջին ձայնաւորի` «ի»-ի անկումով, որդ բառը բարդ բառի վերջին բաղադրիչը դարձած է եւ` տղու իմաստը պահած[17]: Օրի կը նշանակէ իշխան (Իսրայէլ Օրի = Իսրայէլ իշխան). հետեւաբար` օրիորդ բառը նախապէս կը նշանակէր իշխանի որդի (այսինքն` տղայ): Բառիմաստի պատմական փոփոխութեան ընթացքին օրիորդ բառը փոխած է իր իմաստը, նշանակելով միայն իշխանի դուստր, ապա իմաստի ընդլայնումով` չամուսնացած աղջիկ, դուստր: Խօսակցական արեւմտահայերէնի իմաստային առաւել փոփոխութեամբ մը այսօր օրիորդ կը նշանակէ նաեւ ուսուցչուհի[18]:

Տակաւին կայ իմաստային տարբերութիւն հայերէնի երկճիւղ լեզուներուն մէջ. յիշենք, օրինակ, զզուելի բառը, որ արեւելահայերէնի մէջ նողկալի, պժգալի իմաստով կը գործածուի, մինչդեռ արեւմտահայերէնի մէջ զզուիլը ձանձրանալու իմաստը ունի: Առաջինին պարագային կ՛ըսուի. «Զզւում եմ միջատներից», իսկ երկրորդի պարագային` «պարապութենէն եւ անգործ մնալէն կը զզուիմ»: Այս շարքը տակաւին կ՛երկարի, հարկաւ:

Առօրեայ լեզուի յատկանիշներէն մէկն ալ այն է, որ խօսքը աւելի սեղմումի եւ կրճատումի կ՛երթայ. օրինակ` «Գիտե՞ս, այսօր Սունդուկեանի մէջ «Քաոս»-ը պիտ խաղցուի»: Նոյնը եթէ փորձէի գրաւոր արտայայտուիլ պիտի գրէի. «Գիտե՞ս, այսօր ……….., Երեւանի Սունդուկեան թատերասրահին մէջ Շիրվանզադէի «Քաոս»-ի թատրերգութիւնը պիտի խաղցուի»: Այս պարագան յուշել կու տայ, որ առօրեայ խօսքը իրերահասկացողութեան մակարդակ մը կ՛ենթադրէ զրուցակիցներուն միջեւ: Առօրեայ խօսքով պիտի ըսէի. «Մէկը լէպ կ՛ըսէ, միւսը լէպլէպուն կը հասկնայ»:

Եզրակացնելով` ըսենք, որ առօրեայ խօսքը ժողովրդական ստեղծագործութեան մէկ մասնիկը կը համարուի եւ կը ծառայէ գեղարուեստական գրականութեան հարստացման ու պերճացման: Իսկ բառերու աշխարհը նկարագրելու համար կ՛արժէ Եղիշէ Չարենցի նմանակութեամբ կրկնել. «Օ՜, բառերու աշխարհ, տիեզերք մ՛անհուն»:

—————–

[1] Յակոբ Մնձուրի, «Գիւղը կ՛ապրի իմ մէջս», Ստանպուլ, 2005, էջ 89:
[2] Նոյն տեղը, էջ 145:
[3] Կոկանը վայրի ողորկ ու բոլորակ սալորն է:
[4] Յակոբ Մնձուրի, նշ. աշխ. էջ 90:
[5] Նոյն տեղը:
[6] Նոյն տեղը, էջ 145:
[7] Նոյն տեղը, էջ 144:
[8] Նոյն տեղը:
[9] Նոյն տեղը, էջ 90:
[10] Նոյն տեղը, էջ 144:
[11] Նոյն տեղը:
[12] Նոյն տեղը:
[13] Շաբաթ գիշերները` կիրակմուտք կը կոչուին եւ հին ատեն գիւղին մէջ արգիլուած էր այր ու կին մարմնական յարաբերութեան մէջ մտնել, որովհետեւ նուիրական օր կը համարուէր կիրակմուտքը, տուներու մէջ խունկ կը ծխուէին, մեռելներուն համար ալ աղօթք կ՛ըլլար: Իսկ այդ օրուան ծնունդ մը մեղքի ծնունդ կը համարուէր եւ ծնողին ալ «կիրակմուտքի վասակ» կը կոչէին:
[14] Նոյն տեղը, էջ 104:
[15] Նոյն տեղը, էջ 89:
[16] Էջ 142:
[17] Աճառեան Հրաչեայ, Հայերէն Արմատական բառարան, Երեւան 1926, էջ 2648:
[18] https://hayerenblog.wordpress.com/2017/06/19/%d5%b8%d6%80%d5%a4%d5%ab%d5%b6-%d5%a1%d5%b2%d5%bb%d5%ab%d5%9e%d5%af-%d5%a7-%d5%a9%d5%a7-%d5%bf%d5%b2%d5%a1%d5%b5/

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

www.aztagdaily.com/archives/462382

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail