«Մաքրոն Հասկցաւ Եւ Ընդունեց՝ Արցախի Դէմ Ատրպէյճանի Կեցուածքը Անկարելի Կը Դարձնէ Որեւէ Քայլ». Մուրատ Փափազեան
01 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան յայտնեց, որ իրենք ամբողջ տարին կ՛աշխատին Ֆրանսայի քաղաքական վերնախաւին հետ, վերջին քանի մը տասնեակ տարիներուն մշակած են քաղաքական եւ անձնական կապեր երեսփոխաններու, նախարարներու եւ, վերջապէս, նախագահներուն հետ։
29 Յունուարին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքը, որուն ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, որ շուրջ 35 վայրկեան տեւած ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ Արցախեան տագնապին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, նաեւ ժխտման անթոյլատրելիութեան եւ այլն:
Պատասխանելով «Երկիր»ի այն հարցումին, թէ ի՛նչ ուղերձներ կը պարունակէր Ֆրանսայի նախագահին ելոյթը՝ յատկապէս Արցախի վերաբերեալ, Մուրատ Փափազեան նշեց. «Այս բոլորը լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքի արդիւնք են: Հարցերը, զորս բարձրացուցինք 2019ին, կը վերաբերէին Արցախի անվտանգութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման: Ասոնք մեզի համար առաջնահերթ են։ Ինչո՞ւ. նախ եւ առաջ իրաւունքի հարց է. Արցախի ժողովուրդը ինք հանրաքուէով որոշած է հայեցի ապրիլ իր պապենական հողերուն վրայ: Յիշեցուցինք նաեւ, որ Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի պատերազմական կեցուածքը անկարելի կը դարձնէ որեւէ քայլ: Նախագահ Մաքրոն հասկցաւ եւ ընդունեց այս իրականութիւնը: Յիշեցուցինք, որ Արցախը Հայաստանի վահանն է, եւ, եթէ վտանգուի Արցախը, պիտի վտանգուի նաեւ Հայաստան»:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը ընդգծեց, որ քաղաքական վերնախաւին հետ հանդիպումներուն ընթացքին իրենք պահանջած են, որ կառավարութեան ներկայացուցիչները դադրեցնեն դատի տալ ֆրանսական քաղաքները, որոնք բարեկամական պայմանագիրներ կը ստորագրեն Արցախի քաղաքներուն հետ: Անկէ ետք պահանջուեցաւ, որ օրակարգի վրայ դրուի Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ օրէնքի նախագիծը:
«Երկիր»ի լրագրողը հարցուց, որ արդեօք կարելի՞ է ակնկալել, որ Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը դարձեալ կը դառնայ քրէականօրէն պատժելի՝ նկատի ունենալով Մաքրոնի դիրքորոշումը եւ վերաբերմը Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին նկատմամբ (Մաքրոնի նախագահութեան ժամանակ էր, որ Ֆրանսան Ապրիլ 24ը յայտարարեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման օր). Մուրատ Փափազեան ըսաւ, որ այդ Մաքրոնի խոստումներէն մէկն է, եւ 2020ը պիտի դառնայ աշխատանքային տարի Ֆրանսայի կառավարութեան հետ:
«Մեր եւ իրենց մասնագէտները պիտի աշխատին՝ սահմանադրական լուծումներ գտնելու համար: Չմոռնանք, որ Թուրքիա լրջօրէն կ՛աշխատի մեզի դէմ՝ վնասելու մեր աշխատանքը», նշեց Փափազեան:
30 Յունուարին տեղի ունեցաւ Մաքրոն-Ալիեւ հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկման առարկայ եղաւ նաեւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորումը: Անդրադառնալով այդ զրոյցին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը ըսաւ. «Նախագահ Մաքրոն մեզի հաստատեց, որ Ֆրանսա կ՛աշխատի լրջօրէն: Նախագահը բաւական լաւատես է եւ յոյս ունի, որ 2020ը դրական տարի պիտի ըլլայ»:
Ընթրիքին ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ առանձնազրոյց ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահին հետ. «Նախագահ Մաքրոնին ներկայացուցինք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ գնահատեց Ֆրանսայի եւ ֆրանսահայութեան միջեւ եղած բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները: Նախագահ Մաքրոն տպաւորուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան՝ իբրեւ միջազգային կառոյցի, դերով եւ գործունէութեամբ: Մաքրոն լաւապէս հասկցաւ ՀՅԴի կարեւորութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն», խօսքը եզրափակեց Մուրատ Փափազեան:
asbarez.com/arm/363093/Մաքրոն-Հասկցաւ-Եւ-Ընդունեց՝-Արցախի-Դ/