Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքի Գերակայութիւնը – Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքի Գերակայութիւնը

Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքի Գերակայութիւնը – Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքի Գերակայութիւնը

31 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ»»

ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կապանեան մամլոյ ասուլիսը ներհայաստանեան թէժ կէտերուն վրայ հրաւիրեց հայկական լրատուադաշտի քննարկումները` ստուերի տակ ձգելով արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւններուն հայկական կողմին վերաբերող հայեցակարգային կէտերու ճշդումին ուղղութեամբ առնուած քայլը:

Մինչեւ բանակցութիւններու սառեցումը, այսինքն` մինչեւ Ապրիլեան պատերազմ եւ ազրպէյճանական լայնածաւալ ռազմական արկածախնդրութիւն` տարածք, հանրաքուէ, գաղթականներ եւ խաղաղապահ առաքելութիւն, բանակցային կէտեր դրուած էին սեղանի վրայ ԵԱՀԿ-ի միջնորդական առաքելութեան ներքեւ ընթացող հանդիպումներուն: Վարչապետին կողմէ ներկայացուած բանակցային կէտերը մօտաւորապէս փաստաթուղթերու գաղտնազերծուած եւ հրապարակուած բաժիններն են եւ զգայացունց նորութիւն չեն պարփակեր իրենց մէջ: Միակ կարեւոր փակագիծը, խաղաղապահ ուժերու տեղակայման վայրի մասնակիացումն է եւ անոր վերաբերող մանրամասնութիւնը: Այս բաժինը աւելի կ՛առարկայացնէ միջազգային խաղաղապահ առաքելութեան տեղակայման սահմանագիծը եւ Քարվաճառի անցումային յատուկ կարգավիճակը: Փաշինեան կը մանրամասնէ, որ ըստ բանակցային համապատասխան կէտերուն, խաղաղապահ ուժերը պիտի տեղակայուին նախկին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի վարչական սահմաններու երկայնքով, բացառութեամբ Քելբաջարի եւ Լաչինի շրջաններուն մաս կազմող հատուածներու Քելբաջարը կը մնայ ԵԱՀԿ-ի անցումային մշտադիտարկման տակ:

Վերաբանակցելու մեկնարկի համար վարչապետը հրապարակային քննարկումի կը նախաձեռնէ եւ հայկական կողմի որդեգրելիք դիրքորոշումներուն համար թափանցիկութիւն կ՛առաջադրէ: Եղանակը հետեւեալն է. Արցախի ժողովուրդը պէտք է յստակացնէ, թէ համաձա՞յն է, որ բանակցութիւնները ապասառեցուին նոյն կէտերէն մեկնած: Արցախի ժողովուրդին համամտութիւնը ունենալու համար վարչապետը կը դիմէ Արցախի նախագահութեան թեկնածուներուն, որպէսզի իրենք եւս հաստատեն իրենց համաձայն ըլլալը կամ ոչ` ներկայացուած բանակցային կէտերուն:

Այս եղանակին զուգահեռ, Փաշինեան ընդհանուր համաձայնութեան յանգելու համար տարբեր առիթներու կը շեշտէ, որ հակամարտութեան լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն կողմէ: Նման առաջադրանք մը անմիջապէս մտածել կու տայ իրողական գոյավիճակի յաւերժացման միտումի մասին, որովհետեւ բաւական բարդ է պատկերացնել լուծումի մը մասին, որ պիտի բաւարարէ հակամարտող կողմերը: Այս բանաձեւը կ՛ենթադրէ երեք հանրապետութիւններուն մէջ հանրաքուէներու կազմակերպում` ամրագրելու համար ժողովուրդներուն կամարտայայտութիւնը հանգուցալուծման կամ ընդհանուր համաձայնութեան նկատմամբ:

Անմիջական եղանակը, որ կ՛առաջադրուի` Արցախի նախագահական թեկնածուներուն պատկերացումները ունենալն է հակամարտութեան հանգուցալուծման: Ցարդ հրապարակուած արձագանգումները Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի կոչին ընդհանրապէս իրար փոխլրացնող են եւ որեւէ հակասութիւն չեն ներառեր արցախեան խնդրի լուծման առումով գէթ Ստեփանակերտի կողմէ մինչ այժմ ներկայացուած դիրքորոշումներուն: Արցախի կարգավիճակային վերադարձը բացառուած է, իսկ Արցախի Հանրապետութիւնը կը տարածուի այսօրուան փաստացի սահմաններուն վրայ: Այստեղ փաստացի սահմաններ հասկացողութեան որոշ երանգաւորում պէտք է ներառել այն իմաստով, որ հայկական կողմը տակաւին ունի հիւսիսային շրջանը Արցախի Հանրապետութեան վերակցելու օրախնդիր:

Թէ՛ գոյավիճակի երկարաձգման եւ թէ՛ Ստեփանակերտէն պաշտօնապէս կատարուած արձագանգումներուն մէջ զիջումնային որեւէ կէտ չի նշմարուիր: Խնդիրը կը կայանայ իրաւական մօտեցումին վրայ, որ պէտք է գերակշիռ եւ առանցքային դեր ունենայ ընդհանրապէս հայկական կողմի բանակցային հայեցակարգին մէջ:

Հայկական կողմը հետեւողականօրէն ինքնորոշման միջազգային իրաւունքին գերակայութիւն կու տայ բանակցային ամբողջ գործընթացին: Արցախահայութիւնը հանրաքուէով ինքնորոշուած է եւ վճռած հռչակել անկախ հանրապետութիւն: Ինքնորոշման միջազգային իրաւունքի հիման վրայ լուծած է կարգավիճակի խնդիրը: Արցախահայութիւնը գործող Սահմանադրութեան ընդունումով այսօրուան փաստացի սահմաններով եւ ազատագրելի հիւսիսային հատուածով ճշդած է, հետեւաբար ինքնորոշած նաեւ` իր հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը:

Վերաինքնորոշուելու որեւէ առաջարկ խորքին մէջ կը շրջանցէ ինքնորոշման իրաւական կարեւորագոյն հանգամանքները: Իսկ եթէ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքն է հայկական կողմի բանակցային գերակշիռ սկզբունքը, այդ պարագային, յատկապէս յաչս միջազգային հանրութեան ի՞նչ անհրաժեշտութենէ կը բխի Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի կամարտայայտութեան կազմակերպումը: Հասկնալի է, որ իբրեւ բանակցող կողմ Երեւանը պէտք ունենայ իր ժողովուրդի նեցուկին, ներկայացուածութեան, ու համաձայնութեան: Սակայն բանակցային ընկալումով Երեւանը կը մասնակցի իբրեւ Արցախի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորը: Ուրկէ կը վերաբանաձեւուի Ստեփանակերտը բանակցային սեղան վերադարձնելու հրամայականը:

Իրաւական երկու այս հիմնադրոյթներով ալ կը բացատրուին նախագահական թեկնածուներու իրար լրացնող արձագանգումները: Ի վերջոյ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի պետական ոեւէ գործիչ չի կրնար շեղիլ իր անկախութեան հռչակագիրէն եւ սահմանադրական իրաւադրոյթներէն:

Ինքնորոշման միջազգային իրաւունքը կը շարունակէ մնալ հայկական կողմին համար իբրեւ իրաւական սկզբունքի գերակայութիւն` բանակցային փիլիսոփայութեան առանցք: Այս ելակէտէն միայն կրնան վերաշարադրուիլ բանակցային սկզբունքները: Մինչեւ այդ, սակայն, բանակցութիւնները պէտք է կեդրոնանան բացառապէս Ապրիլեան պատերազմի պատճառով միջազգային նախկին պայմանաւորուածութիւնը խախտած շփման գիծի վերագծման եւ այդ գիծի ամբողջ երկայնքի անվտանգութեան երաշխաւորման համաձայնեցուած գործիքակազմի տեղադրման եւ արդիւնաւէտ աշխատեցման հրամայականին վրայ: Իսկ ահա այստեղ Երեւանը ունի բանակցելու ամբողջական իրաւասութիւն` իբրեւ արցախահայութեան անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորը:

«Ա.»

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895

www.aztagdaily.com/archives/463025

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail