Առնուազն Հինգ Երկիր Միացած Է Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներուն Որդեգրման Եւրոպական Միութեան Գործիքակազմին
03 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Առնուազն հինգ երկիր միացած է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու որդեգրման համար Եւրոպական Միութեան գործիքակազմին` Կիպրոսի ծովափին մօտ Կիպրոսի Հանրապետութեան բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ այդ երկրի անօրինական երկրաբանական հետախուզական աշխատանքներուն պատճառով: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է 31 յունուարին Եւրոպական խորհուրդին հրապարակած մամլոյ տեղեկագիրին մէջ:
«Եւրոպական Միութեան անդամակցելու թեկնածու երկիրները` Հիւսիսային Մակեդոնիան, Մոնթենեկրոն, Սերպիան եւ Ալպանիան, ինչպէս նաեւ Եւրոպական տնտեսական գօտիի անդամ Իսլանտան միացած են այդ որոշումին», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Այժմ յիշեալ երկիրները պարտաւոր պիտի ըլլան իրենց քաղաքականութիւնը համաձայնեցնելու տուեալ որոշումին հետ: Անցեալ տարուան նոյեմբերին Եւրոպական Միութեան կողմէ հաստատուած գործիքակազմը կ՛արտօնէ պատժամիջոցներ հաստատել այն անհատներուն ու ընկերութիւններուն դէմ, որոնք պատասխանատու են ածխածնային հարստութիւններու երկրաբանական հետախուզութեան հետ առնչուած հորատման աշխատանքներու իրականացման համար, որոնք արտօնուած չեն Կիպրոսի կողմէ իր բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ: Բացի ատկէ, պատժամիջոցներու տակ կրնան յայտնուիլ այն անհատներն ու ընկերութիւնները, որոնք ելեւմտական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Թուրքիոյ այդ գործունէութեան: Եւրոպական Միութիւնը Անգարայի դէմ առաջին նախազգուշական պատժամիջոցները հաստատած էր 15 յուլիսին` կրճատելով ելեւմտական աջակցութիւնը եւ կասեցնելով բանակցութիւննեը օդային փոխադրումներու մասին համաձայնագիրին շուրջ:
www.aztagdaily.com/archives/463371