ՄԱԿ-Ի Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ` Անմիջապէս Դադրեցնելու Եմէնի Մէջ Զինուորական Գործողութիւնները
03 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրեց հաղորդագրութիւն մը, որ կոչ ուղղէ անմիջապէս դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները, որոնք կը սպառնան Եմէնի մէջ քաղաքական հոլովոյթին:
Ապահովութեան խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց Նահամի եւ Ժաուֆի մէջ բռնարարքներու աճին ու քաղաքայիններուն վրայ անոնց ազդեցութեան նկատմամբ: Այդ շրջաններու քաղաքացիներէն հազարաւորներ վերջին քանի մը օրերուն տեղահանուած են:
Խորհուրդը նաեւ շեշտեց դեկտեմբեր 2018-ին Շուէտի մէջ ստանձնուած յանձնառութիւններուն հիմամբ Հտէյտայի մէջ զինադադարի պահպանման կարեւորութիւնը:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները կոչ ուղղեցին վերջ տալու մարդասիրական մարզի գործիչներուն դէմ ահաբեկումի բոլոր գործողութիւններուն եւ երաշխաւորելու մասնաւորաբար երկրի հիւսիս անարգել հասանելիութիւնը:
Ապահովութեան խորհուրդը այս հաղորդագրութիւնը հրապարակեց Բրիտանիոյ պահանջով գումարուած արտակարգ նիստէ մը ետք:
www.aztagdaily.com/archives/463378