Հայաստանի Հանրապետութեան Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Այցելեց Եռաբլուր Զինուորական Պանթէոն

Հայաստանի Հանրապետութեան Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Այցելեց Եռաբլուր Զինուորական Պանթէոն

29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԵՌԱԲԼՈՒՐ:

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու կազմաւորման 28-րդ տարեդարձին առիթով Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ուր յարգանքի տուրք մատուցեց հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներուն յիշատակին:

«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելեցին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:

Բարձրաստիճան այրերը ծաղիկներ զետեղեցին Ապրիլեան պատերազմին զոհուած հերոսներուն, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօրավար Անդրանիկի շիրիմներուն, արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու ու զինուորներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:

Հայաստանի Նախագահը Այցելեց Վազգէն Սարգսեանի Ընտանիքին

Բանակի օրուան առիթով Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 28 յունուարին այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոս, Արցախի հերոս, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան առաջին նախարար Վազգէն Սարգսեանի ընտանիքին:

Նախագահը ծաղիկներ զետեղեց Վազգէն Սարգսեանի յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին, նաեւ Վազգէն Սարգսեանի մօր` Կրեթա Սարգսեանի շիրիմին:

Անոնք ծաղիկներ դրին 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներու, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ` զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին:

Բակօ Սահակեան Այցելեց Ստեփանակերտի Յուշահամալիր Եւ Շնորհաւորեց Բանակը

Հայրենեաց պաշտպանի օրուան առիթով Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 յունուարին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի եւ երկրի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն ընկերակցութեամբ այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր:

Նախագահը ծաղիկներ զետեղեց Համաշխարհային Բ. պատերազմին զոհուածներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին, արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն եւ անյայտ կորսուած ազատամարտիկներու յուշարձանին:

Բանակի օրուան առիթով նախագահը նաեւ շնորհաւորական ուղերձ յղեց եւ հաստատեց, որ ասիկա տօնն է նաեւ աշխարհասփիւռ բոլոր հայերուն, որոնք հայրենիքին համար օրհասական պահուն տարբեր երկիրներէ շտապեցին Արցախ եւ կանգնեցան անոր պաշտպանութեան դիրքերուն մէջ:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail