Այն Ասատի Դէմ Իրանեան Յարձակումէն Վիրաւորուած Ամերիկացի Զինուորներուն Թիւը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

Այն Ասատի Դէմ Իրանեան Յարձակումէն Վիրաւորուած Ամերիկացի Զինուորներուն Թիւը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

01 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «««APPLICATION for membership of the Republic of Western Armenia (the State of Armenia) in the United Nations»»»

GÉNOCIDE ARMÉNIEN – LE DÉNI EST LE DERNIER ACTE D’UN GÉNOCIDE

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը, Փենթակոնը հաղորդեց, որ Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայանին դէմ Իրանի` հրթիռներով կատարած յարձակումէն վիրաւորուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը կը բարձրանայ:

Փենթակոն նշեց, որ հրթիռակոծումին պատճառով ուղեղային ցնցում ունեցած ամերիկացի զինուորներուն թիւը մինչեւ օրս 64 է եւ չորեքշաբթի օրուընէ ի վեր բարձրացած է 14-ով:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր դերգնդապետ Թամըս Քամպըլ չորեքշաբթի օր Իրաքի արեւմուտքը գտնուող Այն Ասատ ռազմակայանին դէմ իրանեան յարձակումին պատճառած վիրաւորներուն մասին հաղորդագրութեան մը մէջ ըսած էր. «Մինչեւ օրս 50 ամերիկացի զինուորներ ախտանշուած են ուղեղային ցնցումով», որուն շարքին են` գլխացաւ, ուղեղի ցնցում, գլխապտոյտ, լոյսի նկատմամբ դիւրազգացութիւն եւ փսխուք:

Քամպըլ յայտնած էր, որ նշեալ 50 զինուորներէն 31-ը դարմանուած են Իրաքի մէջ եւ վերադարձած զինուորական ծառայութեան, իսկ 18 ուրիշներ փոխադրուած են Գերմանիա` յաւելեալ ախտորոշման եւ դարմանումի համար:

Մէկ զինուոր փոխադրուած է Քուէյթ ու վերադարձած զինուորական ծառայութեան: Օրին Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը նշած էր. «Ասիկա հակիրճ ակնարկ մըն է, եւ թիւերը կրնան փոխուիլ»:

Փենթակոն անցեալ ուրբաթ այս հարցին շուրջ այլ հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարած էր, թէ վիրաւորներուն թիւը 34 է:

Մինչ Իրան խօսած էր 80 ամերիկացի զինուորներու սպանութեան մասին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ ամերիկացի այլ պաշտօնատարներ սկիզբը յայտնած էին, որ 8 յունուարին Իրանի գործած յարձակումին պատճառով ոեւէ ամերիկացի զինուոր չէ զոհուած կամ վիրաւորուած:

Թրամփ անցեալ շաբաթ փորձեց մեղմացնել այդ իրողութիւնը` նշելով. «Լսեցի, թէ գլխացաւ ու կարգ մը այլ հարցեր ունեցած են»:

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895

www.aztagdaily.com/archives/463205

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail