Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Յայտարարութիւնը` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախարարներու Հանդիպումին Մասին

Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Յայտարարութիւնը` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախարարներու Հանդիպումին Մասին

31 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ»»

ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները միացեալ յայտարարութիւն հրապարակեցին` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն ունեցած հանդիպումին մասին: Անիկա հրապարակուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները վերահաստատեցին տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ կողմերուն աջակցելու եւ լուծման հոլովոյթի հաւատարմութեան ու գաղտնապահութեան սկզբունքին հանդէպ իրենց լիակատար յանձնառութիւնը:

«28-30 յունուարին Ժընեւի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) առանձին եւ միացեալ ձեւաչափով հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: Հանդիպումներուն մասնակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:

Եռօրեայ արդիւնաւէտ քննարկումներուն ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին օրակարգային հետեւեալ հարցերը. 2019 թուականին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ քննարկուած առաջարկներու իրականացումը եւ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղութեամբ հաւանական յաջորդ քայլերը, ապագայ լուծման հիմք հանդիսացող սկզբունքները եւ տարրերը, լուծման հոլովոյթին յառաջ մղման վերաբերող ժամանակացոյցը եւ օրակարգը:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները վերահաստատեցին տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ կողմերուն աջակցելու եւ լուծման հոլովոյթին հաւատարմութեան ու գաղտնապահութեան սկզբունքին հանդէպ իրենց լիակատար յանձնառութիւնը: Անոնք շեշտեցին արդար եւ մնայուն խաղաղութեան ձեռքբերման համար ստեղծագործ մօտեցման եւ փոխզիջման ոգիի անհրաժեշտութիւնը», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:

Արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են կրկին հանդիպում ունենալ մօտիկ ապագային` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ:

Նշենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյնպէս յայտարարութիւն մը տարածած է` Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին վերաբերեալ:

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895

www.aztagdaily.com/archives/463023

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail