Ջանք Կը Տարուի Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Համար Դաշնակցային Աջակցութիւն Ապահովելու
29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՍՓԻՒՌՔ – ԱՇԽԱՐՀ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 28 Յունուարին ողջունեց Ներկայացուցիչներու տան կողմէ թիւ 943 բանաձեւին վաւերացումը, որ եթէ Ծերակոյտին կողմէ եւս վաւերացուի եւ ստորագրուի նախագահին կողմէ, տարեկան 2 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ Հրեա-ներու Ողջակիզման դաւաւանդումներուն, յաջորդ հինգ տարիներուն ընթացքին։
Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուած՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերուն լոյսին տակ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այժմ երկրին գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններուն հետ խորհրդակցութեանց սկսած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այլ փորքրամասնութեանց ցեղասպանութիւններու դասաւանդումներուն համար եւս պետական աջակցութիւն ապահովելու նպատակով, կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ յիշեցնելով, որ Թուրիքա կը շարունակէ ուրանալ Հայոց Ցեղասապանութիւնը։
Հայ Դատի նշեալ ջանքերէն մէկը կապուած է Ներկայացուցիչներու տան թիւ 47 բանաձեւին, որ ներկայիս կը քննարկուի Կրթութեան եւ աշխատողներու հարցերու յանձնախումբին կողմէ։
Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրին տուեալներուն համաձայն՝ ներկայիս ցեղասպանութիւններու դասաւանդում կատարող Միացեալ Նահանգներու նահանգներէն միայն 15-ին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը նկատուի ցեղասպանութիւններու գլխաւոր օրինակներէն մէկը։ Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել
www.genocideeducation.org կայքը, իսկ իւրաքանչիւր նահանգի վիճակին մասին իմանալու համար՝ դիմել Արեւելան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերուն, յաջորդաբար հետեւեալ հասցէներով. ancaer@anca.org եւ info@ancawr.org։
yerakouyn.com/2020/01/29/ջանք-կը-տարուի-հայոց-ցեղասպանութեան-դ/