Ծնունդդ Շնորհաւոր՝ Հայկական Բանակ – Ծնունդդ Շնորհաւոր՝ Հայկական Բանակ
27-01-2020 | Հայաստան | Մեկնաբանություն: //nt.am//
Գէորգ Պետիկեան
Երկրի մը բանակը յատուկ առաքելութիւն մը ունի զինք ստեղծող երկրի ժողովուրդին ու անոր ապրած հողատարածքի պահպանման նկատմամբ: Ան է, որ ի գին ամէն զոհողու-թիւններու կը պաշտպանէ նոյն այդ երկրին սահմանները եւ անշուշտ միաժամանակ ապահովելով անոր խաղաղութիւնը:
Երկրի բանակը, իր պատիւն ալ է:
Եթէ շատերու համար բանակին ծառայելը պարզապէս գործ մըն է, ընդհակառակը անդին նկատուած է, որ բանակ մը որքան ալ կազմուած ըլլայ արդիական կազմածներով, զէնքե-րով կամ հրթիռներով, եթէ անոնց ընկերացած ըլլայ նուիրուեալ, գիտակից եւ ոչ պատահա-կան մարդիկ, ան այնքան աւելի որակաւոր, հզօր ու աչքառու կը դառնայ եւ ամէն պատե-րազմէ ետք միշտ յաղթական դուրս կու գայ: Մէկ խօսքով կարգապահ մարդոց տեղն է բանակը եւ որուն ծառայողը լաւատեղեակ է խաղաղութեան, անոր պաշտպանման արժէքին ու իմաստին:
Ու եթէ բանակի մը հիմնական կորիզը իր անդամներն են, ուստի հետեւցնելով կրնանք ըսել, թէ բանակի մը գլխաւոր հիմքը ընտանիքն է: Անոր համար դարերէ ի վեր մարդիկ, պետութիւններ, ժողուրդներ իրենց երկրի խաղաղութեան եւ ինչու չէ նաեւ նոր հողատարածքներ ձեռք ձգելու որդեգրումներէն ու ծրագիրներէն մեկնած, առաջին իսկ հերթին մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են իրենց երկրի բանակին, անոր մարդուժի քանակին եւ որակին ու հզօրացման աշխատանքներուն: Նոր զէնքերով զինած են զայն: Միշտ մօտէն հսկած ու ամէն գինով հոգացած են անոր պահանջներն ու կարիքները: Արդիականացուցած են զէնքով, «պաշարով» ու մարդուժով: Կարգապահու-թիւն սահմանած ու պարտադրած են:
Ու տեսնուած է նաեւ, որ ամէն պատերազմ իր աւարտին միշտ բերած է որոշ գիտութիւն, թէքնիք ու փորձառութիւն: Եւ որովհետեւ
բանակին համար մեծագոյն արժէքը՝ զինուորին կամ ծառայողին կեանքն է, ուստի ամէն առիթներով մարդիկ, բանաստեղծներ, գուսաններ եւ երգիչներ երգեր ու տաղեր հիւսած են, ոտանաւորներ նուիրած: Իր կարգին, երկրին մամուլն ալ յօդուածներով ու պատմուածքներով ջատագոված է իր բանակին յաջողութիւններն ու սխրագործութիւնները:
Ապա վերջը, նոյն այդ երկրի ղեկավարները առ ի երախտագիտութիւն՝ միշտ մեծարած են իրենց բանակի արժանաւորները յատուկ մետալներով կամ յուշարձաններով: Նոյնիսկ երկրի մեծ քաղաքներու գլխաւոր պողոտաներն ու փոցոցները իրենց բանակին ծառայող հերոսներու ու նուիրեալներու անուններով յիշատակած:
Սակայն ինչո՞ւ այս բոլորը:
Որովհետեւ Յունուար 28-ին, հրապարակային կերպով հայ ժողովուրդը կը տօնախմբէ իր ազգային բանակին հիմնադրութեան ծնունդը։
Բոլորս ալ անխտիր համազգային ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը դիմաւորենք մեր զինեալ ուժերուն ծննդեան այս թուականը:
Լաւատեղեակ ենք ու խոր յարգանքով կը յիշենք Արցախեան պատերազմին մեր բանակին ձեռք ձգած յաղթանակները, հայ զինուորին քաջարի ծառայութիւնը, օրինակելի գիտակցութիւնը, հայրենիքի հողի ազատութեան ի խնդիր անոր թափած սուրբ արեան նպատակը: Մեզի համար այս բոլորը ոչ միայն նորութիւններ են այլ նաեւ ներշնչման աղբիւրներ:
Չենք կրնար անտարբեր ըլլալ եւ մնալ: Մեր բանակը մեր ազգային պատիւն ու յաղթանակն ալ է: Գիտենք ու ամէնօրեայ մեր կեանքի հեւքին հետ ալ միատեղ մօտէն կը հետեւինք մեր բանակի լուրերուն ու անոր տագնապներուն: Կը լսենք անոր «խնդիրներն» ու «բաց թողումները»: Բայց այս բոլորին կողքին, անպակաս են նաեւ առիթներն ու երեւոյթները, որոնք հպարտութիւն կը ներշնչեն մեր բոլորին եւ վառ յոյս՝ մեր հայրենիքի փայլուն ապագայի հանդէպ:
Մեր այս տողերը պարզ պաշտամունքի մը ծնունդն են, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մեր բանակը մեր երկիրը դէպի լուսաւոր ճանապարհ ալ կ՛առաջնորդէ: Վկա՛,յ Արցախի արիւնոտ պայքարը:
Վկա՛յ, քառօրեայ պատերազմը։ Բոլոր նահանջող հոգիները թող գիտնան, թէ մեր ազգային բանակները, ըլլան անոնք Արցախեան եւ կամ Հայաստանեան մեծ յանձնառութիւն-ներու տակ, մտան ու թշնամի հոսող ժամանակին դէմ թիավարեցին, երբեմն բոլորովին աննպաստ պայմաններու տակ, երբեմն ալ նոյնիսկ արիւնոտ յաճա-խանքներով, միշտ ուժ ունենալով միայն իրենց ներքին հաւատքը, պատկանելիութեան հուրքը, ծառայելու տենդը եւ մահուան ու ազատութեան գիտակացութիւնը:
Մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկայ է հայ բանակը: Ոչ մէկ կասկած եւ տարակուսանք: Պէտք է միշտ անոր զօրակցիլ: Աջակցիլ։ Գուրգուրալ։ Մատակարարել։ Հետեւիլ։ Միշտ արդիական դարձնել ու պահել: Մասնագէտներով օժտել: Վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչել ու այս ձեւով ամրապնդել նաեւ մեր յոյսերը:
Ու պատիւ իրեն, մեր ժողովուրդը միշտ բարձր գնահատած է իր բանակի անդամներուն հայրենասիրական ոգին: Տագնապած ու մտահոգուած է անոր ներքին ու արտաքին հարցերով եւ սակայն երբեք չէ յուսահատած, այլ՝ ընդհակառակն, միշտ խանդավառուած է անոր լաւ լուրերով եւ յաջողութիւններով:
Որովհետեւ ազգովին հաւատած է, որ մեր բանակին մէջ ամրօրէն խարսխուած է հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատամքը:
Որովհետեւ մեր բանակը նաեւ իր մէջ պահ ունի իր կոչումին յատուկ գիտակից ու սրբազան հայակերտ առաքելութեան նշանակութիւնը:
Հայ ենք ու պատմութիւնը վկայ իբրեւ բանակ համայն ժողովուրդով, մեր այրուձիով, մեր մեծով ու պզտիկով միշտ կռուած ենք կեանքի, ազատութեան եւ մահուան համար:
Քաջութիւն, նուիրում եւ հերոսութիւն մեզ դարերէ ի վեր առաջնորդած են դէպի առաջ, խրոխտ յաղթանակներու եւ յաւերժական կեանքի ու յաւիտենականութեան:
Ու առաջին իսկ օրերէն մեր ներկայի ազատ եւ անկախ հայրենքին մէջ, մեր «բանակաշինութիւնը» մեր ժողովուրդի ինքնութեան գոյութիւնը կրկին անգամ երաշխաւորեց: Եւ ապա նոյն այդ բանակի անձնազոհ զինուորներով ու մարտիկներով յաղթանակներ կոթողուեցան:
Այսօր նոյն այդ բանակի սեփականութեան հրճուանքն է, որ մեզ կը խանդավառէ, որովհետեւ ան է որ մեր հողին ապահովութիւնը կ՝երաշխաւորէ:
Թող ազգային մեր բանակին ծառայելը բոլորիս համար հպարտութիւն ըլլայ:
Անոր համար՝ ի սրտէ բարի մաղթանք մը մեր բանակին ու անոր մեծ ու փոքր բոլոր զինեալ նուիրեալներուն:
Տարեդարձդ շնորհաւոր՝ հայկական բանակ։
nt.am/am/news/278739/