Հայկական Պատուիրակութիւնը UNESCO-ի Մէջ Բացայայտած է Ատրպէյճանական Կեղծարարութիւնը

03 դեկտեմբեր 2015

Նամիպիայի մայրաքաղաք Վինտհուգի մէջ Նոյեմբեր 30-Դեկտեմբեր 4 ընթացող UNESCO-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման միջկառավարական կոմիտէի 10-րդ նստաշրջանի ընթացքին հայկական պատուիրակութիւնը արձագանգած է ատրպէյճանական մամուլի մէջ այս օրերուն տարածուող բացայայտ կեղծ տեղեկատւութեան:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` հայկական կողմի ելոյթը վերաբերած է, մասնաւորապէս, Ատրպէյճանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ այդ երկրին մէջ գործող լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուած տեղեկատւութեան, ուր շարք մը կեղծիքներ կը ներկայացուին UNESCO-ի եւ մասնաւորապէս վերջինիս Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման միջկառավարական կոմիտէի անունով: Այդ կեղծիքներուն մէջ են Քոչարի պարի հայկական ինքնութեան` իբրեւ թէ UNESCO-ի կողմէն մերժումը, կոմիտէի նիստի ընթացքին ատրպէյճանական պատուիրակութեան տեղի չունեցած ելոյթները, UNESCO-ի գործառոյթներուն որեւէ կերպ չառնչուող քաղաքական բնոյթի զեկոյցներու ընդունումը եւ այլն:

Նշուած է նաեւ, որ եթէ Ատրպէյճանը կրնայ կեղծիքներ տարածել իր երկրի մէջ` մոլորութեան մէջ դնելով իր իսկ բնակչութիւնը, ուստի համաշխարհային հանրութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ նոյն կերպ վարուիլը անհնար է:

Հայկական պատուիրակութեան ներկայացուցիչը մէկ անգամ եւս բոլորի ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն հան­գա­ման­քին վրայ, որ Ատրպէյճանը ամէն կերպ կը փորձէ քաղաքականացնել այս հարթակը, ինչը անթոյլատրելի է: Կոչ ուղղուած է UNESCO-ի քարտուղարութեան հետամուտ ըլլալ եւ արձագանգել Ատրպէյճանի կողմէ այս կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­ուան շահարկումներուն եւ կեղծիքներու տարածման, որ կ՝ոտնահարէ կազմակերպութեան հեղինակութիւնը:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail