Սեւան Նշանեան Հանդիպում Ունեցաւ Թորոնթոյի Հայութեան Հետ – Սեւան Նշանեան Հանդիպում Ունեցաւ Թորոնթոյի Հայութեան Հետ

Սեւան Նշանեան Հանդիպում Ունեցաւ Թորոնթոյի Հայութեան Հետ – Սեւան Նշանեան Հանդիպում Ունեցաւ Թորոնթոյի Հայութեան Հետ

29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՍՓԻՒՌՔ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Թորոնթոյէն մեր պատուակալ աշխատակից Յարութիւն Դերձակեան կը տեղեկացնէ մեզի.

«Թրքահայ յայտնի մտաւորական, լեզուաբան, հետազօտող, լրագրող, բառարանագէտ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Սեւան Նշանեան իր մայրը, քոյրը եւ հարազատները տեսնելու նպատակով, Թորոնթօ ժամանած է, կողակիցին՝ Իրա Ցուրուի հետ։ Այս բացառիկ առիթէն օգտուելով, Թորոնթոյի Պոլսահայ մշակութային միութիւնը իրեն հետ հանդիպում մը ունենալու նպատակով կազմակերպեց երեկոյթ մը, որ սարքուեցաւ 23 Յունուար 2020 Հինգշաբթի երեկոյեան Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ։ Կանուխ ժամերէն սկսեալ, հայեր մէկտեղուած էին՝ մօտէն տեսնելու եւ ճանչնալու համար Սեւան Նշանեանը, մասնաւորաբար պոլսահայեր, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին սրահը։ Ներկայ էր նաեւ Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեան։

Սեւան Նշանեան, ինչպէս ծանօթ է բոլորին, 2010-ին հրատարակած է «Ստուգաբանական Բառարան», որ կը բովանդակէ Թուրքիոյ առաւել քան 16,000 տեղանունները, որոնք փոխուած էին թրքացման քաղաքականութեան պատճառով։ Ան հեղինակ է աւելի քան 20 գիրքերու։ 2004ին ան արժանացած է Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու կազմակերպութեան «Այշէ Հիւր Զարաքօլու» ազատութեան մրցանակին, ինչպէս նաեւ 2016-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլեըմ Սարոյեան» մետալին։

Նշանեան գրած է «Սխալ Հանրապետութիւն» գիրքը, որ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան առասպելները։

2012-ին հետապնդումներ սկսած էին Սեւան Նշանեանի դէմ։ Ան կը բնակէր Իզմիրի Շիրինճէ գիւղի իր սեփական այգիին մէջ, ուր ապօրինի շինանարութիւն կատարած ըլլալու յանցանքով 2014ին դատապարտուած էր 17 տարուան ազատազրկման։

Սեւան Նշանեան 3.5 տարի բանտարկուած մնալէ ետք, 14 Յուլիս 2017ին, Ֆոչայի բաց դրութեամբ բանտէն թոյլտուութեամբ դուրս եկած եւ այլեւս չէր վերադարձած, ապաստանելով Յունաստանի Սամոս կղզին՝ իբրեւ քաղաքական ապաստանեալ։ Իսկ երկու օր վերջն ալ Յունաստանէն վեցամեայ կեցութեան արտօնագիր ստացած էր։

Նշանեան վերջերս Դիմատետրի իր էջին վրայ սովորութիւն ըրած է ամէն Կիրակի ուղղակի սփռումով զրոյց մը ունենալու իր համակիրներուն հետ եւ պատասխանելու անոնց հարցումներուն։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ազգային գործիչ, հրապարակագիր Րաֆֆի Պետրոսեան, որ ներկաները ողջունելէ ետք, մանրամասն կերպով ներկայացուց օրուան հիւր բանախօսը, հրաւիրեց զինքը որպէսզի իր շահեկան զեկուցումը փոխանցէ։

Նշանեանի այդ երեկոյի նիւթն էր ո՛չ թէ քաղաքական թեմաները, այլ իր հրատարակած գիրքերուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցելը։

Օրուան հիւրը արտայայտուեցաւ իր վերջին գրած գիրքերուն մասին։ Ան պատրաստած է «Նշանեան Սէօզլիւք» արմատական բառարանը, որուն մէջ կը տրուին բառերու արմատները, կը բացատրուի բառին ծագումի պատմութիւնը, առաջին անգամ ի՞նչպէս մէջտեղ ելած եւ գործածուած ըլլալը եւ նաեւ թէ ի՛նչ է առաջին իմաստը։ Նշանեան երկու տարուան մէջ ինը գիրքեր գրած է, որոնցմէ չորսը նոր հրատարակութիւններ են։

Նշանեանի բանախօսութեան գլխաւոր նիւթը «Թուրքիոյ Տեղանուններու Բառարան» գիրքին մասին էր։ Այս գիրքը տասնմէկ տարիներու երկար աշխատանքի արգասիքն է. անիկա կը բաղկանայ 1800 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 56,000 տեղանուններ։ Հեղինակը այս գիրքին պատրաստութեան համար ուսումնասիրած եւ գործածած է 1911էն սկսեալ Թուրքիոյ կառավարութեան պատրաստած զինուորական քարտէսները։ 1800-ին պատրաստուած գիւղերու տարեգիրքերը, նաեւ 1500-ներէն Օսմանեան շրջանի գիւղերու տուրքի ցանկերը, հին յունական, սուրիանի եւ հայկական պատմագիրքերէն տեղանունները պրպտած եւ այս բոլորը իրարու քով բերելով աշխատանք տարած է։

Սեւան Նշանեան իր շատ շահեկան այս բանախօսութիւնը շարունակեց մէկ առ մէկ ցուցադրելով 15 յաջորդական քարտէսներ, որոնց իւրաքանչիւրին վրայ սեւ կէտերու խումբերը ցոյց կու տային, թէ տարիներու ընթացքին հայեր, յոյներ, քիւրտեր, ասորիներ, արաբներ, կիւրճիւ-վրացիներ, ազերի-քարաբաբաքներ, ալեւի-արաբ ալեւիներ, չերքէզ, աբխազ, տաղստանցի, չէչէն, նոկայններ եւ թուրքեր որ մասերուն մէջ ապրած են, իրենց այդ գիւղերուն, աւաններուն, քաղաքներուն տուած են անուններ, որոնք ժամանակի ընթացքին ունեցած են անուանափոխումներ։ Կան բնակավայրեր, որոնց անունները բնակող ժողովուրդներուն հետ կապ չեն ունեցած։ Նշանեան այս բոլոր բացատրութիւնները կու տար՝ նշելով նաեւ ներկայ քաղաքներուն անունները եւ անցեալին այդ վայրերուն մէջ այդ ժողովուրդներուն ապրած թուականները։

Սեւան Նշանեան իր խօսքին աւարտին հանգամանօրէն պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն, հարցումի մը վրայ յայտնեց, թէ ինք 12 լեզուներու կը տիրապետէ։

Սեւան Նշանեանի ապագայ ծրագիրն է՝ «Թուրքիոյ Անուններու Բառարան» գիրքին պատրաստութիւնը։ Բառարանագէտը թրքերէն, հայերէն, յունարէն, արաբերէն եւ այլ անուններու 100 միլիոն հաշուող ցանկ մը ձեռքին ունենալով՝ արդէն իսկ սկսած է աշխատութեան։

Այս շատ շահեկան երեկոյթը իր աւարտին հասաւ Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեանի հուսք բանքով:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

«ՄԱՐՄԱՐԱ»

yerakouyn.com/2020/01/29/սեւան-նշանեան-հանդիպում-ունեցաւ-թորո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail