Ակնարկ. «Դարու Գործարք»-ի Թիրախները.՛ Լիբանանեան Եւ Հայկական Հայեցակէտեր
03 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԱԿՆԱՐԿ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
«Դարու գործարք»-ի քաղաքական թայմինկը վերլուծաբանական առումով որոշակի հունաւորումի կ՛առաջնորդէ: Թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ Իսրայէլի ղեկավարները վերընտրութեան խնդիր կը դիմագրաւեն: Եթէ առաջինը պէտք ունի հրէական լոպիիստական խումբերու ամբողջական զօրակցութեան, ապա երկրորդը պէտք ունի անբաժանելի Երուսաղէմի ամրագրումը կատարող ամերիկեան որոշումի մը` ներքին ընտրական շուկային վրայ իբրեւ կարեւոր պահանջարկ կայանալու:
Գործարքը երկկողմանիօրէն իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ անպայման, եւ այս առումով Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի հաշուարկները քաղաքական տրամաբանութեան վրայ կը յենին: Սակայն ընտրական նպատակներով կատարուած այս թիրախաւորումը անպայման յետընտրական ժամանակահատուածին նոյն ուժգնութեամբ կրնայ չհետապնդուիլ: Երեք գերակայ ուղղութիւն ներառուած է խնդրոյ առարկայ գործարքին մէջ: Առաջինը Երուսաղէմի անբաժանելիութիւնն է: Երկրորդը պաղեստինեան հիմնական տարածքներու վրայ իսրայէլեան գերիշխանութեան հաստատում եւ երրորդը` պաղեստինցի գաղթականներու տեղւոյն երկիրներուն մէջ վերջնական բնակեցումը:
Գործարք մը, սակայն, սկզբունքով տեղի կ՛ունենայ հակամարտող կողմերու միջեւ: Այստեղ խօսքը միակողմանի գործարքի մասին է: Մինչ յատկապէս նման տարողութեամբ նոր համաձայնութիւն մը կ՛ենթադրէ երկկողմ ձեւաչափ, թէկուզ միջնորդաւորուած կամ աւելի ճիշդը` երաշխաւորուած: Այստեղ համաձայնութիւնը մէկ կողմին եւ գլխաւոր երաշխաւորին միջեւ է:
Երկրորդ կարեւոր դիտարկումը այն է, որ Ուաշինկթընն ու Թել Աւիւը այս ձեւով ո՛չ միայն երրորդ կողմի հաշուոյն որոշում կը կայացնեն, այլ կ՛ոտնահարեն նախկին միջազգային համաձայնագիրները: Օսլոյէն Քեմփ Տէյվիտ եւ ապա միջազգային տարբեր ատեաններու մէջ կատարուած վերաբանաձեւումներ այս ձեւով առ ոչինչ կը յայտարարուին` միջինարեւելեան տարածաշրջանը առաջնորդելով դէպի նոր ցնցումներ:
Լիբանանեան դիտանկիւնէ երրորդ ուղղութիւնը յաւելեալ լուսարձակներ կը հրաւիրէ իր վրայ: Անիկա կը վերաբերի ուղղակիօրէն Լիբանանի մէջ տեղակայուած պաղեստինցի գաղթականներուն լիբանանեան հասարակութեան ամբողջական ներառումին: Այստեղ եւս թայմինկը որոշ յուշումներ կ՛ընդգծէ: Ֆինանսատնտեսական խոր տագնապ ապրող Լիբանանը նման որոշումի մը ընդառաջ երթալու պարագային կը ստանայ համապատասխան լայնածաւալ օժանդակութիւն: Մինչ գործարքը կը բախի համալիբանանեան ու համաարաբական մերժումի եւ դժգոհութեան, Հըզպալլա-Ուաշինկթըն քաղաքական պատերազմը առաջին կողմի պարագային նոր ուժերով համալրուելու նախադրեալներ կ՛ամփոփէ: Ուաշինկթընի այս որոշումը կը մերժեն լիբանանեան բոլոր կողմերը: Նաեւ` արաբական երկիրները:
Պաղեստինցներու Լիբանան վերջնական բնակեցումը եթէ մէկ կողմէ կը կանխարգիլէ պաղեստինեան տարածքներու վրայ ժողովրդագրական պատկերի կարեւոր փոփոխութիւնը, միւս կողմէ կը ծառայէ սիւննի համայնքի նշանակալի բազմապատկումին, ի հակակշիռ շիի դաւանանքին հետեւող եւ քաղաքական հզօր գործօնի հանգամանք ունեցող զանգուածին:
Տնտեսական օժանդակութիւններու տրամադրումի պայմանականութիւնը կը թուի, որ պիտի չսահմանափակուի միայն իրանամէտ կազմակերպութեան չէզոքացման ակնկալիքով, այլ նաեւ պաղեստինցիներու վերջնական բնակեցումով: Մինչ այդ, պիտի շարունակուին տնտեսական սեղմումները:
Երկրորդ ուղղութիւնը հայկական դիտանկիւնէ կը յուշէ զգուշաւոր մօտեցում` իրադարձութիւններուն գնահատական տալու կամ ընդհանրապէս մեկնաբանելու պահուն: Պաղեստինեան տարածքներու վրայ իսրայէլեան գերիշխանութիւնը ընդունելու ամերիկեան որոշումը հերթական անգամ կ՛ոտնահարէ միջազգային իրաւունքը, յատկապէս ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը: Միջազգային նախադէպեր պէտք չէ վերստեղծել դարեր շարունակ ժողովուրդով մը բնակուած տարածքները բռնակցելով կամ հակամարտողին գերիշխանութիւնը ճանչնալով: Ինքնորոշման իրաւունքի յարգումը այլոց պարագային անհրաժեշտ քայլ է սեփական իրաւունքներ պաշտպանելու համար:
Պարզ է, որ շահերու համընկնումները կ՛առաջնորդեն գործարքներու: Գործարքներու իրականացումները եւս կ՛ենթարկուին տարբեր ելեւէջներու, երբեմն նոյնիսկ առկախումներու: Խնդիրը` հայկական ոսպնեակով առարկայական դիտարկումներ կատարելն ու ըստ այնմ կողմնորոշուիլն է:
«Ա.»
www.aztagdaily.com/archives/463370