«Երուսաղէմը Միշտ Մեր Կարմիր Գիծն Է, Եւ «Դարու Գործարք»-ը Դատապարտուած Է Ձախողութեան» Կ՛ըսէ Շենթոփ
30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»»
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ, մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի երեքշաբթի գիշեր յայտարարած «Դարու գործարք»-ը, շեշտեց. «Պաղեստինի դատին նկատմամբ Թուրքիոյ կեցուածքը հիմնուած է Միջազգային օրէնքի եւ օրինականութեան վրայ, եւ Երուսաղէմը միշտ մեր կարմիր գիծն է»:
Շենթոփ ընկերային ցանցին վրայ յայտարարութեան մը մէջ նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ենթադրեալ ծրագիրը պաղեստինեան դատն ու Երուսաղէմի կարգավիճակը հասկնալէն շատ հեռու է, եւ դատապարտուած ձախողութեան»:
Թուրքիոյ նախագահական պալատի հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆախրետտին Ալթուն իր կարգին ըսաւ. «Այդ յայտարարութիւնը պարզապէս բռնագրաւումն ու իսրայէլեան բնակեցման վայրերուն օրինականութիւն շնորհելու փորձ մըն է:
«Ատիկա անգործադրելի ծրագիր մըն է եւ կը ձգտի պաղեստինցիներու պահանջները ճնշել ու Իսրայէլը գոհացնել», ըսաւ ան:
«Ամբողջ աշխարհը պէտք է դէմ կանգնի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմի` իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանաչումին: Միացեալ Նահանգներ ենթադրեալ խաղաղութեան ծրագիրին ճամբով կը ջանան Երուսաղէմը ամբողջութեամբ շնորհել Իսրայէլին», նշեց Ալթուն:
«Երուսաղէմը Իսրայէլին չի պատկանիր, եւ ոեւէ երրորդ կողմ իրաւունք չունի զայն ոեւէ մէկուն շնորհելու, եւ ատոր վերաբերեալ առանց առնչակից կողմերուն համաձայնութեան որոշում տալը միայն շրջանին մէջ քաոսի ստեղծման պիտի նպաստէ», յայտնեց թուրք պաշտօնատարը:
«Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միակողմանի որոշումները շրջանին մէջ պատճառ դարձան արիւնահեղութեան եւ արցունքներու թափման», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ «Դարու գործարք»-ը պաղեստինցիներու իրաւունքներու անտեսման եւ բռնագրաւումի օրինականացման ծրագիր մըն է, որ խաղաղութեան հաստատման պիտի չծառայէ եւ լուծում պիտի չբերէ:
www.aztagdaily.com/archives/462890