Պաշտպանութեան հարցերու հայութեան հաւաքական ներուժի կազմակերպման խնդիրներու վերաբերեալ
Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ համաժողով-18.09.2017թ – Ազգ-բանակ – հաւաքական ներուժի զարգացման օրինակ
Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ համաժողով
II ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ – ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ,
2.1 «Ազգ-բանակ». հաւաքական ներուժի զարգացման օրինակ
Արմէնակ Հարմանտայեան. «Պաշտպանութեան հարցերու հայութեան հաւաքական ներուժի կազմակերպման խնդիրներու վերաբերեալ»
Համաժողովին կ՛ուզէինք փոխանցել այն գաղափարը, որ երկար ժամանակ երազած էինք… զանազան երկիրներու մէջ համայնքներու բաժնուած Հայը ուր որ ալ ըլլայ պէտք է միաւորուի, հաւաքական մեր իղձերու իրականացման աշխատանքներուն շուրջ, ինքնակազմակերպելու եւ մանաւանդ զինուորական պատրաստութեամբ զբաղելու, կ՛առաջարկենք անտերկրի հայերուն օժտել ռազմական գործի նախնական գիտելիքներով, որ ան պէտք է կազմակերպուի ոչ միայն գաղափարական բաղադրիչներով, այլեւ պետական, իրաւական եւ գործնական համաձայնուած ծրագիրներով:
Այսինքն, անտերկրի հայերուն իրաւասութիւն տալ տիրապետելու զինուորական գիտելիքներու, բաւարար չէ ժամանակաւոր` 15 օրուայ ծրագիրներով, այսինչ կամ այնինչ կազմակերպութեանց միջոցով, այլ հնարաւորութիւն տալ անխտիր բոլոր կամաւորներուն:
Պէտք է մշակենք եւ ունենանք մնայուն, երկարատեւ, խելամիտ ծրագիրներ.
-Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակը մեզ կը յուշէ համախմբուիլ մեր ունեցած կարողութիւններու շուրջ,
-Աշխատանք տանիլ զինուորական մարզումի ճամբարներ ստեղծելու արտերկրի համայքներուն համար:
-Մարզումի ենթարկել 14 տարեկանէն սկսեալ բոլոր պատանիներուն ու պարմանուհիներուն:
Խօսքն ուղղելով համաժողովի մասնակիցներուն եւ մանաւանդ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշպանութեան նախարարութեան՝ ոչ թէ կը խնդրենք, այլ կը պահանջենք թիկունք կանգնիլ, բարոյապէս եւ նիւթապէս օգնելով այս ծրագիրներու իրականացմանը:
Հարմանտայեան Արմէնակ
18.09.2017թ.
E-mail: harmandayan.armenag@hotmail.fr