«Իրանեան Հարուածին Պատճառով 50 Զինուորներ Ուղեղային Վնասուածքներ Ստացան» Կ՛ըսէ Փենթակոն
30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց, որ այս ամիս Իրաքի մէջ ռազմակայանի մը դէմ Իրանի գործած հրթիռային յարձակումին պատճառով 50 զինուորներ ախտանշուած են ուղեղային վնասուածքներով, ինչ որ ամերիկեան բանակին նախապէս յայտարարածէն աւելի մեծ թիւ մըն է:
Փենթակոնի բանբեր դերգնդապետ Թամըս Քամպըլ Իրաքի արեւմուտքը գտնուող Այն Ասատ ռազմակայանին դէմ իրանեան յարձակումին պատճառած վիրաւորումներուն մասին հաղորդագրութեան մը մէջ ըսաւ. «Մինչեւ օրս 50 ամերիկացի զինուորներ ախտանշուած են ուղեղային վնասուածքներով», որոնց շարքին են` գլխացաւ, գլխու ցնցում, գլխապտոյտ, լոյսի նկատմամբ դիւրազգացութիւն եւ փսխուք:
Քամպըլ յայտնեց, որ նշեալ 50 զինուորներէն 31-ը դարմանուած են Իրաքի մէջ եւ վերադարձած զինուորական ծառայութեան, իսկ 18 ուրիշներ փոխադրուած են Գերմանիա` յաւելեալ ախտորոշման եւ դարմանումի համար:
Մէկ զինուոր փոխադրուած է Քուէյթ ու վերադարձած զինուորական ծառայութեան: «Ասիկա հակիրճ ակնարկ մըն է, եւ թիւերը կրնան փոխուիլ», ըսաւ ան:
Փենթակոն անցեալ ուրբաթ այս հարցին շուրջ այլ հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարած էր, թէ վիրաւորներուն թիւը 34 է:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ ամերիկացի այլ պաշտօնատարներ սկիզբը յայտնած էին, թէ 8 յունուարին Իրանի գործած յարձակումին պատճառով ոեւէ ամերիկացի զինուոր չէ զոհուած կամ վիրաւոր չէ արձանագրոած:
Թրամփ անցեալ շաբաթ փորձեց մեղմացնել այդ իրողութիւնը` նշելով. «Լսեցի, թէ գլխացաւ ու կարգ մը այլ հարցեր ունեցած են»:
www.aztagdaily.com/archives/462891