02 դեկտեմբեր 2015
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան նախարար Թարեք Քապիլ յայտարարած է, որ բանջարեղէնի, պտուղներու եւ հագուստի` Ռուսիա արտածման մէջ Եգիպտոսը կրնայ փոխարինել Թուրքիան:
Եգիպտացի նախարարը լրագրողներուն ըսած է, որ Եգիպտոս մտադիր է լեցնել «Սու-24» ռմբաձիգին վար առնուելուն միջադէպէն ետք ռուսական շուկային մէջ ստեղծուած բացը:
Ռուսական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Քապիլ իր ռուս գործընկեր Տենիս Մանթուրովի հետ արդէն հանդիպում ունեցած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ եւ իրմէ խնդրած է ներկայացնել Թուրքիոյ կողմէ Ռուսիա արտածուած ապրանքներու ցուցակը:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com/