Րաֆֆի Տուտագլեան – Այսօր այնճարցիներով հաւաքուեցանք ու կենացներ խմեցինք։ Մեզմէ մէկը ըսաւ
Րաֆֆի Տուտագլեան – ԱՅՆՃԱՐՑԻՆԵՐՈՎ:
ԱՅՆՃԱՐՑԻՆԵՐՈՎ
Այսօր այնճարցիներով հաւաքուեցանք ու կենացներ խմեցինք։ Մեզմէ մէկը ըսաւ.
երբ փոքր էինք, կը հաւաքուէինք մեր ակումբներուն, թաղերուն ու բակերուն մէջ ու կ՚երազէինք ազատ ու անկախ հայրենիքի մասին։
Կ՚ըսէինք, որ օր մը Հայաստան անկախ պիտի ըլլայ, ու մենք բոլորս հայրենիք պիտի վերադառնանք, ազատ եւ անկախ Հայաստանի կենացը պիտի խմենք…
Հիմա հաւաքուած ենք Հայաստան, տուն-տեղ ենք արդէն։ Դուրսը, մարդիկ կան, որ time warp-ի մէջ մնացած են, դեռ անկախ հայրենիքի երազով կ՚ապրին։
Ուրիշներ մեր բախտին չեն արժանացած, դեռ հեռուէն կը խմեն անկախ հայրենիքի կենացը…
Մաէսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանն ալ իր տունը ունեցաւ հայրենիքի մէջ։ Այս կերուխումը այս ուրախ առիթով է։
Տարոսը աշխարհասփիւռ բոլոր հայերուն։
Րաֆֆի Տուտագլեան