Մուրատ Փափազեան. «Մաքրոնը Լաւատես Է Արցախեան Տագնապի Լուծման Յառաջընթացի Հարցով»
01 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԿԱԿԱՆ – ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ»»
«Երկիր»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան յայտնեց, որ իրենք ամբողջ տարին կ՛աշխատին Ֆրանսայի քաղաքական վերնախաւին հետ, վերջին քանի մը տասնեակ տարիներուն մշակած են քաղաքական եւ անձնական կապեր երեսփոխաններուն, նախարարներուն եւ, վերջապէս, նախագահներուն հետ:
29 յունուարին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքը, որուն ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, որ իր շուրջ 35 վայրկեան տեւած ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ արցախեան տագնապին, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, անոր ժխտման անթոյլատրելիութեան եւ այլն:
Պատասխանելով «Երկիր»-ի այն հարցումին, թէ ի՛նչ ուղերձներ կը պարունակէր Ֆրանսայի նախագահին ելոյթը` յատկապէս Արցախի վերաբերեալ, Մուրատ Փափազեան նշեց. «Այս բոլորը լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքի արդիւնք է: Հարցերը, որոնք բարձրացուցինք 2019-ին, կը վերաբերէին Արցախի անվտանգութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման: Ասոնք մեզի համար առաջնահերթ են: Ինչո՞ւ. նախ եւ առաջ իրաւունքի հարց է. Արցախի ժողովուրդը ինք հանրաքուէով որոշած է հայեցի ապրիլ իր պապենական հողերուն վրայ: Յիշեցուցինք նաեւ, որ Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի պատերազմական կեցուածքը անկարելի կը դարձնէ որեւէ քայլ: Նախագահ Մաքրոն հասկցաւ եւ ընդունեց այս իրականութիւնը: Յիշեցուցինք, որ Արցախը Հայաստանի վահանն է, եւ, եթէ վտանգուի Արցախը, պիտի վտանգուի նաեւ Հայաստանը»:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը ընդգծեց, որ ֆրանսական քաղաքական վերնախաւին հետ հանդիպումներուն ընթացքին պահանջած են, որ կառավարութեան ներկայացուցիչները դադրեցնեն դատի տալ ֆրանսական քաղաքները, որոնք բարեկամական համաձայնագիրներ կը ստորագրեն Արցախի քաղաքներուն հետ: Անկէ ետք պահանջուեցաւ, որ օրակարգի վրայ դրուի Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման դէմ օրէնքի նախագիծը:
«Երկիր»-ի լրագրողը հարցուց, որ արդեօք կարելի՞ է ակնկալել, որ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը դարձեալ կը դառնայ քրէականօրէն պատժելի` նկատի ունենալով Մաքրոնի դիրքորոշումն ու վերաբերմունքը Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին նկատմամբ (Մաքրոնի նախագահութեան ժամանակ էր, որ Ֆրանսան Ապրիլ 24-ը յայտարարեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման օր). Մուրատ Փափազեան ըսաւ, որ ատիկա Մաքրոնի խոստումներէն մէկն է, եւ 2020-ը պիտի դառնայ աշխատանքային տարի Ֆրանսայի կառավարութեան հետ:
«Մեր եւ իրենց մասնագէտները պիտի աշխատին` սահմանադրական լուծումներ գտնելու համար: Չմոռնանք, որ Թուրքիան լրջօրէն կ՛աշխատի մեզի դէմ` վնասելու մեր աշխատանքին», նշեց Փափազեան:
30 յունուարին կայացաւ Մաքրոն-Ալիեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, որուն ընթացքին քննարկման առարկայ եղաւ նաեւ արցախեան տագնապի լուծումը: Անդրադառնալով այդ զրոյցին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշեց. «Նախագահ Մաքրոն հաստատեց, որ Ֆրանսան կ՛աշխատի լրջօրէն: Նախագահը բաւական լաւատես է եւ յոյս ունի, որ 2020-ը դրական տարի պիտի ըլլայ»:
Ընթրիքին ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ առանձնազրոյց ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահին հետ. «Նախագահ Մաքրոնին ներկայացուցինք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ գնահատեց Ֆրանսայի եւ ֆրանսահայութեան միջեւ առկայ բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները: Նախագահ Մաքրոն տպաւորուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` իբրեւ միջազգային կառոյցի, դերով եւ գործունէութեամբ: Մաքրոն լաւապէս հասկցաւ ՀՅԴ-ի կարեւորութիւնը` ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն», խօսքը եզրափակեց Մուրատ Փափազեան:
aztagdaily.com/archives/463178