Փորթանթինօ Քալիֆորնիոյ Նահանգապետին Յանձնեց ՀՀ Վարչապետին Հրաւէրը
31 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»
ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կէվին Նիւսըմին յանձնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէր-նամակը։ Նամակը Քալիֆորնիոյ նահանգապետը կը հրաւիրէ Հայաստան այցելելու: Այս մասին կը հաղորդեն Փորթանթինոյի գրասենեակէն:
Սեպտեմբերին, երբ Նիկոլ Փաշինեան եւ Կէվին Նիւսըմ հանդիպում ունեցած էին Նիւ Եորքի մէջ, Հայաստանի եւ Քարիֆորնիոյ միջեւ ստորագրուած էր առեւտրային պատմական յուշագիր մը:
ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Պայպուրտեան նշած էր, որ Ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ սերտ կապեր ունի ե՛ւ Երեւանի, ե՛ւ Սաքրամենթոյի մէջ, ուստի խնդրած էր, որ անձամբ փոխանցէ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրը նահանգապետին:
«Հայաստանն ու Քալիֆորնիան ունին շատ նմանութիւններ, եւ մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի մեծցնենք այս կապը։ Նահանգապետը դրական կապեր ունի Հայ-ամերիկեան համայնքին հետ։ Զգացուած եմ, որ հիւպատոսը ինծի տուաւ հրաւէրը փոխանցելու պարտականութիւնը»,- նշած է Փորթանթինօ։
yerakouyn.com/2020/01/31/փորթանթինօ-քալիֆորնիոյ-նահանգապետին/