Թրամփ Նեթանիահուի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին Յայտարարեց. Սպիտակ Տունը Այսօր Պիտի Յայտարարէ «Դարու Գործարք»-ը
28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Սպիտակ տունը այսօր կրինիչի ժամանակացոյցով կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին պիտի յայտարարէ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ծրագիրը` «Դարու գործարք»-ը:
Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Արաբական շարք մը երկիրներ համաձայն գտնուեցան «Դարու գործարք»-ին եւ զայն հոյակապ գործարք մը կը նկատեն»:
«Խաղաղութեան ծրագիրին Իսրայէլի վարչապետին եւ այլ կողմերուն աջակցութիւնը ունինք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Վերջ ի վերջոյ պիտի ստանանք պաղեստինցիներուն աջակցութիւնը»:
«Պաղեստինեան կողմը վաղը (այսօր, «Ա.») տեղեակ պիտի պահենք խաղաղութեան ծրագիրէն, եւ անիկա զայն պիտի սերտէ: Կը կարծեմ, որ պաղեստինցիներուն համար հոյակապ առիթ մը գոյութիւն ունի, կը կարծեմ, որ ծրագիրին նկատմամբ անոնց աջակցութիւնը պիտի ստանանք»:
Նեթանիահու իր կարգին Թրամփին ըսաւ. «Դարու գործարք»-էն պիտի չհրաժարինք, եւ դուն Իսրայէլի մեծագոյն բարեկամն ես»: «Դարու գործարք»-ը Իսրայէլի համար դարու առիթն է»:
Միւս կողմէ, Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահն ու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահը միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեցին. «Վաղուց յայտարարուած ամերիկեան կեցուածքը պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի երկու կողմերուն միջեւ շրջանի երկիրներուն եւ աշխարհի աջակցութեամբ ուղղակի բանակցութիւններու ճամբով խաղաղ լուծումի հասնիլն է»:
«Պաղեստինեան պետութեան հաստատումը միլիոնաւոր պաղեստինցիներու հայրենիք մը պիտի ապահովէ, եւ պաղեստինցի ժողովուրդը արժանի է ինքնորոշման իրաւունքին», յայտնեցին անոնք:
Նշելէ ետք, թէ «ձգտում եղող երկու պետութիւններու լուծումը լոյս պիտի չտեսնէ երկու կողմերէն ոեւէ մէկուն միակողմանի քայլերուն ճամբով», հաղորդագրութիւնը յորդորեց Թրամփը վերականգնելու Միացեալ Նահանգներու` երկու կողմերը բանակցութեան սեղան վերադարձնելու յանձնառութիւնը:
www.aztagdaily.com/archives/462589