Արաբական Լիկան Միաձայնութեամբ Մերժեց «Ամերիկեան-Իսրայէլեան «Դարու Գործարք»-ը»

Արաբական Լիկան Միաձայնութեամբ Մերժեց «Ամերիկեան-Իսրայէլեան «Դարու Գործարք»-ը»

03 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

Արաբական լիկան շաբաթ օր Գահիրէի մէջ իր գումարած արտակարգ ժողովին ընթացքին մերժեց «Ամերիկեան-իսրայէլեան «Դարու գործարք»-ը»:

Լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով գումարուած ժողովին ընթացքին միաձայնութեամբ որդեգրուած որոշումը մերժեց գործարքը, «որովհետեւ պաղեստինցի ժողովուրդին նուազագոյն իրաւունքները չ՛ապահովեր եւ կը հակասէ խաղաղութեան հոլովոյթի սկզբունքներուն, որոնք հիմնուած են միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի որոշումներուն վրայ»:

Արաբական լիկան զգուշացուց Իսրայէլի կողմէ գործարքի գործադրումը` անտեսելով միջազգային օրինականութեան որոշումները, եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց դէմ դնելու իսրայէլեան կառավարութեան կողմէ գետնի վրայ որդեգրուելիք որեւէ քայլի:

Արաբ արտաքին գործոց նախարարները ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեցին պաղեստինցի ժողովուրդին եւ անոր ազգային ղեկավարութեան` ընդդէմ այս գործարքին եւ որեւէ այլ գործարքի, որ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքները կ՛ոտնահարէ:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ժողովին ընթացքին յայտարարեց Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ բոլոր յարաբերութիւններուն, որոնց կարգին ապահովական յարաբերութիւններուն խզումը` աւելցնելով, որ պիտի ձերբազատի իր յանձնառութիւններէն, որոնք ստանձնած է Օսլոյի համաձայնութեան հիմամբ, որ Իսրայէլ ամերիկեան խաղաղութեան ծրագիրը որդեգրելով ջնջած է:

Ապպաս իր խօսքին մէջ նաեւ Իսրայէլին կոչ ուղղեց` այսուհետեւ ստանձնելու իբրեւ պաղեստինեան հողերը բռնագրաւող իր պատասխանատուութիւնը:

Ամերիկեան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը շաբաթ օր քննադատեց Արաբական լիկային կողմէ «Դարու գործարք»-ի մերժումը` նշելով, որ ատիկա պաղեստինցի ժողովուրդին օգուտ պիտի չբերէ:

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895

www.aztagdaily.com/archives/463379

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail