Պաքուի Հայ Բնակչութեան Ջարդերու 30-րդ Տարելիցին Առիթով ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հայկական Պատուիրակութեան Յայտարարութիւնը

Պաքուի Հայ Բնակչութեան Ջարդերու 30-րդ Տարելիցին Առիթով ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հայկական Պատուիրակութեան Յայտարարութիւնը

03 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ»»

GÉNOCIDE ARMÉNIEN – LE DÉNI EST LE DERNIER ACTE D’UN GÉNOCIDE

Պաքուի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերու 30-րդ տարելիցին առիթով ԵԽԽՎ-ի մէջ հայկական պատուիրակութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ նշուած է.

«13-էն 19 յունուար 1990-ին Խորհրդային Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ ապրող հարիւր հազարաւոր հայեր ենթարկուեցան զանգուածային ջարդերու, ազգութեամբ հայ բնակչութեան դէմ եղան կազմակերպուած յարձակումներ, ինչ որ Ազրպէյճանի քաղաքականութեան դրսեւորումն էր: Հարիւրաւոր հայեր սպաննուեցան, հետապնդուեցան եւ տեղահանուեցան: Ոչնչացման սպառնալիքի ներքեւ շուրջ 250.000 հայ ստիպուած եղաւ փախուստի դիմել Ազրպէյճանէն:

Պաքուի ջարդերը դարձան հայերու հանդէպ ազգայնամոլութեան եւ այլատեացութեան (հայատեացութեան) պետական քաղաքականութեան գագաթնակէտը: Հակառակ միջազգային հանրութեան, մարդու իրաւունքներով զբաղող միջազգային կազմակերպութիւններու եւ Եւրոպական խորհրդարանի (1988, 1990, 1991-ի բանաձեւերուն) արձանագրած փաստերուն` Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը հերքեն այս յանցագործութիւնները, կը խուսափին պատասխանատուութենէ: Այդ վայրագութիւններէն 30 տարի ետք չկայ յարգանք եւ կարեկցանք Ազրպէյճանի մէջ հայկական ջարդերուն զոհերուն նկատմամբ: Այն ազրպէյճանցիները, որոնք փորձեցին խօսիլ ջարդերուն մասին, պաշտօնապէս կը նկատուին դաւաճաններ:

Այս առնչութեամբ, մենք`

– կ՛ոգեկոչենք Պաքուի ջարդերու զոհերու յիշատակը,

– կը դատապարտենք ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան որեւէ դրսեւորում,

– կը վերահաստատենք, որ մարդկութեան նկատմամբ գործուած յանցագործութիւնները վաղեմութեան ժամկէտ չունին, եւ կը շեշտենք, որ նախապէս գործուած յանցագործութիւններու դատապարտումը ամէնէն կարեւոր երաշխիքն է նոր յանցագործութիւնները կանխելու համար,

– կը դատապարտենք, որ ջարդերու կազմակերպիչները եւ հրահրողները տակաւին պատասխանատուութեան չեն ենթարկուած», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ընդհանուր յայտարարութեան միացած են նաեւ (ստորագրած են) ԵԽԽՎ-ի շարք մը երեսփոխաններ` տարբեր երկիրներէ եւ տարբեր քաղաքական խումբերէ:

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

www.aztagdaily.com/archives/463354

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail