Տեղէն շարժելու մեծ յոյսեր չունեցող ինքնաշարժ մը իբրեւ նորագոյն արտադրութիւն վաճառելու փորձերուն կը նմանի «Դարու գործարք»-ը
31 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
«Դարու Գործա՞րք», Թէ՞ «Դարու Կեղծիք»
ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Տեղէն շարժելու մեծ յոյսեր չունեցող ինքնաշարժ մը իբրեւ նորագոյն արտադրութիւն վաճառելու փորձերուն կը նմանի «Դարու գործարք»-ը միջազգային հանրութեան ծախելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի փորձը: Իբրեւ պաղեստինեան հարցին լաւագոյն լուծումը ծանուցուող այս ծրագիրը իրականութեան մէջ ծնունդ առած է ոչ թէ անիրաւուած պաղեստինցիներուն արդար հատուցում ապահովելու մտահոգութիւններէն, այլ` Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի ներքին տագնապներէն:
Ամէն գնով վերընտրուելու եւ ուշադրութիւնը զինք պաշտօնազրկելու ծերակոյտի դատավարութենէն շեղելու պայքար տանող Թրամփ այս անգամ օգնական մը գտած է իրեն նման զեղծարարութիւններով ամբաստանուող այլ ղեկավարի մը` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի մէջ, որ իր կարգին կը յուսայ հրեաներու եւ ամերիկացիներու հեղինակած եւ պաղեստինեան դատը վերջնականապէս թաղելու նպատակ ունեցող այս համաձայնութիւնը շահագործել` անգամ մը եւս իշխանութեան հասնելու իր ջանքերուն մէջ:
Մեծ բան կարելի չէ ակնկալել 28 յունուարին հրապարկուած եւ Թրամփի բնութագրումով` «հոյակապ» այս գործարքէն, պարզապէս որովհետեւ հոն նկատի չեն առնուած անոր գլխաւոր երկու կողմերէն մէկուն` պաղեստինեան իշխանութեան ոչ միայն շահերը, այլ նոյնիսկ` կարծիքները: Անիկա պարզապէս Իսրայէլի բռնագրաւումը արդարացնելու սին փորձ մըն է, որ դատապարտուած է իր սաղմին մէջ մահանալու` քարոզչական աղմուկին անհետացումին հետ:
Յատկանշական է, որ հակառակ ապակողմնորոշող այս ջանքին` Ուաշինկթընի մէջ կան կողմեր, որոնք կը շարունակեն շեշտը դնել բանակցութեան ճամբով համաձայնութեան մը վրայ, որ առնուազն մասնակիօրէն արդար լուծում մը կրնայ բերել պաղեստինեան հարցին: Արդարեւ, Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերուն ատենապետները միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով` յորդորեցին Թրամփը` վերականգնելու երկու կողմերը բանակցութեանց սեղան վերադարձնելու Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը:
www.aztagdaily.com/archives/462979