ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Անդրադարձ. Վերջնագիրն Ու Միակողմանի Գործարքի Եւ Խաղաղութեան Անհեթեթութիւնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Անդրադարձ. Վերջնագիրն Ու Միակողմանի Գործարքի Եւ Խաղաղութեան Անհեթեթութիւնը

30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»

Un charnier de victimes arméniennes du génocide dans le village de Sheyxalan (Turquie), en 1915. (ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM / AFP)

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չորեքշաբթի, 29 յունուարին յայտարարեց Միջին Արեւելքի խաղաղութեան իր երկար սպասուած ծրագիրը` «Դարու գործարք»-ը: Ներկայութեան պատկերը աւելի քան խօսուն էր. ներկայ էր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, սակայն բացակայ էին պաղեստինեան կողմի ներկայացուցիչները, որոնք կտրուկ կերպով մերժեցին ծրագիրը:

Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը (ՊԱԿ) 1993-ին կնքուած Օսլոյի համաձայնութեան հիմամբ ճանչցաւ Իսրայէլը, իսկ վերջինս ալ մինչ այդ իր կողմէ ահաբեկչական նկատուած ՊԱԿ-ը ընդունեց իբրեւ պաղեստինցի ժողովուրդի ներկայացուցիչ: Այլ խօսքով` երկու կողմերը զիրար ճանչցան իբրեւ բանակցութեան գործընկեր:

«Դարու գործարք»-ի պարագային չկայ գործընկեր, ուստի անհեթեթ է խօսիլ գործարքի կամ խաղաղութեան մասին: Ի վերջոյ որո՞ւ հետ է, որ այդ գործարքը կը կնքուի եւ խաղաղութիւնը կը հաստատուի. «Թանկօ պարելու համար երկու պէտք է ըլլալ», ինչպէս կը նշէ անգլերէն ասացուածքը: Ներկաներն ու պատկերասփիւռի ճամբով «Դարու գործարք»-ի հռչակման հետեւողները չեղան նախագահ Պիլ Քլինթընի ներկայութեամբ Եասեր Արաֆաթի եւ Իցհաք Ռապինի միջեւ ձեռք սեղմումին նման պատմական պահու մը ականատեսները, այլ` Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի, աւելի ճիշդ, երկու երկիրներու ընտրութիւններու շեմին գտնուող ղեկավարներուն միջեւ գործարքի մը կնքումին ականատեսները:

Թրամփ պաղեստինցիներուն նկատմամբ «ստեպղինի եւ գաւազանի» քաղաքականութիւն կը կիրարկէ: Ան պաղեստինցիներուն 50 միլիառ տոլարի ներդրում եւ 1 միլիոն գործի առիթի ապահովում կը խոստանայ, այլ խօսքով` պաղեստինցիներու իրաւունքի խլման համար կաշառք կ՛առաջարկէ եւ նոյն ատեն վերջնագիր կը ներկայացնէ, նշելով, որ «Դարու գործարք»-ը «կրնայ պաղեստինցիներուն համար վերջին առիթ մը ըլլալ»: Ան նաեւ տողատակի Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին կը սպառնայ նշելով. «Եթէ խաղաղութիւնը ընտրես` քու կողքիդ պիտի ըլլանք այս երթին բոլոր փուլերուն ընթացքին»: Ապպաս մերժեց այդ կաշառքը` յայտարարելով, որ Երուսաղէմն ու պաղեստինեան իրաւունքները ծախու չեն:

«Դարու գործարք»-ը պիտի վերականգնէ պաղեստինցիներուն միասնականութիւնը: ՊԱԿ արդէն Համասի մասնակցութեամբ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ որոշուեցաւ վերջ տալ Օսլոյի համաձայնագիրին` միացնելով այդ համաձայնագիրին թեր եւ դէմ եղող պաղեստինեան կողմերը:

Օսլոյի համաձայնութիւնը, սակայն, ստեղծեց Պաղեստինեան իշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ պաղեստինեան ինքնավարութիւնը, ուստի համաձայնութեան չեղեալ հռչակումը բնականաբար անոնց ճակատագիրը կ՛առնէ մեծ հարցականի տակ, մանաւանդ Ապպասին ուղղուած Թրամփի տողատակի սպառնալիքին լոյսին տակ:

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895

www.aztagdaily.com/archives/462835

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail