Ուաշինկթըն Պաղտատին Կոչ Կ՛ուղղէ` Յարգելու Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւնները Պաշտպանելու Իր Յանձնառութիւնը

Պաղտատի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան Հրթիռակոծումէն Եւ Վիրաւորներու Արձանագրումէն Ետք. Ուաշինկթըն Պաղտատին Կոչ Կ՛ուղղէ` Յարգելու Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւնները Պաշտպանելու Իր Յանձնառութիւնը

28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ»»

Լուսանկարի աղբյուրը` «Leslie’s Illustrated», հունիսի 28, 1917 թ

Կիրակի գիշեր Պաղտատի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան տարածքին վրայ ինկան երեք հրթիռներ, որոնցմէ մէկը հարուածեց դեսպանատան ճաշարանը: Այս մասին հաղորդեց «Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը:

Հրթիռակոծման պատճառով արձանագրուած են քանի մը վիրաւորներ: Դեսպանատան մէջ գտնուող անձերը ուղղաթիռով հեռացուած են դեսպանատունէն:

Իրաքցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ արձակուած են 5 հրթիռներ, որոնցմէ 3-ը ինկած են դեսպանատան մէջ: Հրթիռներէն մէկը ընթրիքի ժամանակ հարուածած է դեսպանատան ճաշարանը:

Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Խալպուսի յայտարարեց, որ Պաղտատի մէջ ամերիկեան դեսպանատան հրթիռակոծումը վնաս հասցուց երկրի հեղինակութեան ու գերիշխանութեան: Վարչապետի պաշտօնակատար Ատել Ապտել Մեհտին հրամայեց գտնել եւ պատժել մեղաւորները:

Յիշեցնենք, որ 20 յունուարի երեկոյեան դեսպանատան մօտ դարձեալ հրթիռներ ինկած էին, սակայն վիրաւորներ կամ նիւթական վնասներ չէին արձանագրուած:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ տեղեակ է Պաղտատի Կանաչ շրջանին մէջ հրթիռներու իյնալուն մասին:

Նախարարութիւնը իրաքեան իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` «յարգելու դիւանագիտական կառոյցները պաշտպանելու իր յանձնառութիւնները»:

«Ապահովական կացութիւնը տակաւին լարուած է, եւ Իրանի աջակցութիւնը վայելող զինեալ խմբաւորումներ տակաւին վտանգ կը ներկայացնեն, ուստի, զգօն կը մնանք», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Ֆաթհ դաշինքի ղեկավար Հատի Օմարի յայտնեց, որ ամերիկեան դեսպանատան հրթիռակոծման նպատակը «օտար ուժերու հեռացումը արգելակելն է»:

Ասայեպ Ահլ Հաք շարժումի ղեկավարներէն Ժաուատ Թալիպաուի իր կարգին նշեց, որ Դիմադրութեան խմբաւորումները դեսպանատան դէմ յարձակումին ետին չեն կանգնիր:

ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE

www.aztagdaily.com/archives/462588

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail