ԱՄՆ Քանզաս Նահանգի Ազգային Պահակազօրի Պատուիրակութիւնը Պիտի Մասնակցի Հայոց Բանակի Օրուան Ձեռնարկներուն

ԱՄՆ Քանզաս Նահանգի Ազգային Պահակազօրի Պատուիրակութիւնը Պիտի Մասնակցի Հայոց Բանակի Օրուան Ձեռնարկներուն

28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ»»

ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Յունուար 27-ին, ընդունեց ԱՄՆ Քանզաս նահանգի Ազգային պահակազօրի զօրավար-հրամանատար Լի Թաֆանելիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:

Ողջունելով հիւրերը՝ նախարար Մնացականեան գոհունակութեամբ ընդգծեց Հայոց Բանակի օրուան նուիրուած ձեռնարկներուն ԱՄՆ ներկայացուցչական պատուիրակութեան մասնակցութիւնը: Նախարարին խօսքով՝ տարիներու ընթացքին Միացեալ նահանգներու հետ հաստատուած է ամուր գործընկերային երկխօսութիւն, եւ Հայաստանը պատրաստակամ է շարունակելու ջանքեր գործադրել երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները առաւել ամրապնդելու եւ հարստացնելու ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները մտքերու փոխանակում ունեցան հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան շուրջ՝ ընդգծելով վերջինիս ծիրէն ներս ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կեանքի կոչման կարեւորութիւնը:

Իբրեւ երկկողմ օրակարգի կարեւոր բաղադրիչ՝ կողմերը մատնանշեցին ապակեդրոնացուած համագործակցութեան զարգացումն ու ընդլայնումը, որուն լաւագոյն օրինակ է Նահանգային գործընկերութեան ծրագիրին ծիրէն ներս 2003 թուականէն Քանզաս նահանգի հետ իրականացուող համագործակցութիւնը։ Երկուստէք պատրաստակամութիւն յայտնուեցաւ համատեղ քայլեր ձեռնարկելու աւանդական դարձած ուղղութիւններով, ներառեալ խաղաղապահութեան, ռազմական բժշկութեան, անձնակազմի մարտավարական պատրաստութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ: Այս ծիրէն ներս Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը բարձր գնահատեց ԱՄՆ նշանակալի ներդրումը Հայաստանի խաղաղապահ կարողութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուց Հայաստանի մէջ կառավարութեան կողմէ նախաձեռնուած բարեփոխումներուն ընթացքը, մասնաւորապէս իրաւապահ ոլորտին մէջ՝ այդ ծիրէն ներս կարեւոր համարելով ամերիկեան գործընկերներու հետ շարունակական համագործակցութիւնը:

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895

yerakouyn.com/2020/01/27/ամն-քանզաս-նահանգի-ազգային-պահակազօր/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail