Վարուժ Թէնպէլեան – Տեսակէտ – ԱՐՏԱԳԱՂԹ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԷՆ
Վարուժ Թէնպէլեան – Տեսակէտ – //azadkhosk.com//
««ՀԱՒԱՏԻ ԵՒ ԲԱԺՆԷ ՈՐ ՏԻՐԵՍԻ ՄԱՍԻՆ – Վերջ ի վերջոյ հաւաքական ուժը աւելի զօրեղ է , քան անհատականը»»
Հայաստանի դիմագրաւած ամէնէն սուր տագնապը կը նկատուի արտագաղթի երեւոյթը, որովհետեւ հայրենիքներու գոյութեան առաջին երաշխիքը ժողովուրդն է, որ կը սահմանէ անոր գոյութեան եւ գոյատեւումին բոլոր ստորոգելիները՝ ներառեալ պետականութիւնը, անվտանգութիւնը, տնտեսութիւնը, քաղաքական համակարգը, բանակը, ամէն ինչ:
Այս իմաստով, արտագաղթի պատճառներուն սրբագրութիւնը եւ արտագաղթը ներգաղթի վերածելու հրամայականը կը նկատուի մեկնակէտ, առաջնահերթութիւն հայրենաշինութեան նպաստող հաւաքական բոլոր աշխատանքներուն համար:
Այս մտահոգոգութիւնը արդէն իսկ առանցքային տեղ կը գրաւէ Հայաստանի այժմու ղեկավարութեան մօտ, եւ փտածութեան կողքին, հիմնական պատճառներէն մէկն է թաւշեայ յեղափոխութեան ծաւալումին:
Իսկ սփիւռքը եւ հոն ապրող բազմաթիւ մտաւորականներ, անշուշտ արդարօրէն, մնայուն ահազանգ կը հնչեցնեն Հայաստանէն արտագաղթի երեւոյթին եւ անոր հետեւանքներուն մասին՝ ընդհանրապէս անգիտանալով կամ գիտնալով ու անտեսելով, որ սփիւռքը իր կարգին կը դիմագրաւէ արտագաղթի մտահոգիչ տագնապ մը:
Այո՛, արտագաղթը համատարած երեւոյթ է սփիւռքի գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ:
Բնականաբար խօսքը չի վերաբերիր երկրէ երկիր, գաղութէ գաղութ կատարուող տեղաշարժներուն:
Այլ՝
Արտագաղթ՝ հայկական քաղաքական կառոյցներէն:
Արտագաղթ՝ հայ դպրոցէն:
Արտագաղթ՝ հայ մշակոյթէն:
Արտագաղթ՝ հայ եկեղեցիէն:
Այս արտագաղթը կրնայ նոյնքան վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ որքան Հայաստանէն արտագաղթը՝ հայութեան ամբողջականութեան պահպանման տեսակէտէն:
Կրնայ անմիջապէս առարկուիլ որ այս ի՞նչ բաղդատութիւն է, եւ ամբջողովին տարբեր են Հայաստանի եւ սփիւռքի պայմանները:
Կրնայ առարկուիլ որ տարբեր է սփիւռքի միջավայրը՝ կլանող ու օտարացնող:
Տակաւին կրնայ առարկուիլ որ քաղքենի բարքերը կեդրոնախոյս տրամադրութիւններ կը զարգացնեն:
Եւ դեռ կրնայ առարկուիլ, որ կարգ մը գաղութներու մէջ տեղի ունեցած քաղաքական ցնցումները աւելի եւս տարտղնեցին հայութիւնը եւ նպաստեցին այլասերումին…
Այս բոլորը ճիշդ են եւ քանի որ ճիշդ են՝ ուրեմն յանցաւորը ժողովուրդն է որ կը նահանջէ «բանիւ եւ գործով», ինչպէս պիտի ըսէր Շահնուր, ժողովուրդն է որ կ’արտագաղթէ հայ քաղաքական կառոյցներէն, հայ դպրոցէն, հայ մշակոյթէն, հայ եկեղեցիէն, եւ Սամուէլ Պէքէթի «Կոտոն» սպասելու պէս, կը սպասենք որ հեռացողը, արտագաղթողը զգաստութեան գալով վերադառնայ…
Կը սպասենք ու կը փակենք էջը՝ զարմանալով որ յաջորդ տարին արտագաղթողներու նոր հոսք մը կայ…կը դատապարտենք արտագաղթողը… եւ դպրոց մը կը փակենք ու մշակութային միութիւն մը կը գոցենք…
Եթէ հօտը սկսած է տարտղնուիլ եւ խումբէն փախուստ տուողներ կան…է՜հ, ուր է՞ հովիւը, ի՞նչ կ’ընէ կասեցնելու համար փախուստը:
Կամ ալ ծերացած է ու տեղէն շարժելու սիրտ չունի: Կամ ալ փոփոխութենէն կը վախնայ:
Հաշուետուութեան կարգով հայրենի մեր ժողովուրդը եկաւ ըսելու որ արտագաղթին պատասխանատուն միայն ժողովուրդը չէ, եւ աւելին՝ կառավարողներու վերնախաւը, իր այլասերած գործելաձեւով եւ անտեսելով ժողովուրդին եւ երկրին գերագոյն շահերը, կողոպտած էր տնտեսութեան մեծ մասը եւ սահմանափակած էր քաղաքական մտքի ազատ զարգացումը:
Արդեօք ժամանակը հասած չէ՞ որ սփիւռքեան կառոյցներէն արտագաղթին համար պատասխանատուներ փնտռենք նաեւ «յանցաւոր» ժողովուրդէն դուրս:
Այսօր հայահոծ գաղութները կը փոքրանան ոչ միայն գաղութէ գաղութ տեղաշարժներուն պատճառով, այլեւ «կառավարման կառոյցներէն» տեղի ունեցող նեքին արտագաղթին պատճառով՝ փաստօրէն յառաջացնելով երկու տարբեր «գաղութներ» աշխարհագրական նոյն տարածքին մէջ: եւ ճիշդ չէ արտագաղթողներու «գաղութը» որակել քաղքենիներու, այլասերածներու եւ օտարացածներու համախմբում՝ մէկ կողմէ անտեսելով անոնց արտագաղթին տուն տուող պատճառները, եւ միւս կողմէ մերժելով անոնց վերանորոգ ինքնութեան փնտռտուքի իրաւունքը եւ անոնց մէջ չտենելով ազգային, կրթական ու մշակութային ներուժը, որ մեծ ներդրումներ կրնայ ունենալ ազգային կեանքի վերաորակաւորման մէջ:
Նորամուտ այս «գաղութներուն» մէջ արդեօք քի՞չ է թիւը արուեստագէտներու, մտաւորականներու, քաղաքական ու հանրային գործիչներու, մարզիկներու, որոնց իրագործումները կ’ընկալենք հպարտութեամբ եւ կը ծափահարենք անոնց իրագործումներուն իբրեւ ազգային հարստութիւններ: Տակաւին, արդեօք քիչ է՞ թիւը անոնց որոնք իրենց ներդրումը կը բերեն մայր հայրենիքի վերելքին:
Հարց կու տանք որ արդեօք ծերացած հովիւը այլեւս չի կրնա՞ր տիրութիւն ընել իր հօտին:
Արդեօք ծերացած ու շատոնց ժամանակավրէպ չէ՞ եղած 1860-1863 օսմանցի սուլթաններուն կողմէ պարտադրուած «ազգային սահմանադրութեան» կառավարման եղանակը: Յետ Եղեռնի շրջանին թերեւս ժամանակաւոր անհրաժեշտութիւն էր այդ դրութեան որդեգրումը, բայց ժամանակի թաւալումին եւ հայ հասարակագիտական ու քաղաքական մտքի ինչպէս նաեւ կենցաղային պայմաններու զարգացման զուգահեռ չզարգացաւ գաղութներու կառավարման եղանակը՝ մեծ ճեղք մը յառաջացնելով յաջորդական սերունդներուն եւ «կառավարման հին կառոյցին» միջեւ, որ քիչ մը «օսմանապետական իշխանավարութիւն» կը յուշէ:
Արդեօք հաշուետուութեան եւ հաշուառութեան թափանցիկ համակարգի բացակայութիւնը գաղութներու ղեկավարման գործընթացին մէջ դերակատար չէ՞ այս ներքին արտագաղթի զարգացման մէջ:
Արդեօք ժողովրդավար յարաբերութեան բացակայութիւնը ներքին արտագաղթը աւելի չի դիւրացնե՞ր կամաց-կամաց անկախ մտածումի տէր դարձող յաջորդական սերունդներուն համար:
Սփիւռքահայը արդեօք կարծիք ունի՞ գաղութներու ղեկավարման դրութեան բարեփոխութեան մասին: Կրնա՞յ մասնակից դառնալ:
Կ’ուզէ՞ մասնակից դառնալ ծերացած կառոյցին մէջ առանց փոփոխութեան հեռանկար տեսնելու:
Շատերու համար թապու են այս հարցադրումները, իսկ ուրիշներ հերետիկոսութիւն պիտի նկատեն զանոնք՝ յաւելեալ ջուր լեցնելով ներքին արտագաղթի ջաղացքին:
Բայց ժամանակը հասած է որ այս մտահոգութիւնները բարձրաձայն արտայայտուին ու արծարծուին՝ նախքան որ արտագաղթող կողմը դառնայ մեծամասնութիւն, եթէ արդէն չէ դարձած, իսկ հինին կառչած կողմը յանկարծ շուրջը նայելով նշմարէ՝ որ աւերակներուն վրայ կը «թագաւորէ»:
Վարուժ Թէնպէլեան
azadkhosk.com/desaged9805.html